ԺԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Վեսթի»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք յաջողած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Հայաստանի հետ դիրքորոշումները մերձեցնել, նշած է, թէ որոշ հարցերու մէջ դիրքորոշումները կը մօտենան, իսկ այլ հարցերու մէջ՝ ոչ։
«Այդ պատճառով հակամարտութեան կարգաւորման առումով ես այս տարին կը բնութագրէի իբրեւ դրական տարի, սակայն ոչ այնքան դրական, որքան կրնար ըլլալ։ Գլխաւորը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումն է։ Ցաւօք 2009ին մեր յոյսերը չեն արդարացած այն ծաւալով, որ մենք կ՛անկնկալէինք», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը եւ աւելցուցած, թէ այնուամենայնիւ, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու համատեղ հռչակագիրը նշանակալից իրադարձութիւն էր։
«Այսինքն, յոյս կար, որ կարելի ըլլայ համաձայնիլ հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ։ Սակայն այդ յոյսերը չարդարացան։ 2010ի հետ կապուած կայ որոշակի լաւատեսութիւն, որովհետեւ ղարաբաղեան կարգաւորումը դարձած է միջազգային օրակարգի կեդրոնական թեմաներէն մէկը։ Մենք յոյս ունինք, որ պիտի յաջողինք 2010ին համաձայնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական դիրքորոշումներու շուրջ, սակայն մենք կտրուկ կերպով դէմ ենք, որ ան վերածուի մշտական բանակցային գործընթացի», եզրափակած է Իլհամ Ալիեւ։