ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահի նախկին խորհրդատու, քաղաքագէտ Վաֆա Գուլիզադէի հաւաստումով 2009ը չափազանց ծանր տարի Էր Ատրպէյճանի համար, մանաւանդ երբ հաշուի կ՛առնուի այն փաստը, որ վատացած են անոր յարաբերութիւնները ԱՄՆի եւ Արեւմուտքի երկիրներուն հետ:
«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Արեւմուտքի առաջատար երկիրն է, բայց վեց ամիսէ ի վեր՝ Պաքուի մէջ չկայ այդ երկրի դեսպանը, որ խիստ անցանկալի երեւոյթ է: Միւս կողմէ, ցանկալի է խուսափիլ Եւրոմիութեան եւ Եւրոխորհուրդի հետ վէճերէն, որուն համար Ատրպէյճանը պէտք է կատարէ իր ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները: Խնդիրը այն է, որ Ատրպէյճանը արտաքին քաղաքականութեան մէջ ունի երկու հիմնական գերակայութիւն՝ Եւրոմիութիւնն ու ԱՄՆը, քանի որ մեզի համար կարեւոր է Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕին անդամակցիլը: Այժմ յարաբերութիւններու պաղելուն եւ իրար հանդէպ հասցէագրուած տհաճ յայտարարութիւններու փոխանակման պատճառով՝ որեւէ անդամակցութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», յայտարարած է Գուլիզադէ։