ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էսոշիէթըտ Փրէս».- Ամերիկացի իրաւաբան Աթան Ցիմփէտ Քոլոմպիա շրջանի դատարանին մէջ հայց ներկայացուցած է ընդդէմ թրքական պետութեան՝ յանուն բազում տուժողներու չորս հարիւր միլիառ տոլարի հատուցում պահանջելով անկէ, ամերիկեան զէնքերով Կիպրոսի մէջ մարդկային իրաւունքներ բռնաբարած ըլլալուն համար:
Ըստ Ցիմփէտի, ամերիկեան օրէնքը կ՛արգիլէ ամերիկեան զէնքեր գործածող երկիրներուն՝ այդ զէնքերով միջազգային օրէնքներ ոտնակոխել:
Դատը Ցիմփէտիի կողմէ բացուած է երեք կիպրացի յոյներու անունով, որոնք 1974ին, թրքական ներխուժման ատեն, դուրս քշուած էին իրենց բնակարաններէն:
Նշենք, որ երէկուան «Ասպարէզ»ով տեղեկագրած էինք յոյն իրաւաբան Դիմիտրիս Գելդիսի նախաձեռնած մէկ այլ դատական գործի մասին՝ ընդդէմ թուրք կառավարութեան, որմէ հատուցում կը պահանջուի Պոլիսէն հարկադրաբար արտագաղթած յոյներու ձգած անշարժ գոյքի եւ ունեցուածքի դիմաց: