Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Մինչ ուղեղը առողջ պահելու համար ոչ մէկ կենսական ու յարատեւ երիտասարդ պահող աղբիւր չկայ, բայց մասնագէտները կը հաստատեն թէ ներկայիս կարելի է որոշ միջոցներով պահպանել մարդկային ուղեղի առողջութիւնն ու երիտասարդութիւնը։ Հիմնական յիշեցում՝ եթէ դուք արդէն կ՛ապրիք սրտի առողջութիւնը պահպանող սննդականոնով, այդ կը նշանակէ թէ քայլ մը առաջ էք արդէն։ Ուրեմն այդ մէկը աւելի խրախուսիչ է:
Ուտելիքներ՝ մտածելու համար
Մենք մեր անձերը կը ճանչնանք մեր կերածներէն։ Երբ հարցը կը վերաբերի ուղեղի արթնութեան եւ առողջութեան, կրնանք հաստատել, որ կարգ մը ուտելիքներ մեզ աւելի արթուն եւ զգօն կը դարձնեն։
Ուրեմն գաղտնիքը կը կայանայ մեր ուտելիքներուն մէջ։ Կարելի եղածին չափ հեռու մնացէք ոչ-առողջապահական իւղերէն։ Կեդրոնացէք միջերկրականեան եւ միջին արեւելեան խոհանոցի ուտելիքներու վրայ։ Անոնք աւելի առողջապահական են իրենց ցանկին վրայ ունենալով աւելի շատ թարմ պտուղներ ու բանջարեղէններ եւ աւելի քիչ միս, շատ ձուկ եւ, օրական դրութեամբ, գաւաթ մը գինի։
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կուտան թէ բջիջներու վրայ բանեցուած ճնշումը թթուածնացումի oxidation պատճառով, տրամաբանութեան կարողութեան նաուզումին պատճառ կը դառնայ։ Միշտ ընտրեցէք մութ գոյնի պտուղներ եւ բանջարեղէններ, ինչպէս ծիրան, սեխ, ձմերուկ, մանկօ, բանջար, շոմին, կամ պրգուկ։ Այս ուտելիքները սպառելով կարելի է բարձրացնել acetylcholine նիւթի արտադրութիւնը։ Այս նիւթը կը համարուի տարրական քիմիական նիւթ մը, որ կ՛արտադրուի ջղային բջիջներէն ու անիկա կրնայ զարգացնել հաղորդակցութիւնը բջիջներու միջեւ։
Սալմոն ձուկը, թունան եւ սարտինը ուղեղի աշխատանքը զարգացնողներ կը համարուին։ Այս ձուկերուն պարագային իրենց պարունակած օմեկա 3 իւղոտ թթուն է, որ շատ տարրական նիւթ մը կը համարուի ուղեղին համար։ Յատկապէս DHA կոչուած թթուն հիմնականօրէն կ՛օգնէ դէպի ուղեղի բջիջները եւ անոնցմէ դուրս եկած գիտելիքներու փոխանակման։
Ուղեղը կազմուած է 60% իւղէ, բայց ջերմուժը, որուն վրայ հիմնուած է իր աշխատանքը շաքարն է։ Ուղեղին լաւ աշխատանք պարգեւելու համար ջանացէք անոր ներկայացնել բարդ շաքարեղէն, ինչպէս սրճագոյն բրինձը, ձաւարը whole wheat փասթան ու քուսքուսը։ Բոլոր հատիկներով հարուստ հացատեսակները շատ աւելի ուշ կը բաժնուին մարմինին մէջ եւ հետեւաբար ինսուլինի արտադրութեան վերիվայրումներ չեն յառաջացներ։
Օրական ներառնուած կենսանիւթերու դեղահատերը պէտք է իրենց մէջ պարունակեն որոշ քանակութեամբ բոլոր կենսանիւթերը եւ մետաղները, յատկապէս ուշադրութիւն դարձուցէք որ անոնք բաւարար քանակով պարունակեն ֆօլէյթ նիւթը, որ կը պատկանի B կենսանիւթի ընտանիքին։ Օրական պէտք ունիք 400 միքրոկրամ ֆօլէյթ նիւթէն։ B կենսանիւթը եւ անոր ընտանիքին պատկանող B6, B12 կենսանիւթեր շատ կարեւոր կը համարուին ուղեղային աշխատանքին համար։ Այն մարդիկը, որոնք Ալզհայմըր ունին, անոնց մարմինին մէջ նկատուած է B կենսանիւթի քանակի նուազեցում։
Անհրաժեշտ է նաեւ C եւ E կեսանիւթերու միատեղ գործակցութիւնը։ Ճոնս Հօբքինս համալսարանի ուսումնասիրութիւններէն մէկը կը հաստաատէ թէ օրական միջազգային չափանիշով 400-1000 միջազգային միաւոր E կենսանիւթով եւ 500-1500 միլիկրամ C կենսանիւթով պէտք է ապահովել ուղեղին:
Օմէկա 3 թթու իւղը։ Շաբաթական երկու անգամ անհրաժեշտ է ձուկ ուտել։ Նաեւ կարելի է ապաւինիլ դեղահատերու, այս պարագային պայմանաւ որ բաւարար կը պարունակէ օրական պահանջքը։ Դեղահատերու գործածութեան ժամանակ զգուշ եղէք, որ անոնք իրենց մէջ սնդիկ կամ այլ ձեւի վտանգաւոր նիւթ չպարունակեն։
Խմէ ու մտածէ։ Խմիչքը առհասարակ կը փճացնէ ուղեղի բջիջները, հետհւաբար երբեք պէտք չէ չափազանցել զայն։ Կանանց համար օրական մէկ գաւաթ, իսկ այր մարդոց՝ 2-3 գաւաթ եւ ոչ աւելին։ Ուղեղի աշխատանքին նպաստող հիմնական խմիչքն է կարմիր գինին։ Ինչո՞ւ կարմիր գինին։ Որովհետեւ ան իր մէջ կը պարունակէ րիզվէրադրօլ անունով antioxidantը։ Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ թէ այս նիւթը կ՛արգիլէ ուղեղին վրայ բլաքի կուտակումը։ Այս բլաքը կամ մաշկի գոյացումը ալզհայմըրի նշան մըն է ինքնին։ Ուրեմն քաղցկեղ ու սրտի անհանգստութիւններ կանխարգիլող կարմիր գինին, այժմ նաեւ իր բարի ազդեցութիւնը պիտի գործէ ուղեղի աշխատանքին վրայ։