ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիանաու».- Վերջերս Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը ընթացքին, հայ քանդակագործ Վարազդատ Համբարձումեան պարգեւատրուած է «Տաղանդ եւ կոչում» մետալով: Նշենք, որ ցուցահանդէսին մասնակցած են շուրջ 70 երկիրներէ աւելի քան 100 արուեստագէտներ եւ քանդակագործներ:
Յունուար 18ին Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին քանդակագործը յայտնած է. «Մենք պէտք է կարողանանք մեր ազգային արժէքները ժամանակակից ձեւով ներկայացնել աշխարհին»։
Հայ ազգային արժէքները ողջ աշխարհին ներկայացնելու նպատակ հետապնդող 50ամեայ Համբարձումեանի կարծիքով, «խաչքարերը Աստուծոյ կնիքն են հայոց հողի վրայ, եւ դրանք կարելի է ստեղծել միայն Հայաստանում»: