ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին երեսուն տարիներու ամէնէն առեղծուածային ու խորհրդաւոր մարդասպանը՝ Մեհմետ Ալի Աղճա, թերեւս իրաւ անհաւասարակշիռ մը կամ այդ վիճակը հրաշալիօրէն կեղծող մը է: Ան սպաննած էր Թուրքիոյ ամէնէն նշանաւոր լրագրողը, ապա կրցած էր փախուստ տալ բանտէն, ու այս անգամ փորձած էր սպաննել Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը, ապա արժանացած էր անոր ներողամտութեան, սակայն դարձեալ բանտ մտեր էր։ Արտակարգ տիպար մը, ահաւասի՛կ, որ 22 տարեկանին բանտ մտած է ու այսօր, 52 տարեկան, դուրս կու գայ բանտէն։
Աղճա թագաւորներու վայել հանդիսութիւններով, թմբուկով ու զուռնայով դիմաւորուեցաւ իր ազգականներուն ու բարեկամներուն կողմէ, եւ անհրաժեշտ ձեւակերպութիւններու լրումէն ետք տեղաւորուեցաւ Անգարայի «Շերաթոն» պանդոկին մէջ: Անշուշտ յայտնի չէ, թէ ո՛վ պիտի վճարէ պանդոկին եւ յարակից միւս ծախսերը։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Երեքշաբթի օր կը գրէ, թէ Մեհմետ Ալի Աղճա Երկուշաբթի օր բանտի շէնքին մուտքին ծաղկեփունչերով ընդունուեցաւ, մինչ զինուորական հիւանդանոցը յայտարարեց, որ ան չի կրնար զինուորական ծառայութիւն կատարել։ Աղճայի փաստաբանը յայտնեց, թէ իր պաշտպանեալը Հոլիվուտէն երկու անջատ առաջարկներ ստաձած է ֆիլմի մը պատրաստութեան համար՝ յաջորդաբար 2 եւ 3 միլիոն տոլար գումարներով։
«Ենի Շաֆաք» օրաթերթը կը գրէ. «Մեր յիշողութիւնը կը տկարանայ։ Մեհմետ Ալի Աղճա, որ լրագրող Ապտի Իփեքճին սպաննեց, բանտէն ազատ արձակուեցաւ, եւ «հերոս»ի ընդունելութեան արժանացաւ։ Աղճա «Էֆ» տիպի բանտէն դուրս եկաւ եւ հինգ աստղանի «Շերաթոն» պանդոկին մէջ օրական 540 եուրօ արժող բաժին մը վարձեց»։
Լրագրողները կը յուսային, որ Աղճա հետաքրքրական յայտարարութիւններ ընէր, բայց անոնք չկրցան խօսիլ Աղճայի հետ, որ իրեն յատկացուած կառքին պատուհանէն երբեմն կ՛ողջունէր լրագրողները, երբեմն ալ բռունցք կը ճօճէր անոնց դէմ։
Աղճայի փաստաբանները լրագրողներուն յանձնեցին անգլերէն նամակ մը, ուր ան դարձեալ կը գրէր, թէ ինք՝ «յաւիտենական առաքեալն էր, Աստուծոյ կողմէ ղրկուածը, բայց ոչ թէ Աստուծոյ որդին», եւ ինքն էր, որ պիտի գրէր ամէնէն ճիշդ Աստուածաշունչը, «քանի որ աւելի առաջ գրուածը սխալներով լեցուն էր»։