ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն հանդէս եկած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին քաղաքական գնահատական տուող յայտարարութեամբ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
Վարագոյրը իջաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու հաստատման գործընթացի սահմանադրական արարին վրայ։ ՀՀ Սահմանադրական դատարանը Յունուար 12, 2010ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մասին հրապարակեց իր վճիռը՝ յայտարարելով, որ այնտեղ «ամրագրուած պարտաւորութիւնները համապատասխանում են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեանը»։
Սահմանադրական դատարանի յայտարարութեան ընթերցումը լուրջ տարակուսանք կ՛առաջացնէ։ Արդարեւ, Սահմանադրական դատարանի կատարած ընդգծումները եւ ներկայացուցած իրաւական հիմնաւորումները տրամաբանական զարգացումով մը պէտք է յանգէին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները հակասահմանադրական ճանաչելու որոշումին։
Կատարուած մատնանշումները հիմք ընդունելով՝ անհասկնալի կը գտնենք, թէ Սահմանադրական դատարանը ինչպէ՞ս յանգեցաւ տուեալ արձանագրութիւնները սահմանադրական ճանչնալու անարդար որոշումին։ Սահմանադրական դատարանը իր կատարած հաստատումներով դրականօրէն կ՛անդրադառնայ այն բոլոր մտահոգութիւններուն, որոնք բազմիցս բարձրացուած են մեր կողմէն: Մեր ակնարկութիւնը յատկապէս կը վերաբերի Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածանքի ենթարկելու ջանքերուն, Հայաստան-Թուրքիա սահմանները ի վնաս հայ ազգային շահերուն վերադասաւորելու ճիգերուն, ինչպէս նաեւ Արցախեան բանակցութիւնները Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման միտող համաձայնութիւններուն զուգորդելով՝ Ադրպէյճանի ի նպաստ յառաջախաղացք ապահովելուն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն, Սահմանադրական դատարանի որդեգրած որոշումին մասին կատարած իր յայտարարութեան մէջ անդրադառնալով ներկայացուած հիմնաւորումներուն եւ մեկնաբանութիւններուն՝ կը հաստատէ «որ դրանք կարող են լիարժէքօրէն չէզոքացնել առկայ վտանգները, եթէ վաւերացման փուլում Սահմանադրական դատարանի այս որոշման ուժով, միջազգային իրաւունքին համապատասխան, վերածուեն արձանագրութիւնների անբաժան մասը կազմող վերապահումների». սակայն, միեւնոյն ժամանակ կը հաստատէ, որ ան «մեկնարկեց մեր ազգային պետական շահերը վտանգող Սահմանադրութեամբ ամրագրուած Հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքներուն եւ համազգային նպատակներուն հակասող դրոյթներ ներառող արձանագրութիւններու վաւերացման ներպետկան ընթացակարգը»:
Դժբախտաբար, Սահմանադրական դատարանը իր հիմնաւորումներէն ետք անհրաժեշտ քայլը չկատարեց: Սահմանադրական դատարանի դրսեւորած քաղաքականացած եզրակացութեամբ, անգամ մը եւս Հայաստանի մէջ նահանջ արձանագրեցին ժողովրդավարական արժէքները, եւ ստուեր ինկաւ գործադիր, օրէնսդիր ու դատական իշխանութիւններուն միջեւ տարանջատումի հիմնարար սկզբունքին վրայ, արգելակելով ու դանդաղեցնելով պետական կառոյցներու եւ հաստատութիւններու կայացման ու զարգացման գործընթացը։ Այսպէս, Սահմանադրական դատարանը, անկախ արձանագրութիւններուն գծով իր կատարած անարդարութենէն, լրջօրէն կը վտանգէ սահմանադրական հիմնարար սկզբունքներու պահապանը ըլլալու պարտականութիւնը եւ կը նսեմացնէ իր անկախութեան, ազատութեան եւ արդարութեան կենսական յատկանիշերը:
Իր բովանդակութեամբ անբաւարար կը համարենք Սահմանադրական դատարանի որոշումը, ու իրեն վերապահուած պատմական պատասխանատուութեան մէջ թերի կը գտնենք Սահմանադրական դատարանի ընթացքը։ Սահմանադրական դատարանի եզրակացութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլար բացառապէս սահմանադրական ու իրաւական ենթահողի վրայ, առանց աւելորդ ու քաղաքականութիւն բուրող մեկնաբանութիւններու։
( ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ- Հետեւեալ պարբերութիւնը վրիպումով մը դուրս մնացած է մեր Շաբաթ, 23 Յունուար 2010ի օրաթերթի թիւին մէջ: )
Հայրենակիցներ,
Փաստօրէն մեր առջեւ լայնօրէն կը բացուի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու դէմ մեր անդուլ պայքարը շարունակելու նոր ժամանակշրջանը, պայքարի հիմնական դաշտ ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը:
Մեր առջեւ պայքարի ճանապարհը տակաւին երկար է։ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն իր ձայնը միացնելով Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ սփռուած մեր ժողովուրդի բողոքի եւ ընդվզումի ձայնին, անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր վճռակամութիւնը, հաւատարմօրէն շարունակելու մեր ժողովուրդի պահանջատիրական արդար պայքարը եւ այդ ճամբուն վրայ յանձնառու ենք տապալելու մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար նուաստացուցիչ ու վտանգաւոր այս տխրահռչակ արձանագրութիւնները։
Այս առումով պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները եւ մեր գործունէութւնը պիտի համադրենք շրջանէս ներս գործող եւ միեւնոյն քաղաքական ուղեգծին հետամուտ բոլոր ազգային- քաղաքական ուժերուն եւ մտաւորականութեան հետ:
LAV GELLAR AVELIYOV BAYKARIL VOR CHI VAVERATSVIN
PROTOCOLNERE.