ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մեկնաբանելով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու Յունուար 25ի Սոչիի հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչ Կորան Լենմարքըր յայտարարած է, թէ այս գարնան հաւանական է Ղարաբաղի հարցին շուրջ համաձայնագրի մը ստորագրումը։
«Յոյսով եմ, որ կողմերը մօտեցած են բանակցութիւններու աւարտին: Համաձայնագրի ստորագրման համար անհրաժեշտ են շատ աւելի հանդիպումներ: Սակայն այսօր մենք կրնանք տեսնել, որ կողմերու դիրքորոշումները կը մօտենան ու համաձայնագրի ստորագրումը հնարաւոր կը դառնայ այս գարնան», ըսած է Կ. Լենմարքըր՝ ըստ ատրպեճանական ԱՊԱ գործակալութեան: