ՆՈՅԵՄԲԵՐ 11-13Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Սահակ Մեսրոպ Հայ քրիստոնիա վարժարանը յանձնառութիւնը ունի հայ աշակերտին ուսում ու հայեցի կրթութիւն ջամբելու հետ զուգահեռ՝ զայն սպառազինելու հոգեւոր դաստիարակութեամբ, արժանիքներով ու չափանիշներով։ Այս միտումով, բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մասնակից եղան համագումարի մը, «Փայն քրեստ քրիստոնեայ բանակավայր»ին մէջ, Լէյք Էրոհետ։
Համագումարը առիթ ընծայեց աշակերտներուն անջատուելու ժամանակակից կեանքի հեւքէն, առօրեայ պարտաւորութիւններէն, ու պահ մը, բնութեան ծոցին մէջ անկաշկանդ մտածելու, պրպտելու իրենց ներաշխարհը՝ զարկ տալով իրենց հոգեկան ու հոգեւոր աճին։
Համագումարին ներկայ եղան վարժարանիս տնօրէն Շահէ Կարապետեան, Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Ասպետ Պետիկեան եւ հոգեւոր հովիւ Մանօ Ակիւլեան։
Հոգեւոր հովիւը պատանիները յուզող այժմէական ու հետաքրքրական նիւթերով ստեղծեց այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր աշակերտները անկաշկանդ իրենց հարցումներով դիմեցին իրեն։
Ամենակարեւորը՝ աշակերտները իրենց հետ տարին հոյլ մը յիշատակներ: Աշակերտներէն մէկը՝ Միրէյը, կը գրէ. «Ամենակարեւորը՝ ընկերներուս հետ աւելի մտերմացայ։ Հաճելի էր բնութեան մէջ ըլլալ հեռու մեր ամէնօրեայ կեանքէն։ Կարծեմ այս առիթով ամէն մարդու իրական բնաւորութիւնը ճանչցայ»։
«Սորվեցանք իրարու հետ կիսել մեր տեղերը, ունեցածը, յարգել ու սիրել զիրար։ Երախտապարտ ենք, որ ունինք սքանչելի ուսուցիչներ եւ ընկերներ», կը գրէ Մարալ, իսկ Տիոն կ՛ըսէ. «Երկու մտերիմ ընկերներուս հետ զրուցեցինք, մեր գաղտնիքները ու մտածումները կիսեցինք եւ աւելի մտերմացանք։ Օդը մաքուր էր. համագումարը առիթ մըն էր մոռնալու ընտանեկան, ընկերային եւ դպրոցական մեր դժուարութիւններն ու մտահոգութինները»։
Եզրափակելով Ճան Փօլի բառերով՝ «Կարծես մէկ ընտանիք էինք հոն ու վերջին գիշերն ալ Ս. Ծննդեան գիշերն էր կարծես, զոր կը տօնէինք խարոյկին շուրջ հաւաքուած ու մարշմելօ ուտելով»։
«ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԵՐԵԿՈՅ»
Դեկտեմբեր 4ին, վարժարանիս ծնողներէն տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփեճեաններու բնակարանին մէջ վարժարանս ունեցաւ իր առաջին կալա-ձեռնարկը՝ «Ձմեռնային երեկոյ» բնաբանով։
Ձեռնարկին ներկայ էին 120 հիւրեր, ծնողներ, ուսուցչակազմ, որոնք տաքուկ մթնոլորտի մը մէջ զուարճացան՝ ճոխացած Ծննդեան եղանակներով, կատարողութեամբ եւ ղեկավարութեամբ վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցիչներ՝ տէր եւ տիկին Արտաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններու։
Անահիտ Մարտիրոսեան հինալի ոճով մեկնաբանեց հայ բանստեղծներէ կտորներ, որմէ ետք խանդավառ ներկաներ հայկական պարերով ու երգերով իր աւարտին հասցուցին երեկոն։
Վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու Հոգաբարձութիւնը իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնեն տէր եւ տիկին Սեփեճեաններուն, որոնք իրենց նեցուկը բերին՝ տրամադրելով իրենց բնակարանը, ինչպէս նաեւ Տիկնանց միութեան անդամներուն, որոնց ժրաջան աշխատաքի արդիւնքով գեղեցկացաւ այդ երեկոն։
ԾՆՈՒՆԴԻ ԾԱՌԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ
Այս տարի եւս վարժարանս կրցաւ իրականացնել Ծնունդի ծառի լուսաւորման աւանդական հանդիսութիւնը։ Վարժարանիս շրջափակը տեղադրուած ծառին շուրջ Դեկտեմբեր 6ին տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ եղաւ աւելի քան 500 հոգի։ Կաղանդ պապան հրշէջ մեքենայով եւ ժրաջան «էլֆ»երով ժամանեց դպրոց եւ զուարճացուց երեխաները՝ անոնց բաշխելով նուէրներ։ Փոքրիկները տօնածառին շուրջ հաւաքուած՝ երգեցին ծննդեան երգեր։
ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18ի երեկոյեան, ժամը 7ին, Փասատինայի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանիս տարեկան Ծննդեան համերգը՝ խմբավարութեամբ տէր եւ տիկին Սինանեաններու։ Ելոյթ ունեցան մանկապարտէզէն Ե. կարգի աշակերտներ, ծննդեան երգերով եւ արտասանութիւններով։
Համերգին Ներկայ էր Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Կրօնական դաստիարակութեան վարիչ Մաշտոց Չոպանեան, որ փոխանցեց Ծնունդի իր պատգամը ներկաներուն։
Միջնակարգի Զ., Է. եւ Ը. կարգերու աշակերտները զանազան նուագարաններով՝ թմբուկ, կիթառ, դաշնակ եւ ձեռնազանգակ, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն կարգի աշակերտական նուագախումբը, իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն հանդէսին՝ նուագելով ու երգելով։
Համերգի մասնակցող աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանիս ուսուցչակազմին ու տնօրէնութեան, կատարեցին վերջին երգը՝ «Ալելուիա»ն։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)