ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Երկուշաբթի, Յունուար 25ին, Պոլսոյ Պօղազիչի համալսարանին կողմէ, Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար կազմակերպուած էր դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էր գանատացի հրեայ լրագրող, գրագէտ Նայոմի Քլայն։ Համալսարանի գլխաւոր դահլիճին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին Քլայն ներկայացուց «Հրանդ Տինք. Մարդկային իրաւունքներ եւ արտայայտուելու ազատութիւն» նիւթը, շեշտելով, թէ Տինքի արժանիքը կը կայանայ հոն, որ միայն մէկ խումբի մը պաշտպանը չէ փորձած ըլլալ ան, այլ պայքարած էր ազգայնամոլութեան բոլոր տարբերակներուն դէմ եւ արտայայտուելու իրաւունքին համար:
Ակնարկելով Տինքին՝ Քլայն ըսաւ. «Ան հիմա Թուրքիոյ հաւաքական պատմութեան մէկ մասնիկը դարձած է», եւ աւելցուց, թէ կարելի է Տինքը սպաննած փամփուշտին դէմ պայքարիլ՝ Տինքի յիշատակն ու անոր գաղափարները միշտ վառ պահելով:
Քլայն նաեւ անդրադարձաւ պաղեստինեան տագնապին՝ քննադատելով ամէն գնով Իսրայէլը պաշտպանող արեւմտեան մամուլին կեցուածքը:
Ըստ Քլայնի, Տինքին յիշատակը յարգելու համար լաւագոյն արարքը որ կրնայ ընել ան՝ քննադատելն է Իսրայէլի ներկայ քաղաքականութիւնը: «Մեծ տարբերութիւն չեմ տեսներ իրենց մարդկային իրաւունքները պաշտպանող պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի իշխանութեանց առած քայլերուն եւ Տինքին ցուցաբերուած հակազդեցութեան միջեւ», եզրակացուց ան: