ԿԱԼԿԱԹԱ, «Նոյեան Տապան», «Հայերն Այսօր».- Ըստ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տեղեկատուական բաժնին, Աստուածաբանութեան դոկտոր Սուանտ Լէնտկրեն՝ Ֆինլանտայէն, այցելած է Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ՝ հայր Խորէն Յովհաննէսեանին: Դոկտոր Լէնտկրեն, որ Ֆինլանտայի ակադեմիոյ դասախօս է ու Ասորիներու ընկերութեան փոխնախագահը, 2009ին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրք մը հրատարակած է շուէտերէնով։
Լէնտկրեն երկու անգամ այցելած է Հայաստան, իսկ այժմ կը պատրաստուի կրկին անգամ այցելելու 2011ին, Աստուածաբանութեան բաժնի իր ուսանողներուն հետ:
Հնդկաստան կատարած իր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, ան հետաքրքրուած է Հնդկահայոց համայնքին եւ դպրոցին գործունէութեամբ:
Հիւրը ջերմութեամբ ընդունուած է հայր Խորէնին կողմէ, որ շնորհակալութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդի բարեկամին՝ անոր հայանպաստ գործունէութեան համար: