ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Հետք».- Յունուար 27ին Ախալքալաքի շրջանային դատարանը, նախագահութեամբ Արարատ Եսոյեանի, 4 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց Ախալքալաքի «Երիտասարդական ռատիօ»ի եւ միաժամանակ «Ջաւախք-ինֆօ» լրատուական կայքի գործադիր տնօրէն Արամ Բաթոյեանը՝ զէնք ձեռք բերելու ու պահելու, ինչպէս նաեւ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու յանցանքով:
Յիշեցնենք, որ 2008ի Յուլիս 21ին, վրաց-օսական պատերազմէն օրեր առաջ, «Միասնական Ջաւախք» ժողովրդավարական դաշինքի շարք մը անդամներու հետ ձերբակալուած էին նաեւ Արամ Բաթոյեան եւ «Միասնական Ջաւախք»ի նախագահ Վահագն Չախալեանը: Իսկ նախապէս՝ Յուլիս 17ին, Ախալքալաքի ոստիկանապետ Սամուէլ Պետրոսեանի տան մօտ հնչած էր պայթում մը, իսկ Գուրգէն Շիրինեան մեղադրուած էր պայթումի կազմակերպութեամբ:
«Ինձ մեղադրեցին նրա համար, որ ես էի պատասխանատու ռատիոյի այդ սենեակի համար, ու որ դա իմ աշխատասենեակն էր, համապատասխանաբար ենթադրւում է, որ «պահուած» աւտոմատն ինձ է պատկանել», պատմած է Արամ, որուն բանտարկելէ երկու օր ետք ազատ արձակած էին՝ մէկ ամիս երկրէն չհեռանալու պայմանով։
Երկու ամիս երկրէն չհեռացած Արամը, բժշկական նպատակով մեկնած է Ռուսիա՝ Ախալքալաք ձգելով իր ընտանիքը՝ երկու անչափահաս երեխաներով: Իրաւապահներ Արամը մեղադրած են վերոնշեալ պայմանը խախտած ըլլալուն համար եւ Ախալցխայի շրջանային դատարանը զայն դատապարտած է 2 ամսուան ազատազրկման:
Այնուհետեւ Արամին հանդէպ ներկայացուած է երկու նոր մեղադրանք՝ ոստիկանապետ Սամուէլ Պետրոսեանը ծեծել եւ իրաւապահներուն դիմադրութիւն ցոյց տալ, ինչպէս նաեւ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպել:
«Զանգուածային անկարգութիւններ»ը կը վերաբերին 2007ի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած «Միասնական æաւախք»ի բողոքի ցոյցերուն: «Բայց ես տեսաերիզ ունեմ, որտեղ երեւում է, որ ես ոչ մի անօրինական բան չեմ անում: Ես այնտեղ չեմ էլ եղել, ընդամէնը մի պահ, երբ քրոջս եմ օգնել դուրս գալ, եւ նրա հետ հեռացել եմ», պատմած է Արամ։
2009ի ամրան՝ հեռակայ կարգով սկսած են Արամի հանդէպ յարուցուած քրէական գործով դատավարութիւնները, որուն մասնակից անոր հարազատներուն վկայութեամբ, Արամի յանցանքը դատարանին մէջ չեն կրնար ապացուցել: Այնտեղ վկայութիւն տուող երկու ոստիկանները նոյնիսկ յայտնած են, թէ Արամը չեն ճանչնար: Անոնք խոստովանած են, որ Արամ իրենց չէ ծեծած, բայց չեն գիտեր, թէ ան ինչու կը մեղադրուի նման յանցանքով մը:
Դատարանը Արամը դատապարտած է 4 տարուան ազատազրկման՝ երկու մեղադրանքներով՝ զէնքի պահպանման եւ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելուն, իսկ ոստիկանապետը ծեծի ենթարկելու եւ դիմադրութիւն ցոյց տալու բաժինով՝ ան արդար նկատուած է:
Արամին կարծիքով, այս բոլորը կը հետապնդեն մէկ նպատակ. «Վրաստանը պատրաստւում էր յարձակուել Հարաւային Օսիայի վրայ, եւ նրանք կարծում էին, որ մեր կազմակերպութիւնները փակելով, Վահագնին ու Գուրգէնին ձերբակալելով՝ կը կարողանան անվտանգ դարձնել իրենց թիկունքը», ըսած է Արամ։
Ան իր դատավճիռին ուղղութեամբ պիտի բողոքէ վերադաս ատեանին: «Իմ նպատակը արդարութեան հասնելն է: Կը գայ ժամանակ, երբ այդ տոտալիտար ռեժիմը կը տապալուի, եւ ես հաւատում եմ վրաց ժողովրդին: Դա այն ժողովուրդը չէ, որին կարելի է կառավարել բլիթով ու մտրակով: Կարեւորն այն է, որ նրանք հասկանան, որ մենք՝ Վրաստանի հայերս, իրենց հետ ենք եւ չմերժեն մեր աջակցութիւնը, այլ պահանջեն մեր մասնակցութիւնը», յայտնած է Արամ: