ՀԵԴի Մոնթեպելլոյի «Վահան Գարտաշեան» ուխտը կազմակերպած է հայկական ճաշերու պատրաստութեան դասընթացք մը, որ պիտի սկսի Փետրուար 3ին:
«Ճաշը մեր մշակոյթին մէկ կարեւոր բաղադրեալն է եւ չենք ուզեր, որ գալիք սերունդները կորսնցնեն այս գիտելիքները: Միայն ճաշագիրք մը գնելը բաւարար չէ այս գիտութիւնը փոխանցելու համար», կը յայտնէ «Վահան Գարտաշեան» ուխտի ատենապետուհի Թամար Ծատուրեան:
Դասընթացքը բաց է բոլորին համար եւ տեղի պիտի ունենայ ամէն Չորեքշաբթի օր, վեց ամիսներու ընթացքին: Համայնքէն կամաւորներ հերթաբար պիտի առաջնորդեն դասերը: Երեք դասի համար մասնակցութեան սակը 25 տոլար է: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել vahan.cardashian@ayfwest.org հասցէին: