ՋԱՒԱԽՔ, «Առաւօտ».- Ջաւախքէն ստացուած լուրերու համաձայն, Վրաստանի Ծղնեթի բնակավայրին մէջ, Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) նախաձեռնած սեմինարին մասնակից 34 ախալցխացիներ եւ քուեմօ-քարթլիցիներ վարակուած են «խոզի հարբուխ»ով:
Սեմինարի մասնակից 18-26 տարեկան երիտասարդները ունեցած են հազ, տենդ եւ բարձր ջերմաստիճան։ Բոլորն ալ տեղափոխուած են հիւանդանոց, սակայն կարճ ժամանակ ետք դուրս եկած՝ բուժումը տան մէջ շարունակելու պայմանով: