ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէին, Կիրակի, 31 Յունուար, 2010 ին, Ասպարէզ Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 119ամեակի շքեղ տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներու, շրջանի միութիւններու վարչութիւններու, համակիրներու եւ ընկեր–ընկերուհիներու:

Կէսօրէն ետք ժամը 1:30ին, Ասպարէզ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ տօնակատարութիւն, նուիրուած ՀՅ Դաշնակցութեան 119ամեակին։ Այս առիթով գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը:
ՀՄԸՄի Սասուն Մասնաճիւղի սկաուտներու ու արծուիկներու կողմէ կատարուած դրօշակի արարողութենէն ետք, օրուան հանդիսավար՝ դարձեալ համայնքի մէջ մեծ վաստակ ունեցող, հասարակական գործիչ Եդուարդ Մկրտիչեան, բեմ բարձրանալով, ձեռնարկը բացուած յայտարարեց եւ բեմ հրաւիրեց Հայկօ Օհաննէսեանը, որ ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները երգէ: Օհաննէսեան, իր գեղեցիկ ձայնով մեկնաբանեց ամերիկեանը, իսկ Մեր Հայրենիքին, ամբողջ սրահը ինքնաբուխ ընկերացաւ իրեն, ստեղծելով, սրտերէն բարձրացող անկեղծ զգացումներու ներդաշնակութիւն մը, որ յատուկ է միայն, մեզի՝ հայերուս:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսելէ առաջ, 10 վայրկեան տեւողութեամբ, տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ, նուիրուած ՀՅ Դաշնակցութեան 119ամեակին:
Ապա հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Սողոմոն Թեհլիրեան Կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Պ. Հաւաթեանը, որ կոմիտէին խօսքը փոխանցէ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, շրջանիս հոգեւոր հովիւին եւ բոլոր ներկաներուն, որ սիրով ընդառաջած էին հրաւէրին, միասնաբար ոգեկոչելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան 119ամեակը: Ապա խօսք առաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Գէորգ Չաւուշ Ուխտի ներկայացուցիչ Սեւակ Ճիկէրեանը:

Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին տիկին Շողիկ Պապոյեան, որ մեծ ապրումով եւ յուզականութեամբ մեկնաբանեց Կոմիտաս վարդապետին Կռունկը իսկ Արա Քէնտիրճեան ինքնատիպ մեկնաբանութեամբ ասմունքեց Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգանք Քեզ Նահատակ Ժողովուրդ»ը:
Եդուարդ Մկրտիչեան, ձեռնարկի հանդիսավարը, բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովհան Թաշճեանը:
Յովան Թաշճեան անդրադառնալով ՀՅԴ օրուան ըսաւ որ «Նման հանդիսութիւնները յաւուր պատշաճի հնչած խօսքերու նեղ շրջագիծէն դուրս գալով, հարկ է որ վերածուին նաեւ ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչման առիթի, որովհետեւ 119ամեայ ծառայութեան փառաբանումը չէ որ կ՛ուզենք կատարել այս բեմէն, այլ հաշուետուութեան կարգով անդրադառնալ մեր կատարած աշխատանքներուն ու մեր ժողովուրդի դիմագրաւած ազգային հիմնահարցերուն»։ Այս առիթով ան նշեց որ «երբ յետադարձ ակնարկով մը կը փորձենք վերարժեւորել նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս մեր կուսակցութեան անցած ուղին, կ՛ուզենք իբրեւ պատմական իրողութիւն արձանագրել, որ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 119րդ ամեակի կողքին, այս տարի կը լրանայ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս Դաշնակցութեան գործունէութեան 114րդ տարեդարձը։ Դաշնակցութեան առաջին կոմիտէն այս երկրին մէջ հիմնուած է 1895ին, Մէսէչուսէթ նահանգի Լոըլ քաղաքին մէջ»։

Ան իր խօսքին մէջ գլխաւորաբար կեդրոնացաւ հայ–թրքական յարաբերութիւններու ներկայ զարգացումներուն վրայ, յատկապէս ներկայացնելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն գծով Դաշնակցութեան կեցուածքը։ Այս ծիրէն ներս, ան անդրադարցաւ այդ արձանագրութիւններուն ներկայացուցած վտանգներուն, անոնց ապազգային բնոյթին, այդ գծով իշխանութիւններու վարած ձախող բանակցութիւններուն, Սահմանադրական Դատարանի կայացուցած անարդար վճիռին եւ իբրեւ ընդդիմութիւն՝ Դաշնակցութեան եւ մեր ժողովուրդի անելիքներուն, կարենալ վերջնականօրէն տապալելու համար ազգավնաս այդ արձանագրութիւնները։
Ստորեւ քաղուածքներ կը ներկայացնենք Յովան Թաշճեանի արտասանած խօսքէն.
«Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ նախաձեռնուած հայ–թրքական բանակցութիւններէն հիմնական բացական հայութիւնն էր, որուն հետ հայութեան անունով հաշտութիւն կնքելու եւ մեր սերունդներու ազգային իրաւունքները սակարկելու իրաւասութիւնը չունին Հայաստանի իշխանութիւնները»։
«Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմանի վերաբացման համար հարկաւոր չէր երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները խճողել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը քննող յանձնաժողովի ստեղծման եւ ժամանակակից Թուրքիոյ իրողական սահմաններու պաշտօնական ճանաչման կէտերով ու Արցախի հարցի կարգաւորման մէջ Թուրքիոյ առջեւ ճանապարհ հարթող հողային ամբողջականութեան սկզբունքի ամրագրումով։

«Յանուն պատմութեան եւ յանուն մեր նահատակներուն պէտք է միանգամըդմիշտ յստակօրէն յայտարարել, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման միակ ուղին՝ արդարութեան վերահաստատումն է։ Առանց արդարութեան վերահաստատումին ո՛չ մէկ արձանագրութիւն կրնայ երաշխաւորել Հայաստանի անվտանգութիւնն ու մեր ժողովուրդի ազգային իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը։
«Այսօր մեր առջեւ դրուած է Հայաստանը թրքական նոր ներխուժումէ մը փրկելու մարտահրաւէրը։ Թուրքերը այսօր իրենց բանակներով ու եաթաղանով չէ որ Հայաստան պիտի արշաւեն, այլ անոնք բարի դրացնութեան ու բարեկամութեան անունով Հայաստան պիտի ներխուժեն իրենց հզօր տնտեսութեամբ, զինուորական գերազանց ուժին ընձեռած լծակներով, ընկերային ու մշակութային արժէքներով, որոնց դէմ մեր երկիրը նախապատրաստուած ու պաշտպանուած չէ, իսկ ամենակարեւորը՝ մրցակցութեան հաւասար պայմաններէ ու հնարաւորութիւններէ ընդհանրապէս զուրկ է մեր երկիրը։
«Պատմութեան դառն պարտադրանքին բերումով այսօր հայ ժողովուրդի երկու երրորդը կ՛ապրի հայրենիքէն դուրս: Ճիշդ է ու անառարկելի, որ հայրենիքի իրականութենէն պարպուած գաղութները ուշ կամ կանուխ դատապարտուած են այլասեռման, ուծացման ու անյետ կորստեան։ Հայրենիքն է որ շունչ կու տայ, կեանք կու տայ տարասփիւռ հայ գաղութներուն: Սակայն, նոյնքան կենսական է ու անհրաժեշտ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ համահայկական առաջադրանքներով գործելու գիտակցութիւնը, համահայկական ներշնչումով գործելու անհրաժեշտութիւնը։ Դժբախտաբար Սերժ Սարգսեանի, Տիգրան Սարգսեանի ու Եդուարդ Նալպանտեանի նման քաղաքական գործիչներուն մօտ մենք չենք վկայեր համահայկական այս գիտակցութեան առկայութիւնը։ Արձանագրութիւններու նախօրէին հապճէպ կերպով կազմակերպուած Սերժ Սարգսեանի սփիւռքեան ուղեւորութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է ըսուածին։ Դժբախտաբար ՀՀ իշխանութիւնները լաւ չեն ճանչնար Սփիւռքը։ Սփիւռքի գաղափարական հիմքը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան եւ անկախութեան սերունդին վրայ խարսխուած գաղափարախօսութիւնն է։ Սփիւռքահայութեան քաղաքական ու գաղափարական ազգային շէնքը հաստատուած է Ռուբէններու, Վրացեաններու, Նժդեհներու ու Դրօներու ներշնչած ազգային արժէքներուն վրայ։ Սփիւռքի հաւաքական իղձերն ու նպատակները իրենց նուիրական ձեւակերպումը գտած են Միացեալ ու Ամբողջական Հայաստանի տեսլականին մէջ, ուրուն կը շարունակեն անհաղորդ մնալ ՀՀ իշխանութիւնները։
«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տասնամեակներու աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, այսօր ամերիկահայութիւնը վերածուած է քաղաքական նկատառելի ուժի: Քաղաքական այդ ուժին եւ հեղինակութեան շնորհիւ է, որ Հայաստանը այսօր իր կողքին ունի իր ազգային անվտանգութեան ամենկարեւոր յենարաններէն մին՝ ամերիկահայութիւնը։
«Հակառակ այն իրողութեան, որ մենք ընդդիմադիր ենք այսօրուան իշխանութիւններուն եւ չենք բաժներ անոնց վարած ազգային եւ մանաւանդ արտաքին քաղաքականութիւնը, այսուամենայնիւ, ամերիկահայութիւնը յանուն յաւերժական հայրենիքին ու անոր պետականութեան հզօրացման ու ամրապնդումին Հայ Դատի յանձնախումբին առաջնորդութեամբ շարունակեց իր քաղաքական ու տնտեսական հնարաւորութիւններով մասնակից դառնալ հայրենակերտումի սրբազան գործին, միշտ հաւատալով որ հայրենիքը յաւերաժական է, իսկ նախագահները, վարչապետներն ու արտաքին գործոց նախարարները ժամանակաւոր են։ Եւ շնորհիւ ամերիկահայութեան քաղաքական կշիռին, շնորհիւ ձեր բոլորի ակտիւ մասնակցութեան, սիրելիներ, դարձեալ կարելի եղաւ ԱՄՆի կողմէ 41 միլիոն տոլար օժանդակութիւն ապահովել Հայաստանին եւ 8 միլիոն տոլար՝ Արցախին։
«Այս օրերուն շատ կը խօսուի իշխանափոխութեան մասին։ Մենք արդէն համոզուած ենք, որ այս իշխանութիւնները կորսնցուցած են իրենց ժողովրդային յենարանը։ Սակայն հարցը լոկ նախագահի մը փոփոխութեամբ չաւարտիր։ Հարկ է հիմնովին վերափոխել Հայաստանի իշխանական համակարգը։
«Այսօր մենք հպարտութեան եւ ինքնավստահութեան զգացումներով համակուած մեր կողքին կը դիտենք մեր երիտասարդութեան ցուցաբերած քաղաքական ակ-տիւիզմը։ Տխրահռչակ այդ արձանագրութիւններուն դէմ ծաւալած մեր պայքարին մէջ երիտասարդութիւնը իր յանդգնութեամբ ու վճռակամութեամբ նոր յոյս եւ նոր շունչ բերաւ մեր պայքարին։ Սփիւռքի մէջ մենք այս երիտասարդութիւնը կը դաստիարակենք անոնց հոգիներուն մէջ քանդակելով Արարատը։ Անոնք Գիւմրիէն անդին բռնագրաւուած հայրենի մեր հողերը կը տեսնեն եւ ոչ թէ Սերժ Սարգսեանի ու Էդուարդ Նալբանդեանի նման պաշտօնական ճանաչում կը շնորհեն Ցեղասպանութեամբ գծուած Թուրքիոյ այսօրուան սահմաններուն։
«Այսօր ժողովուրդը մեծ ակնկալութիւններով կը նայի Դաշնակցութեան։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր Դաշնակցական այդ ակնկալութիւններուն պէտք է արձագանգէ յաւելեալ յանձնառութեամբ ու յաւելեալ նուիրումով շարունակելով ծառայել Հայաստանին ու Հայաստանի ազատագրութեան դատին։ Այդ պայքարին մէջ յաղթանակի միակ երաշխիքը՝ միասնականութիւնն է։ Մենք իբրեւ ժողովուրդ միասնաբար կրնանք յաղթել։ Առանձին, կոտորակուած ու անմիաբան մենք կը պարտուինք։ Հետեւաբար, սիրելիներ, Դաշնակցութեան համար առաջնահերթ խնդիր է ազգի բովանդակ ուժերն ու կարողականութիւնը համախմբելը, Հայաստանը, Արցախը, æաւախքն ու Սփիւռքը մենք պէտք է կարենանք համախմբել ազգային հաւաքական մեր նպատակներուն շուրջ ու հաւատարմօրէն շարունակել պայքարը»։
Հանդիսավարը ապա հրաւիրեց ներկաները, ներկայ գտնուելու ՀՅ Դաշնակցութեան 119ամեակին առիթով, Սողոմոն Թեհլիրեան Կոմիտէի Ընկերային յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթ–խրախճանքին։
Ֆրեզնօ, 2 Փետրուար 2010