ՊՈԼԻՍ.- Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթ բանտին մէջ ամուսնացած է Սելմա Շահինի հետ, Աքչաքէոյի գիւղապետին կողմէ, իբրեւ վկայ ունենալով բանտապահները: Զոյգը նշանուած էր վեց ամիս առաջ, իսկ Շահին 16 տարեկան է: Արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ մարդասպանին բարեկամները։