Մովսէս Տէյիրմէնճեան ծնած է 1933, Դեկտեմբեր 22ին, Լիբանան, Էշրէֆիէի Հայաշէն շրջանը:
Ծնողքը Լեւոն եւ Արաքսի: Մովսէս եղած է անդրանիկ զաւակը, ունեցած է 3 եղբայրներ եւ 1 քոյր: Պզտիկ եղբայրը՝ Կարօն մահացաւ տարի մը առաջ:
Մովսէսը թէ՝ լուսաւորչական, թէ՝ բողոքական եւ թէ կաթողիկէ դպրոցներ յաճախելէ վերջ, 14 տարեկանին գործի լծուած է իր հօր հետ: Հայրը արդուկիչ էր, ամերիկեան համալսարանին դիմացը՝ պզտիկ արդուկիչի խանութ ունէր եւ ուսանողներուն տաբատներ եւ շապիկներ կ՛արդուկէր: Գործը շատ լաւ էր: Այսուհանդերձ, հայրը, Մովսէսին սիրոյն, ձգեց ամերիկեան համալսարանի մօտի խանութը եւ նոր տեղ մը բացաւ Սուգ Սըրսոք (Մաարատ) շրջանին մէջ: Արդուկիչի խանութին քովը, շապկագործութեան տեղ բացաւ: Նոյն յարկին վրայ ծանօթացաւ ազգային հերոս Աբօ Աշճեանին, որուն հետ բարեկամութիւնը Մովսէսին աւելի ազգային հայրենասիրութեան գործերու մէջ մտցուց: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն, Զարեհ Կաթողիկոսի ընտրութեան, յաճախ գործերը կը ձգէր եւ Անթիլիաս կ՛երթար: Շատ ընկերային անձ մը եղած է: Պէյրութի մէջ մտած է Դաշնակցութեան շարքերը:
Մովսէս Պէյրութէն կը փոխադրուի Ափրիկէ իր անձնական պատճառներով: Ծնողները իրենց Պէյրութի տունը կը ծախեն եւ կու գան Լոս Անճելըս: 1971ին Մովսէսին հայրը կը մեռնի:
1974ին Մովսէս Ափրիկէէն կը փոխադրուի Լոս Անճելըս, մօրը, եղբայրներուն եւ քրոջ հետ ըլլալու համար: Մովսէս կը դառնայ տունը պահողը, խնամք տանելով մօրը, բան մը որ որդիական մեծ սիրով կատարած է մինչեւ մօրը մահը՝ 1994ին:
1975ին Grocer-ի խանութ կը բանայ Ուէսթըրն փողոցի վրայ, Հոլիվուտի մէջ: Յաջողութիւն չի գտներ, կ՛ուզէ իր նախկին գործի ասպարէզ վերադառնալ եւ սկսիլ շապկագործութեան: Այս գործին մէջ կը յաջողի եւ քանի մը տարի վերջ, եղբօրը՝ Վարուժանին հետ միասին կը գնեն յարմար գործարան մը, որ կ՛ըլլայ Մովսէսին մնայուն գործատեղին: Մովսէս բնաւ ամուսնութեան մասին կարծես թէ չէ մտածած, որովհետեւ շատ հանգիստ ըլլալով մօրը հետ, այդ երիտասարդ տարիքին կարեւորութուն չէ տուած: Մայրը միշտ դրդած է զինք ամուսնանալու, բայց ի զուր:
Մօր՝ Արաքսիին մահէն ետք Մոսվէս առանձին կ՛ապրի՝ մինչեւ իր մահը՝ Յունուար 5, 2010:
Մովսէս պզտիկ տարիքէն եղած է ինքնավստահ եւ կրցածին չափ օգտակար եղած է իր ընկերներուն:
Մովսէսը ՀՅ Դաշնակցութեան զինուորներէն մէկն էր: Կը հետեւէր իր մեծերուն հրահանգին եւ կը գործադրէր: Աբօ Աշճեան հսկայ ազդեցութիւն ունեցած է Մովսէին կեանքին վրայ: Տոքթ. Ատուր Գապագեանը Մովսէսի ուղղութիւն տուած է, եւ Մովսէս լի ու լի գործադրած է իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները:
Մովսէսը բնաւ դրամասէր չէ եղած: Ան օգտակար եղած է իր ընտանիքին՝ նիւթապէս: Եղբայրը՝ Արմէնը, կը վկայէ, որ Մովսէս միշտ ուզած է իր ծնողական տան սեփական բաժնեմասը նուիրել Հայ Օգնութեան Միութեան եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին:
Մովսէս իր կրտսեր եղբայրը, Կարօն կորսնցուց տարի մը առաջ: Անոր համար շատ ծանր եղաւ իր 59ամեայ եղբօր մահը:
Հողը թեթեւ թող գայ վրադ Մովսէս: