Տխրահռչակ Հայ-թրքական հաշտութեան յանձնախումբի ամերիկացի համանախագահ Տէյվիտ Ֆիլիփս, «Պոսթըն Կլոպ» օրաթերթի Փետրուար 11ի թիւին մէջ կը գրէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կը փափաքի հայ-թրքական արձանագրութիւնները յանձնել երկրի խորհրդարանին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, խուսափելով խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին նման պայթուցիկ հարցի մը առնչութեամբ ակնկալուող ծանր քննադատութիւններէն՝ կրնայ ձեռքէ փախցնել պատմական այս առիթը։
«Գնդակը կը գտնուի Թուրքիոյ դաշտին վրայ», կը նշէ ան եւ կ՛աւելցնէ, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները կը գտնուին ձախողութեան եզրին:
Նշելէ ետք, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի օրակարգ բերուող Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին եւ հայ-թրքական սահմանի բացումին միջեւ որեւէ կապ պէտք չէ ըլլայ, ան նաեւ կը գրէ, թէ գործականին մէջ, այդպիսի կապ գոյութիւն ունի։ «Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի վաւերացման պարագային, Թուրքիան ինքզինք պիտի արդարացնէ արձանագրութիւններէն հրաժարելու հարցին մէջ։ Նոյնիսկ Էրտողան, առնուազն կարճ ժամանակի մէջ, կրնայ քաղաքական կէտեր շահիլ»։
Ֆիլիփս կ՛ընդգծէ, որ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը պէտք է կարելին ընէ նման դիւանագիտական աղէտ մը կանխելու համար, «որովհետեւ ատիկա լուրջ հարուած պիտի հասցնէ ամերիկեան շահերուն, այնպիսի մէկ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Միացեալ Նահանգները Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ կայունութեան հաստատման եւ Իրանի հիւլէական տագնապին հետ կապուած հարցերուն մէջ կը զգայ Թուրքիոյ աջակցութեան կարիքը»։
«Ապրիլ 24»ի մօտեցումին, խուսափումի ելք կը փնտռեն՝ նախագահ Օպամային համար.
Nakhakah oum baban yete mart é-(sèv gam mokhrakouyn)
bedk e harké ir khossdoum’e
martgayine gam ayl artaroutioun’e ayt ge bahantché
aylabes mer herachali SIAMANTO’ine tsassoum’e menk al ge gergnenek
moloragui polor herabaragneroun vra
mintchèv Tchine-Matchine
amen!