ՊՈԼԻՍ.- «Հերմոն Վարիշ» թատերախումբը, որ ամէն եղանակի նոր թատերախաղով մը կը ներկայանայ թատերասէրներուն, այս տարուան համար ընտրած էր Ռէյ Կիլթընի ու Ճոն Էնթրոպայի՝ «Եթէ դուք ըլլայիք, ի՞նչ կ՛ընէիք» խորագրեալ զաւեշտախաղը։
Թատերախումբը ամիսներէ ի վեր կը մարզուէր Հերմոն Վարիշի ու իր կողակիցին՝ Անահիտ Վարիշի, հսկողութեան տակ: Չորեքշաբթի, Փետրուար 10ին, ներկայացումը յանձնուեցաւ թատերասէրներու ուշադրութեան։
Վերոյիշեալ կալային ներկայ էին Շիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Պետրոս եւ Լետա Շիրինօղլուներ, համայնքի թատերական աշխարհէն յայտնի դէմքեր ու դերասաններ, նաեւ հրաւիրեալներ ու թատերասէրներ, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին «Հալտուն Տօրմէն» թատերասրահը։
Թատերախաղը, որ լիահագագ խնդուք պատճառող թրքերէն զաւեշտ մըն էր, դարձեալ քով քովի բերած էր խումբ մը սիրուած դերասաններ, որոնք ցուցաբերեցին վարպետ խաղարկութիւն ու դերակատարութիւն։
Ներկայացումը կը պատմէր Գուրթուլուշի բնակարաններէն մէկուն մէջ գործատիրոջ մը ու իր քարտուղարուհիի միջեւ սիրային կապին, ու անոր հետեւանքով ապրուած գիշերուան մը ձախորդ զարգացումներուն մասին: