Վարեց՝ ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- ՀՕՄի նման մեծ կազմակերպութեան մը հարիւրամեայ վաստակը գնահատելու պարտականութիւնը խիստ պատասխանատու գործ է: Ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք գլուխ հանելու այս պարտականութիւնը: Ի՞նչ ծրագիներ մշակած էք նշելու համար այս մեծ տարեդարձը: Մանրամասնութիւններ կրնա՞ք տալ, թուական, վայր, եւ այլն:

ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Նախ համեստաբար ըսեմ, թէ 100ամեայ ՀՕՄին 46 տարիները իբրեւ ՀՕՄական ապրած եմ բառին ամբողջական իմաստով՝ անցնելով անոր ամէն տեսակի յանձնախումբերէն ու կարգերէն: Հաւատաւոր ու նուիրեալ ՀՕՄուհի ընկերուհիներուս հետ միասին քանի՜, քանի՜ անգամներ հաճոյքն ու պատիւը ունեցած ենք ամեակներ կազմակերպելու եւ զանոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս յաջողութեամբ պսակելու: Այսօր, երբ կրկին անգամ մեզի կը տրուի առիթը, մեր կազմակերպութեան, այս անգամ մէկ դարեայ հարուստ կեանքի տարեդարձը նշելու, մեր ուժերը լարուած, հաւատքով լի գալիք հարիւրամեակի նկատմամբ, վստահելով ՀՕՄուհիներու նուիրուածութեան, մասնաւորաբար տասնամեակներու ընթացքին ՀՕՄին զօրակցող, աւիւն ու աւիշ ներարկող հայ ժողովուրդի քաջալերանքին՝ ամենայն պատասխանատուութեամբ յանձն առած ենք 100ամեակի ճիւղաւորուած ծրագիրները արժանավայել իրենց լրումին հասցնելու աշխատանքը:
Անցնելով բուն կէտին, յիշողութիւնները թարմացնելու համար յայտնեմ, թէ ասկէ քանի մը տարիներ առաջ ՀՕՄի 68րդ Համահայկական ժողովը, նկատի ունենալով կազմակերպութեան առաջ կանգնած նորանոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու հրամայականը եւ սփիւռք-հայրենիք բազմատեսակ կարիքները, որոշում կայացուց 100ամեակի հիմնադրամ ստեղծելու, տնտեսապէս զօրացնելու համար երկրորդ հարիւրամեակ մուտք գործող կառոյցը, որպէսզի ան հարիւր եւ աւելի տարիներ եւս մնայ կանգուն ու հաստատուն եւ ծառայէ հայութեան ու անոր հայրենիք Հայաստանին:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, հանգանակութեան ճամբով հիմնադրամին գումարներ գոյացնելու նպատակով, աշխարհատարած իր շրջաններէն իւրաքանչիւրին, ըստ շրջանի տնտեսական եւ մարդուժի կարողութեան եւ կարելիութիւններուն, սակ մը որոշեց: Արեւմտեան շրջանի, այսինքն՝ մեր, պարտականութիւնն է մէկ միլիոն տոլար գոյացնել մինչեւ 2010ի աւարտը:

Սոյն գումարը գոյացնելու համար, ԱՄՆ Արեւմտեան ափի Շրջանային վարչութիւնը երեք տարի առաջ կեանքի կոչեց ՀՕՄի 100ամեակի Հիմնադրամի յանձնախումբը: Այս յանձնախումբը պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, մեծ ու փոքր ձեռնարկներ իրագործելով, ՀՕՄուհիներէն 1000ական տոլար գանձելով, մասնաճիւղերու օժանդակութեամբ, նուիրատուներու առատաձեռնութեամբ, ցարդ հանգանակած է վեց հարիւր հազար տոլար: Երեք տարիներ առաջ կը խորհէինք, թէ 2010 թուականը շա՜տ հեռու է, տակաւին ժամանակ կայ մէկ միլիոնը ամբողջացնելու: Սակայն 2010 թուականը հասած է արդէն, աշխարհասփիւռ ՀՕՄուհիները ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը պատրաստուին տօնակատարելու իրենց սիրելի կազմակերպութեան 100ամեակը:
Արեւմտեան շրջանի 100ամեակի հիմնադրամի յանձնախումբը, իբրեւ տեղական կեդրոնական յանձնախումբ, իր ենթայանձնախումբերով միասին լծուած է աշխատանքի, արժանավայել կերպով նշելու համար հարիւրամեայ վաստակով բեռնաւոր հայ կանանց այս հրաշագործ կազմակերպութեան տարեդարձը: Թուեմ գործադրելի ծրագիրները.

ա.- Փետրուար ամսուան ընթացքին հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ծանօթացնել ՀՕՄը՝ տեսաերիզով, նաեւ՝ ՀՕՄի կառոյցը ներկայացնող անձի մը միջոցաւ:
բ.- Ծանօթացումէն ետք, Մարտ ամսուան ընթացքին, հայերէն լեզուով շարադրական մրցոյթ, 6րդ կարգէն մինչեւ 12րդ կարգի աշակերտներու մասնակցութեամբ, նիւթ ունենալով ՀՕՄը, հայութիւնն ու Հայաստանը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ կամաւոր աշխատանքի կարեւորութիւնը:
գ.- Շաբաթ, 6 Փետրուարին, Շաբաթօրեայ դպրոցներէն ներս ՀՕՄը պիտի ծանօթացնէ Նայիրի Տէրտէրեանը, ապա աշակերտները գծագրութեան մրցոյթի պիտի մասնակցին, այդ ճամբով իրենց ընկալածը արտայայտելու համար: Լաւագոյնները շնորհաւորական քարդերու վերածուելով՝ պիտի վաճառուին հանրութեան, հասոյթը տրամադրելով ՀՕՄի 100ամեակի հիմնադրամին:
դ.- Կիրակի, 16 Մայիս, 2010, կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Woodland Hills-ի Marriott պանդոկին մէջ, շքեղ ճաշկերոյթ հանդիսութիւն՝ «Հայ կանանց, հայ մայրերուն երախտիքի օր»:
Այստեղ կ՛ուզեմ երախտագիտութեամբ յիշել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ շնորհազարդ կաթողիկոս Արամ Ա. հայրապետին կողմէ 2010 թուականը «Հայ կնոջ տարի» հռչակուելու քայլը, յատկապէս իր գրիչէն ժայթքած իմաստուն խօսքերով ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս հայ կնոջ դերի ու տեղի մատնանշումն ու վերահաստատումը: Հետեւաբար, կ՛ակնկալենք, որ յիշեալ տօնակատարութեան առիթով մեր գաղութը զօրաշարժի ենթարկուի եւ այս անգամ մեր յարգելի այրերն ալ ներկայ գտնուելով՝ պատուեն իրենց կիները, մայրերն ու քոյրերը, նաեւ՝ հարիւրամեայ ՀՕՄը, ՀՕՄուհիները:
ե.- Յուլիսին Արեւմտեան շրջանի Պատգամաւորական ժողովը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի մէջ, ուր 1915ին ստեղծուած է Արեւմտեան շրջանի ՀՕՄի առաջին մասնաճիւղը՝ «Մայր»ը: Հոն նաեւ պիտի նշուի ՀՕՄի 100ամեակը՝ ճաշկերոյթ հանդիսութեամբ մը, կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի միացեալ յանձնախումբին:
զ.- Փակման հանդիսութիւն, Կիրակի 12 Սեպտեմբերին, գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով: Մանրամասնութիւնները հետագային մամուլով կը հրապարակենք:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Այլ շրջաններու մէջ ե՞ւս կան Ձեզի նման յանձնախումբեր: Արդէն սկսա՞ծ են գործի: Համադրումի անհրաժեշտութիւն կա՞յ: Իւրաքանչիւր շրջանի մէջ նշելով պիտի բաւարարուի՞ք, թէ Կեդրոնական վարչութիւնը կը մտադրէ մէկ, մեծ ձեռնարկով հանրագումարի բերել բոլոր շրջաններու տօնակատարութիւնները:
ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- ՀՕՄի բոլոր շրջանները առանձնաբար լծուած են աշխատանքի: Օրինակ մը տալու համար, Արեւլեան շրջանէն ներս, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, 1910ին ՀՕՄի հիմնադրութեան վայր Նիւ Եորք նահանգի նոյնանուն քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան դաստիարակչական, քարոզչական միջոցառումներ, նաեւ՝ տօնախմբութիւն: Այս ձեռնարկին մասնակիցները պիտի այցելեն ՄԱԿի շէնքը: Նիւ Եորքի այս նախաձեռնութեանց կազմակերպչական աշխատանքները ստանձնած է Արեւելեան շրջանը:
Կեդրոնական վարչութիւնը ծրագրած է ուխտագնացութիւն դէպի Տէր Զօր, որմէ ետք 100ամեակի ծրագիրներու իբրեւ հանրագումար, փակումը տեղի պիտի ունենայ Հայ օգնութեան միութեան ստեղծումին՝ հիմնադրութեան դրդապատճառ, նաեւ անոր էութիւնն իսկ եղող Մայր Հայրենիքին մէջ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Ձեր ծրագիրները մշակելու համար, որո՞նց հետ կը համագործակցիք: Շրջանային վարչութի՞ւն, մասնաճիւղեր:
ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- ՀՕՄ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչն ու Շրջանային վարչութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած են յանձնախումբին: Պարբերաբար խորհրդակցական հանդիպումներ կ՛ունենանք՝ ծրագիրները լաւագոյն միջոցներով իրագործելու համար: Մասնաճիւղերը իրենց ներկայացուցիչները ունին յանձնախումբերէ ներս, հետեւաբար համագործակցութիւնը քառակողմանի եւ ամբողջական է: Հարկ է նշել, թէ ոչ ՀՕՄուհի հայուհիներ ալ կը փորձենք ներգրաւել յանձնախումբերէ ներս, անոնցմէ ոմանք, մօտէն ծանօթանալով ՀՕՄին՝ կը փափաքին անդամագրուիլ:
Միջանկեալ յայտնեմ, թէ 100ամեակի առթիւ վճռած ենք 100 անդամ շարքերը անցնել:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Այս կարեւոր տարեդարձին առիթով ՀՕՄին նուիրուած որեւէ ուսումնասիրական-պատմական հրատարակութիւն պատրաստելու ծրագիր ունի՞ք:
ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- ՀՕՄի 100ամեայ գործունէութեան ուսումնասիրուած պատմականը պատրաստելու արխիւային ծանր աշխատանքը Կեդրոնական վարչութիւնը վստահած է բազմաշնորհ մտաւորական, ՀՕՄի աշխատանքներուն եւ անոր էութեան լաւածանօթ պրն. Թաթուլ Սոնենցին: Մօտիկ ապագային Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, ՀՕՄի 100ամեայ խամրած արխիւներէն, պրն. Սոնենցի տքնաջան աշխատանքով լոյս աշխարհ կու գայ հայ ժողովուրդի վերջին 100 տարիներու պատմութեան հետ խոր եւ սերտ առնչութիւն ունեցող, ինչպէս նաեւ հայ կանանց լայնածաւալ գործունէութիւնը արտացոլող պատմական գիրքը:
Գալով Արեւմտեան շրջանի հրատարակելիք գիրքին, ան ունի մէկէ աւելի նպատակ.
ա.- Արեւմտեան շրջանի ամփոփ պատմականը ներկայացնել.
բ.- Սրտի կամ ողջոյնի խօսքեր համատեղել՝ մտաւորականներէ, հայ եւ օտար հաստատութիւններէ եւ ուղեկից կազմակերպութիւններէ.
գ.- Վաստակաւոր ՀՕՄուհիներու կենսագրական գիծեր ներկայացնել.
դ.- Հանգանակային բնոյթ. գիրքին էջերը սակագրուած են: Անոնք, որոնք կը փափաքին էջ մը գրաւել ի պատիւ կամ ի յիշատակ իրենց սիրելիներուն, յատկապէս ՀՕՄուհի մայրերու զաւակները, կրնան դիմել ՀՕՄի գրասենեակ՝ ստանալու համար յատուկ ձեւակալ մը (form): Գրասենեակի հեռաձայնին թիւն է 818-500-1343: Սոյն մասնակցութեամբ ոչ միայն բարեգործութիւն կատարուած կ՛ըլլայ, այլ նաեւ յիշատակելի անուն մը ձգած՝ 100ամեակի գիրքին մէջ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Կազմակերպող յանձնախումբը ՀՕՄէն դուրս այլ կազմակերպութիւններէն ի՞նչ ակնկալիքներ ունի այս տարեդարձի պատշաճ նշումը ապահովելու համար:
ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Յանձնախումբը մեծ ակնկալութիւններ ունի ընդհանրապէս հայ ժողովուրդէն եւ յատկապէս ուղեկից կազմակերպութիւններէն ու ազգային վարժարաններէն, որոնք տասնամեակներ շարունակ վայելած են ՀՕՄի գուրգուրանքն ու օժանդակութիւնը:
Շատ փափաքելի, միեւնոյն ատեն օրինակելի պիտի ըլլայ, եթէ ՀՄԸՄի սկաուտները, ՀԵԴի անդամները, ազգային վարժարաններու աշակերտութիւնը, «Համազգային»ը, առանձնաբար ծրագիրներ իրագործելով՝ ցոյց տան իրենց յարգանքն ու երախտիքը 100ամեայ ՀՕՄին, նաեւ այդ ծրագիրներու հասոյթը նուիրաբերեն հիմնադրամին, հոգ չէ, եթէ խորհրդանշական ըլլայ նիւթական մասնակցութիւնը: Այստեղ կ՛ուզեմ մէջբերում մը կատարել Լեւոն Շանթի՝ «Ճեմարան»ի հիմնադրութեան քսնահինգամեակի առթիւ արտասանած խօսքէն. «Առանց Հայ Կարմիր խաչի (ՀՕՄ) թանկագին օժանդակութեան, մեր ժողովուրդի ընդունակ եւ ուսումնածարաւ, բայց նիւթապէս անկարող քանի՜-քանի՜ տասնեակ տղաքն ու աղջիկները մեր հաստատութեան մէջ առնելու հնարաւորութիւնը պիտի չունենայինք եւ ընդհանրապէս, մեր նորակազմ «Համազգային»ը, միայն իր միջոցներով պիտի չկարողանար այսքա՛ն շուտ ոտքի հանել Ճեմարանի նման բարդ ու մեծածախս հաստատութիւն մը: Ով այս Ճեմարանին արժէք մը կու տայ, ով այս Ճեմարանէն օգուտ մը կը ստանայ, պէտք է միշտ ջերմութեամբ յիշէ Հայ Կարմիր խաչի անունը՝ «Համազգային»ի անունին քովիկը՝ «Համազգային»ի անունին հիւսուած… Այսպէս, Ամերիկայի Հայ Կարմիր խաչը, կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը հանդիսացաւ Ճեմարանի գոյութեան սիւնը»:
Լեւոն Շանթի պարտաւորեցնող այս խօսքերուն ականջալուր համազգայնականներն ու ճեմարանականները, կը յուսանք, իրենց ներդրումը կ՛ունենան Հայ Կարմիր խաչը զօրացնելու կոչուած հիմնադրամին, նաեւ իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն 100ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնները:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Կազմակերպիչ յանձնախումբը իր ծրագրած ձեռնարկները յաջող գնահատելու համար ի՞նչ արդիւնքներ կը սպասէ ունենալ. նիւթակա՞ն, բարոյակա՞ն, քարոզչակա՞ն, անդամարշաւի՞:
ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Կ՛ակնկալենք, որ 100ամեայ ՀՕՄին լայնածաւալ գործունէութեան քարոզչութիւնը կատարուի պատշաճ ու արժանավայել կերպով, մամուլի եւ հեռատեսիլի միջոցաւ: Անշուշտ ծրագրած ենք իրականացնել այս, եւ կը յուսանք, որ արդիւնքը կ՛ըլլայ գոհացուցիչ ու գնահատելի:
Կ՛ակնկալենք նաեւ մարդուժով զօրացնել կազմակերպութիւնը. ինչպէս վերեւը յիշած եմ, վճռած ենք 100 նոր անդամներ ներգրաւել շարքերուն մէջ:
Առանց նիւթականի, ամէնէն գեղեցիկ ծրագիրներն ալ կարելի չէ իրագործել. նիւթական ակնկալութիւնը մեծ է: Կը յուսանք, որ մէկ միլիոնը կ՛ամբողջացնենք, կեանքի բարիքներով առատօրէն օժտուած մեր ազգայինները կարդալով այս տողերը, եւ նկատելով ՀՕՄուհիներուն կողմէ լումա առ լումա, դժուարութեամբ գումարներ մէկտեղելը՝ կը մտածեն անոնց գործը դիւրացնելու մասին՝ շօշափելի գումարով մը ճաշկերոյթը հովանաւորելով կամ պատուոյ հիւր դառնալով. կը սպասենք այդ քայլին:
Յանձնախումբը իր ծրագրած ձեռնարկները յաջող պիտի նկատէ, եթէ անոնք տեղի ունենան բարձր մակարդակով, գաղութի ամբողջական զօրակցութեամբ, եկեղեցական թէ աշխարհիկ կառոյցներու մարմիններու եւ անդամներու խուռներամ ներկայութեամբ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Իբրեւ բազմամեայ ՀՕՄի անդամ ու այդ կազմակերպութեան մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարած անձ, նոր հարիւրամեակի սեմին ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը տեսնէք այս մեծ կազմակերպութեան առջեւ:
ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- ՀՕՄը, իր բնոյթով մարդասիրական, բարեսիրական ըլլալով հանդերձ, հիմունքով գերազանցապէս ազգային կազմակերպութիւն է. իր կեանքը ընդելուզուած է հայ ժողովուրդի կեանքին հետ. հետեւաբար, այն մարտահրաւէրները, որոնք հայ ժողովուրդին առջեւ կանգնած են, կանգնած են նաեւ ՀՕՄին առաջ:
Հարիւրամեակի սեմին, կազմակերպութեան առաջ կանգնած մարտահրաւէրները բազում են, սակայն միջոցները սահմանափակ: Շա՜տ բարդ եւ խորունկ հարցում մըն է տրուածը, որ կը կարօտի լայնածաւալ պատասխանի, սակայն պիտի բաւարարուիմ քանի մը կենսական ու անմիջական հրամայականներ նշելով.
– Ներքին կազմակերպչական. մարդուժով զօրացնելու խնդիր: ՀՕՄի շարքերը խտացնել՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան, անոր դարաւոր մշակոյթի, հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման բծախնդիր եւ անոր հայրենիք Հայաստանի յաւերժութեան հաւատացող մարդկանց գրաւումով: Ազգային գիտակցութիւնը, ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը կը ստացուին, եթէ ենթական չէ ստացած. միայն հարկ է ներարկել: Կը հաւատամ, որ բարեգործութիւնը-բարեսիրականը պարագայական խնդիրներ են. մնայունը ազգայինն է: Մեր ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատացող անդամը յանձնառու կ՛ըլլայ ամէն տեսակի զոհողութեան: Ուրկէ՞ պիտի գան այդ յանձնառուները, եթէ ոչ մեր ազգը կազմող ընտանիքներէ: Այսօր, դժբախտաբար, (յարգելով հանդերձ բացառութիւնները) կարելի է ըսել, թէ ընտանիքներէ ներս ազգային արժէքներու հանդէպ, հաւաքական կեանքի հանդէպ անտարբերութիւն, թերահաւատութիւն գոյութիւն ունի: Հարկ է, որ հայ մարդը վերականգնէ իր հաւատքը ի խնդիր հարազատ ժողովուրդի գոյատեւման ու հայրենիքի յաւերժութեան, նաեւ մասնակից դառնալով հաւաքական կեանքին՝ սատարէ այն կառոյցներուն, որոնք կոչուած են ապահովելու յաւերժական երթը մեր ժողովուրդին: Հետեւաբար, հաւատքով լի ընտանիքներն են, որոնք պիտի հայթայթեն հարկ եղած մարդուժը ՀՕՄին, եւ ՀՕՄը այն միջավայրն է, ուր պիտի ծաղկին մարդասիրութեան, ծառայութեան, ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան զգացումները՝ մղելով հայ մարդը գործնական քայլերու:
– Տնտեսական հզօրացում.
– Աշխարհի յարափոփոխ իրավիճակը, աշխարհա-քաղաքական իրադարձութիւնները, համաշխարհայնացման արագընթաց տարածումը եւ ճարտարարուեստի սրընթաց վազքը կը պարտադրեն ՀՕՄին վերանայիլ, վերարժեւորումէն անդին անցնելով ու նոր գործելաձեւով՝ նոր քայլեր, նորանոր ծրագիրներ մշակել: Այստեղ հարկ է յիշել, թէ մեր աւանդական սփիւռքներուն կողքին յառաջացած են նոր սփիւռքներ, որոնք կազմակերպուելու համար նաեւ ֆիզիքական, հոգեմտաւոր սնունդի կարիքը ունին. ՀՕՄը պարտաւոր է հասնելու նաեւ հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը հանդիսացող այդ հատուածներուն:
– ՀՕՄը իբրեւ 100ամեայ կազմակերպութիւն, թէեւ միջազգայնօրէն ճանաչում գտած է, սակայն դուրսի աշխարհին առաւել բացուելու, ինքզինք ծանօթացնելու, միջազգային կնոջական կազմակերպութիւններու հետ փոխյարաբերութիւններ մշակելով իր ինքնուրոյն տեղը գրաւելու եւ նորանոր գաղափարներով ու փորձառութեամբ հարստացած՝ ՀՕՄի մարդասիրական գործունէութեան հետ միասին Հայ Դատի եւ Հայաստանի ի նպաստ աշխատանք ծաւալելու ստիպողականին առաջ կը գտնուի: Տակաւին չեմ խօսիր որբախնամ, կրթանպաստ, առողջապահական եւ ընկերային, նաեւ մայրենի լեզուի նահանջը կասեցնելու, հայ մշակոյթի ինքնուրոյնութիւնը պահպանելու կոչուած ծրագիրներուն մասին, որոնք տեւաբար օրակարգի վրայ են եւ հսկայական գումարներու կը կարօտին:
Սփիւռքեան եւ հայրենական վերոյիշեալ կարիքներն ու ծրագիրները նկատի ունենալով է, որ ՀՕՄը 100ամեակին առթիւ որոշեց հիմնադրամ մը ստեղծել: Ո՞վ տնտեսապէս պիտի հզօրացնէ ՀՕՄը, որպէսզի ազգանուէր, հայրենաշէն ու մարդասիրական իր ծրագիրները շարունակէ իրագործել հարիւր եւ աւելի տարիներ եւս: Պատասխանը միանշանակ է. հա՛յ ժողովուրդը: Իր արեան կանչին ականջալուր, հաւատաւոր հա՛յ ժողովուրդը պիտի հզօրացնէ ՀՕՄը՝ տնտեսապէս եւ մարդուժով: Ինչպէս դար մը ամբողջ, ան, նեցուկ ու յենարան ըլլալով՝ այս հրաշագործ կազմակերպութիւնը հասցուց 21րդ դար: Պատիւ ու յարգանք հայ ժողովուրդին, պատիւ նաեւ այն անձինք նուիրեալներուն, որոնք անխոնջ ու անսակարկ գործեցին այս կազմակերպութենէն ներս, առանց խնայելու իրենց ժամանակը ու նիւթականը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Աւարտելու համար այս զրոյցը, Ձեր սրտի խօսքը՝ մեր ընթերցողներուն:
ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- 100ամեակի առթիւ կը շնորհաւորեմ հայ ժողովուրդը եւ կ՛ակնկալեմ, որ Կիրակի, Մայիս 16ին, խուռներամ ներկայութեամբ յարգանք ու երախտիք յայտնուի հայ կեանքէն ներս օրհնութիւն դարձած 100ամեայ ՀՕՄին:
Կը շնորհաւորեմ ՀՕՄուհի ընկերուհիներս եւ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրենց համագործակցութեան համար վերջին երեք տարիներու ընթացքին, հիմնադրամին ի նպաստ կատարուող աշխատանքներուն:
Այս առթիւ կոչ կ՛ուղեմ բոլոր հայուհիներուն, անխտի՛ր, գալու, միանալու եւ միասնաբար դիմագրաւելու մեր կազմակերպութեան, ազգին ու հայրենիքին դէմ ծառացած ներքին ու արտաքին ամէն տեսակի մարտահրաւէրները:
Կանաչ ճանապարհ: Բարի երթ 100ամեայ ՀՕՄին:
Շնորհակալութիւն «Ասպարէզ»ին՝ այս առիթին համար:
ՀՕՄի 100ամեակի հիմնադրամին եւ Ընդհանուր ծրագիրներու կեդրոնական յանձնախումբի անդամներ.
Վիգի Մարաշլեան՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ
Անի Կիրակոսեան՝ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ
Մաքօ Մկրտիչեան՝ ատենապետ
Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան՝ փոխատենապետ
Լինտա Քանտիլեան՝ քարտուղարուհի
Սեդա Մարտիրոսեան՝ հաշուապահ
Անօ Քուլուքեան՝ գանձապահ
Խոհրդականներ՝ Րիմա Պօղոսեան, Լուիզա Գիւրջեան, Հայկուհի Սերոբեան, Քրիսթին Յովնանեան, Ռօզ Ալթունեան, Սեդա Յակոբեան, Շաքէ Աճէմեան, Աշխէն Պետրոսեան, Շաքէ Աբէլեան, Քնար Աւետիսեան եւ Հուրի Դաւթեան:
100ամեակի գիրքը համադրող ենթայանձնախումբի անդամներ՝
Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան (պատասխանատու), Սոնա Մատառեան, Աստղիկ Շիթիլեան, Ժասիք Ճէրահեան, Նայիրի Տէրտէրեան եւ Քրիսթին Յովնանեան:
Ճաշկերոյթ-հանդիսութեան ենթայանձնախումբի անդամներ՝
Սիլվա Փօլատեան (պատասխանատու), Սօսի Գաբրիէլ (փոխպատասխանատու), Պէքի Պէրպէրեան (քարտուղար), Քրիսթին Յովնանեան (գանձապահ), Անի Մկրտիչեան, Քրիսթին Պետոյեան, Մայտա Պէհէզնիլեան, Նէնսի Պետիրեան, Միմի Թովմասեան, Ալին Հապէշեան, Ժարմէն Միրզախանեան, Արփի Նալպանտեան, Արշօ Աղճեան, Հուրի Դաւթեան, Քնար Աւետիսեան: Ներկայացուցիչ՝ Մաքօ Մկրտիչեան:
Շարադրական մրցոյթի ենթայանձնախումբ՝
Ռիթա Որբերեան, Խաթուն Բագրատունի, Սեդա Սիմոնեան, Նունիկ Այիրեան, Լինտա Քանտիլեան եւ Մաքօ Մկրտիչեան: