ՊՈԼԻՍ.- «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Իսթիքլալ պողոտային վրայ շուրջ 50 ցուցարարներ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած են Երեքշաբթի, Փետրուար 16ին, քանի մը օր առաջ «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքէջին դէմ կատարուած յարձակումին պատճառով։ Ցուցարարները ցոյցի ընթացքին բացագանչած են՝ «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս հայ ենք» կարգախօսը, եւ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ վաճառած են շաբաթաթերթին թիւերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.