ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հինգշաբթի, Փետրուար 18ին, Չինաստանի Թիպեթ շրջանի ժողովուրդին իրաւունքներու հարցը անգամ մը եւս միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուէր, որովհետեւ Թիպէթի արտաքսուած կրօնապետ Տալայ Լաման, 1991էն ի վեր աւանդութեան վերածուած սովորութեամբ մը կը հիւրընկալուէր Սպիտակ տան մէջ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ նախագահ Պարաք Օպամա անցեալ աշնան, Չինաստան կատարելիք իր այցելութեան նախօրեակին մերժած էր ընդունիլ Տալայ Լաման, ան այս անգամ որոշեց հիւրընկալել զայն, հակառակ Չինաստանի ցուցաբերած զայրոյթին:
Օպամա կը գիտակցի, որ Տալայ Լաման անջատողական մը նկատող Չինաստանի իշխանութեանց զայրոյթին մեծ մասը ներքին օգտագործման համար է, սակայն ան չ՛ուզեր հարկաւորէն աւելի զայրացնել Պէյժինկի վարչախումբը, յատկապէս, երբ անոնցմէ զիջումներ կը պահանջէ Իրանի հիւլէական տագնապին գծով եւ տնտեսական գետնի վրայ, ուր չինական դրամանիշին վերարժեւորումը մեծապէս կրնայ նպաստել տնտեսական հսկայ ճգնաժամ մը դիմագրաւող Ուաշինկթընի կողմէ առաջ մղուող տնտեսութեան բարելաւման ջանքերուն:
Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակին տիրացած այս զոյգին՝ Օպամայի եւ Տալայ Լամայի, միջեւ զրոյցին ընթացքին վստահաբար հետքաքրքրական եւ լաւապէս մշակուած խօսքերու փոխանակումներ տեղի ունեցան, սակայն անոնցմէ աւելի կարեւոր էր Սպիտակ տան մէջ կայացած սոյն հանդիպումէն բխող այն պատգամը, թէ հակառակ Չինաստանի հետզհետէ աճող համաշխարհային ազդեցութեան, Ուաշինկթըն միշտ չէ, որ աչք պիտի փակէ հոն շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն դիմաց: