ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջակայքի Բեթել եւ Գողգոթա հայ աւետարանական եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Յովհաննէս, Ս. Անդրէաս եւ Ս. Վարդան Հայց. առաքելական եկեղեցիներու, Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 11ին, երեկոյան ժամը 7ին Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ հոգեւոր հովիւներու ու շուրջ 300 հայ հաւատացեալներու:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց վեր. Ներսէս Պալապանեան՝ աղօթքով ու ողջոյնի խօսքերով. ապա ան անդրադարձաւ Վարդանանց պատերազմի կրօնական ու քաղաքական նշանակութիւններուն ու անոնց բարերար հետեւանքներուն, որոնք կազմեցին հայոց պատմութեան փառաւոր էջերը՝ որպէս կրօնական ու ազգային պատերազմ Աւարայրի դաշտին վրայ:
Յայտագիրի ընթացքին յաջորդաբար եղան Սուրբ Գրային ընթերցումներ՝ կատարմամբ Տիրան քհնյ. Աւագեանի, Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի, Աւետիս քհնյ. Թորոսեանի եւ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանի:
Յովէլ քհնյ. Օհանեանը քանի մը հատուածներ ընթերցեց «Վարդանանց Հաւատքին Հռչակագիրը»էն, որմէ կը ներկայացնենք բաժին մը. «Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ խախտել մեզ, ոչ հրեշտակները, ոչ մարդիկ, ոչ սուր, ոչ հուր, ոչ ջուր, եւ ոչ ալ որեւէ ուրիշ դառն հարուածներ: մեր բոլոր ստացուածքն ու կալուածները քու ձեռքդ են ու մեր մարմիններն ալ քու առջեւդ: քու կամքիդ համաձայն ըրէ ինչ որ կ՛ուզես: եթէ մեր հաւատքին մէջ թողուս մեզ, հոս երկրի վրայ ուրիշ տիրոջ հետ չենք փոխեր քեզ, ոչ ալ երկինքի մէջ ուրիշ աստուած կը փոխանակենք յիսուս քրիստոսի հետ. որմէ զատ ուրիշ աստուած չկայ: իսկ եթէ այս վկայութենէն յետոյ, ուրիշ բան պահանջես, ահա հոս ենք՝ մեր ամբողջ մարմինը ձեր ձեռքը տուած: շուտով ըրէ ինչ որ կամիս: քեզմէ տանջանք, մեզմէ յանձնառութիւն. քու սուրդ, մեր պարանոցը: մենք աւելի լաւ չենք քան մեր նախորդները, որոնք այս հաւատքին վրայ դրին իրենց ինչքը, ստացուածքն ու մարմինները»:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայց. առաքելական Գողգոթա եկեղեցւոյ լարային եռեակը, երգչախումբը եւ պարիթոն Զաւէն Թաշճեանը:
Տօնակատարութեան գլխաւոր պատգամաբերն էր վեր. Մկրտիչ Մելքոնեանը՝ յատկապէս հրաւիրուած Ֆրեզնոյէն: Վեր. Մելքոնեան պատշաճ կերպով ներկայացուց Վարդանանց տօնակատարութեան միտք բանին՝ մանրամասնելով այդ օրերու քաղաքական կացութիւնները ու վեր առնելով սպարապետ Քաջ Վարդանի ու Ղեւոնդ Երեցի, հայրենիքի ու կրօնքի հանդէպ ունեցած հաւատքը: Վեր. Մ. Մելքոնեան իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Բնաւ զարմանալի չէ, որ բազմաթիւ պատերազմներէն միայն Վարդանանցը կը յիշենք հաւատարմութեամբ, դարերէ ի վեր: Վարդանանցը ինքնուրոյն է անոր համար, որ կը խորհրդանշէ հայուն ոգին: Վարդանանցի լօզունգին մէջ իսկ կը տեսնենք հայու ոգին՝ «Վասն Քրիստոսի, Վասն Հայրենեաց»: Մեր նախորդները հասկցան, ընդունեցին եւ իւրացուցին Քրիստոսի սէրը, եւ սրբազան Պօղոս առաքեալի նման յայտարարեցին քաջօրէն եւ ինքնավստահ. «Ո՛վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսի սէրէն»»:
Վեր. Մ. Մելքոնեան շարունակեց իր խօսքը՝ ըսելով. «Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ քանիցս կը հանդիպինք հերոսներու, որոնց կեանքի նպատակը եղած է հայ ժողովուրդը եւ անոր փրկութիւնը: Կարկառուն օրինակներ են Սասունցի Դաւիթի Փոքր Մհերը, որ իր ժողովուրդի հոգը կռնակը առած՝ կը կքի ծանրութենէն ու կը մխրճուի գետնին մէջ: Այլ սքանչելի օրինակ մըն է Գրիգոր Նարեկացին, որ ամբողջ ժողովուրդին մեղքը իր սրտին վրայ դնելով՝ կ՛աղօթէ Աստուծոյ, եւ կը խոստովանի զանոնք իր «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքին մէջ: Ղեւոնդ Երէց, Վարդան Մամիկոնեան եւ իրենց ամբողջ ժողովուրդը 451 թիւին մարմնացուցին հայու այս ոգին՝ Քրիստոսի սէրը եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ նուիրումը իրենց սրտին մէջ ունենալով, եւ քաջարի յայտարարութեամբ վասն Քրիստոսի ու վասն հայրենեաց նահատակուելու: Հայրենիքի ու Սփիւռքի մէջ Վարդանանց տօնելը գրաւականն է մեր սրտին մէջ հայու ոգիին գոյութեան: Պատմութեան այս օղակին մէջ մեր քաղցր պարտականութիւնն է հսկել, մեծ ուշադրութեամբ պաշտպանել եւ յաջորդ սերունդներու փոխանցել հայու անմահ ոգին»:
Հոգեւոր հայրերու Տէրունական աղօթքով փակուեցաւ երեկոն, որմէ ետք ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ: