ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իսլամական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ երկրին աշխարհիկ սկզբունքներուն պահապան նկատուող զինուորական ուժերուն միջեւ պայքարի երկար պատմութեան մէկ կարեւոր էջը գրուեցաւ Երկուշաբթի, Փետրուար 22ին, երբ ապահովական ուժերը «լախտի գործողութեան» ծիրէն ներս ձերբակալեցին նախկին եւ ներկայ բարձրաստիճան զինուորականներ: Մօտաւորապէս 50 ձերբակալեալներու շարքին են օդուժի եւ ծովուժի նախկին հրամանատարները:
Անոնք պատասխանատու կը նկատուին մզկիթներու մէջ ռումբեր պայթեցնելով եւ նոյնիսկ թրքական ռազմական օդանաւ մը զգետնելու ճամբով՝ երկրին մէջ քաոսային վիճակ մը ստեղծելու եւ այդ պատրուակով իշխանութեան տիրանալու փորձ մը կատարելու յանցանքով:
Զինուորականներու կողմէ մշակուած սոյն պետական հարուածին մասին խօսելով՝ հրամանատարները կը պնդեն, թէ ծրագիրը ռազմախաղի մը մէկ մասն էր պարզապէս:
Սակայն, անցնող շաբաթավերջին այլ իրադարձութիւն մը կու գայ ցոյց տալու, թէ զինուորականները դիւրութեամբ տեղի պիտի չտան տասնամեակներու իրենց «իրաւունքները» իրենց ձեռքէն խլելու փորձ կատարող իշխանութեանց առջեւ: Արդարեւ, նոր բացայայտուած ձայնային արձանագրութեան մը մէջ, Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահ զօր. Իլքեր Պաշպուղ, խօսելով զինուորական եւ պետական գաղտնիքներու համար սահմանուած սենեակներուն մէջ դատաւորներու կողմէ վերջերս կատարուած խուզարկումին մասին՝ ըսած է. «Եթէ ես չարտօնէի, դատաւորները չէին կրնար մտնել»։
Պաշպուղի խօսքը ցոյց կու տայ, թէ ան ինքզինք կը դասէ արդարադատութեան համակարգէն վեր գտնուող հեղինակութիւն մը, որուն հետեւանքով անոր այդ հաստատումը խստօրէն քննադատուեցաւ բազմաթիւ դատախազներու կողմէ:
Երկուշաբթի օրուան ձերբակալութեանց պատճառով, Պաշպուղ յետաձգեց Եգիպտոս կատարելիք իր եռօրեայ այցելութիւնը: