ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Armenia Today»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով առանձին տաղաւարով մը մասնակցած է «BIT» միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին, որ իրականացաւ Փետրուար 18-21ի միջեւ, Միլանի մէջ, եւ որուն մասնակցած են 140 երկիրներ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ տաղաւարներուն կողքին գործող «Ղարաբաղ» տաղաւարին մէջ ներկայացուած է Արցախի պատմութիւնը եւ մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը. տաղաւարը արժանացած է ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն եւ այցելուներուն առանձնայատուկ ուշադրութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.