ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երեքշաբթի, Փետրուար 23ին, Պաքուի Լոկպատան աւանին մէջ բնակելի շէնքի մը բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարած է. «Ատրպեճանական հողին վրայ հայկական երկրորդ պետութիւն երբե՛ք պիտի չստեղծուի. Լեռնային Ղարաբաղը երբե՛ք անկախ պիտի չըլլայ, եւ ատիկա գիտէ ողջ աշխարհը»։
Ալիեւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը շրջանի ամենամեծ խնդիրը նկատած է։ «Առանց այդ խնդիրի լուծման, ո՛չ մէկ այլ խնդիր իր լուծումը պիտի գտնէ», ըսած է ան՝ անուղղակի կերպով ակնարկելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
Ան համոզում յայտնած է, թէ Ատրպէյճանի մէջ բոլոր ջանքերու մեկտեղման պարագային, «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պիտի գտնէ իր լուծումը, եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պիտի վերականգնի»։
Ըստ Ալիեւի, Հայաստանը որքան կանուխ գիտակցի, թէ Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն պիտի չստանայ, այնքա՛ն շուտ պիտի լուծուի խնդիրը։