Չորեքշաբթի, Փետրուար 17ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Արեւագալի առաջին արարողութեան։ Ժամերգութեան ներկայ եղան «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի աշակերտները։ Առաջնորդ սրբազանը աշակերտներուն խօսեցաւ մեծ պահոց մասին։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ կից «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը։ Առաջնորդը հանդիսապետեց ճաշկերոյթին եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։

Մեծ Պահոց շրջանին, թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենան Արեւագալի եւ Հսկումի արարողութիւններ, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը։
Մանրամասնութիւններու համար, կարելի է հեռաձայնել մեր եկեղեցիները կամ այցելել Ազգ. առաջնորդարանի կայքէջը։