Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մորթըն Ապրամովիչ, Աթլանթայի թրքական մէկ կեդրոնին մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութեան նուիրուած բանախօսութեան մը ընթացքին այն կարծիքը յայտնեց, թէ այս տարի Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը Քոնկրեսին կողմէ պիտի վաւերացուի, եթէ նախագահ Պարաք Օպամա վերջին վայրկեանին ճնշում չբանեցնէ:
Ապրամովիչ դիտել տուաւ, որ Թուրքիայէն հասնող ազդարարութիւններուն արդիւնքով եւ ապահովական նկատարումներով միջամտող ամերիկեան իշխանութիւնները ցարդ կրցած են յետաձգել բանաձեւին քննարկումը, սակայն այս տարի կացութիւնը աւելի մտահոգիչ է Թուրքիոյ համար:
Ան ըսաւ, որ նախագահ Օպամա, որ իր ընտրապայքարին ընթացքին հաստատած էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ցեղասպանութեան բանաձեւէն «փրկուելու համար» փորձեց Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութեանց արագ վաւերացումը ապահովել, սակայն ներկայիս այդ գործընթացը անելի մատնուած է։ Իր կարգին, Թուրքիա, որ արդէն Իրանի ու Ռուսիոյ հետ ունեցած իր յարաբերութիւններուն պատճառաւ ժխտական պատկեր ստեղծած է Արեւմուտքի մէջ, Իսրայէլի հետ ստեղծուած հակամարտութեան հետեւանքով կորսնցուցած է նաեւ Ամերիկայի հրեաներուն զօրակցութիւնը։
Ապրամովիչ ընդունեց, որ Թուրքիան վերջին քսան տարիներուն զգալիօրէն փոխուած է, եւ հակառակ այն իրողութեան, որ ներկայիս Թուրքիա-Ամերիկա յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ են, սակայն յառաջիկայ քանի մը տարիներու ընթացքին անոնք դժուարութիւններու դէմ յանդիման պիտի գտնուին:
Նաեւ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ բանաձեւին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին եւ մասնաւորաբար նախագահ Օպամայի լռութիւնը լրջօրէն անհանգստացուցած է Թուրքիան։ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպանը՝ Նամըք Թանը, այդ լռութիւնը կը համարէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացին մէջ Ուաշինկթընի կողմէ Թուրքիոյ վրայ բանեցուած ճնշումներու օրինակ մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.