ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Վաղը Քոնկերեսին մէջ քննուելիք Ցեղասպանութեան բանաձեւը հրէական կազմակերպութեանց համար հոյակապ առիթի մը վերածուած է՝ հաշուի նստելու վերջերս Իսրայէլը նեղ կացութեան մատնած Թուրքիոյ իշխանութեանց հետ: Այս առիթը լաւապէս շահագործելով՝ անոնք մէկ կողմէ կը պնդեն, թէ առաջուան նման չեն կրնար օժանդակել Անգարայի, սակայն միաժամանակ կը փորձեն ապագայ յարաբերութեանց շատ վնաս չհասցել, պդնելով, թէ այս հանգրուանին այդպիսի բանաձեւի մը վաւերացումը նպաստաւոր պիտի չըլլայ: Անցեալին եւս ականատես եղած ենք այս ճարպիկ մօտեցումին, երբ հրէական ամենազդու կազմակերպութիւններէն ADL-ը մէկ կողմէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կը հաստատէր, իսկ միւս կողմէ, անոր ղեկավարութիւնը Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ աշխատանք կը տանէր:
Այս դիրքը որդեգրած է նաեւ ամերիկեան պահպանողական շրջանակներուն մօտիկ Ազգային ապահովութեան հարցերու հրէական հիմնարկը )ԺԻՆՍԱ), որ հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով՝ կը պնդէ, թէ բանաձեւը պէտք չէ վաւերացնել, որովհետեւ Քոնկրեսը այլ ժողովուրդներու պատմութիւնը քննարկելու վայր մը պէտք չէ ըլլայ, սակայն անիկա նշեալ եզրակացութեան հասած է հետաքրքրական ճամբով մը: Հաղոդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ ինչպէ՛ս ծիծեռնակները ամէն տարի կը վերադառնան, հայկական բանաձեւը ամէն տարի օրակարգի կը բերուի եւ աւանդաբար Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս բանաձեւին դէմ պայքարելու համար օժանդակութիւն կը խնդրեն Ամերիկայի հրեաներէն։ Սակայն հոն կը շեշտուի նաեւ, թէ այս տարի կացութիւնը տարբեր էր, որովհետեւ երբ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները լաւ էին, հրեաներուն համար դժուար չէր կանգնիլ Թուրքիոյ կողքին, սակայն այս մէկը հետզհետէ դժուարացաւ, որովհետեւ Թուրքիա սկսաւ մօտենալու Իրանին ու Սուրիոյ։ Նաեւ նշուած է, թէ Անգարա չէ կրցած կացութիւնը բարելաւել, երբ Թուրքիոյ կողմէ օգնութեան խնդրանքները սկսած են հնչել իբրեւ սպառնալիք:
Այս լուրին անդրադարձած «Հիւրրիյէթ»ի Ուաշինկթընի թղթակից Թոլկա Թանըշ կը գրէ, թէ այս կազմակերպութեան անդամ եօթը հրեայ քոնկրեսականները, որոնք անդամ են Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, հաւաքաբար պիտի քուէարկեն բանաձեւին ի նպաստ։ Անոնց շարքին են յանձնախումբի ատենապետ Հաուըրտ Պըրմըն, անոր տեղակալը՝ Կերի Էյքըրմըն, Պրետ Շըրման, Էլիըթ Էնկըլ, Կէպրիէլ Կիֆըրտզ եւ Ռան Քլայն։ Նշենք, որ ասոնք 2007ին իրենց քուէները գործածած էին Ցեղասպանութեան բանաձեւին ի նպաստ։ Ներկայիս այս խմբակին վրայ աւելցած է Նեւատայէն ներկայացուցիչ Շելի Պըրքլի։