ՊԱՔՈՒ.- Ուրբաթ, Մարտ 5ին, Փարիզի մէջ կայանալիք Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի ու ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումին մասին «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հարցումներուն պատասխանելով՝ ատրպէյճանցի նախարարը յայտնեց, թէ յստակացում կ՛ակնկալէ մատրիտեան փոխուած սկզբունքներուն նկատմամբ Հայաստանի դիրքորոշման մասին, պնդելով, թէ Ատրպէյճան արդէն իսկ ընդունած է այդ սկզբունքները՝ որոշ բացառութիւններով:
Ան կրկնեց, թէ միջազգային համայնքին համար ներկայ կացութիւնը անընդունելի է եւ տագնապին պէտք է արագ լուծում մը գտնուի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Պաքու ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ Հայաստան շարունակէ ընդդիմանալ Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները Արցախի տագնապին կապելու փորձերուն՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ Պաքու չի փափաքիր միջամուխ ըլլալ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն, սակայն աւելցուց, թէ բոլորը գիտեն, որ Թուրքիան Հայաստանի սահմանը փակած էր՝ դատապարտելու համար Ատրպէյճանի հողերուն «բռնագրաւումը», եւ անտրամաբանական է ակնկալել այդ սահմանին բացումը, մինչ «բռնագրաւումը» կը շարունակուի: