Ուրբաթ, Փետրուար 19ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, «La Canada Congregational» եկեղեցւոյ սրահին մէջ, «Մխիթարեան» վարժարանի աշակերտները անգամ մը եւս ցուցադրեցին իրենց թատերական տաղանդը՝ ներկայացնելով Սարգիս Մահսէրէճեանի հեղինակութեամբ եւ հայերէնի ուսուցչուհի Արփի Տապպաղեանի բեմադրութեամբ՝ «Վարդան Մամիկոնեան Արցախի Մէջ» թատերգութիւնը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ տնօրէն Յովհաննէս Խոստեղեանի ողջոյնի խօսքով, որուն ընթացքին ան ըսաւ. «Երթանք այսօր մենք ալ Շաւարշան եւ հեզ ու հանդարտ լուսնեակին հետ սահինք յարդագողի ճանապարհով՝ Տղմուտ գետի ափերուն վրայ: Տեսնենք այնտեղ բանակ զարկած հայ քաջերուն գումարտակները եւ պսակենք անոնց ճակատները մեր անվերապահ երդումով, թէ՝ պիտի չմոռնանք անոնց մեծագոյն զոհողութիւնները: Բերենք մեր հոգիներուն մէջ այսօր, այստեղ, Վարդանը: Դառնանք ժառանգորդները նոյն արժէքներուն: Այն ատեն միայն մեր ուրախութիւնը, իբրեւ դաստիարակներ, պիտի հասնի իր լրումին»:
Ապա 7րդ Դասարանի աշակերտուհի Զառա Կույումջեան ընթերցեց օրուան պատշաճ բացման խօսքը եւ Մէրի Հալէպեան հանդէս եկաւ հեղինակին՝ Սարգիս Մահսէրէճեանի, ուղղուած շնորհակալական խօսքով:
Ներկայացման նիւթը երեւակայական՝ սակայն այժմէական էր: Աշակերտուհի Թալիա Տօրեան՝ Հուրիի դերով, հայոց պատմութեան մրցոյթին մասնակցած եւ Արցախ երթուդարձի տոմս շահած է: Առաջին արարը կը ներկայացնէ Հուրիի ճամբորդութեան պատրաստութիւնը. ընկեր-ընկերուհիներուն հետաքրքրութիւնը Արցախի մասին, եւ Հուրիի հօրը բացատրութիւնները Հայաստան-Արցախ աշխարհին մասին:
Երկրորդ տեսարանով կը փոխադրուինք Արցախ, կը միանանք ազատամարտիկներուն: æերմ կապ մը կը ստեղծուի Հուրիի եւ ազատամարտիկներուն միջեւ, կը յիշատակուի Արցախի պայքարի 22րդ տարեդարձը: Խօսակցութեան ընթացքին կը յիշուին մեր պատմութեան հերոսներէն Քաջն Վարդան եւ այլք. եւ հրաշքո,վ Վարդան Մամիկոնեան ու Ղեւոնդ Երէց կը յայտնուին բեմին վրայ: Հիացումի եւ զարմանքի զգացումներով խօսակցութիւնը կը սկսի բեմին վրայ, եւ աշակերտները նոր գիտելիքներով կը զօրացնեն իրենց մտքերն ու հոգիները:
Երեխաներու յաջող կատարումը ուրախութեան արցունքներ խլեց ծնողներուն աչքերէն: Թալիա Տօրեան՝ Հուրին, Սիւզի Քէշիշեան՝ անոր մայրը, Յարութ Շամլեան՝ հայրը, Ովսաննա Ամրեան եւ Նինա Կրպոյեան՝ ընկերուհիներ, Ճորճ Քէշիշեան՝ Վարդան Մամիկոնեանը, Ազատ Մարկոսեան՝ Ղեւոնդ Երէցը, բոլորն ալ համարձակ կերպով կատարեցին իրենց դերերը: Դերուսոյց Արփի Տապպաղեանի ամիսներու աշխատանքը գնահատուեցաւ ծափողջոյններով եւ ծաղկեփունջերով:
Թատրոնի յաջողութեան նպաստեց նաեւ գեղեցիկ բեմայարդարումը՝ Երան Չորբաջեանի, եւ նաեւ զգեստաւորումը, որ սիրայօժար կերպով կատարած էր մեծ մայրիկ Սուզաննա Քէշիշեանը:
Յայտագրի աւարտին, աշակերտական երգչախումբը կատարեց երկու խմբերգներ՝ «Մենք Քաջ Վարդանի» եւ «Ղարաբաղցի», մենակատար՝ Յարութ Չորբաջեան, ղեկավարութեամբ Ալիս Տէր Գէորգեանի:
Բեմ հրաւիրուեցաւ թատերախաղի հեղինակ Սարգիս Մահսէրէճեան, որ իր գովասանքը յայտնեց փոքրիկ դերասաններուն եւ յիշեց «Մխիթարեան» վարդապետներու կատարած հայապահպանման դերը ու անոնց յարկին տակ զարգացած թատերական արուեստը՝ հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին:
Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան սրահէն՝ իրենց հետ տանելով հայերէնի ուսուցչուհի Արփի Տապպաղեանի եւ փոքրիկ դերասաններուն փոխանցած հայաշունչ զգացումները: Վարձքը կատար բոլորին:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)