ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Սրտագին շնորհակալութիւններս ու գնահատանքի խոր զգացումս կ՛ուզեմ փոխանցել UCLA-ի Հայագիտական ամպիոնի նախագահին եւ պաշտօնէութեան։ Կ՛ողջունեմ բոլորդ եւ մասնաւորապէս հայրենի մեր հիւր գրողները, գլխաւորութեամբ՝ ՀԳ միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի։
Հայագիտական այս ամպիոնը սրտամօտ է ամէն հայու եւ ես այս առիթով գրաւոր խօսքս կը նուիրեմ փրոֆ. Աւետիս Սանճեանի յիշատակին, իբրեւ անձնուրաց դաստիարակ ու հայրենասէր մտաւորական, որ Նարեկացիի անուան հայագիտական ամպիոնը հայկական գաղութին մտերմացնող տեսլապաշտ ղեկավարը հանդիսացաւ, ինչպէս ութսունական թուականներուն, ֆրանսացի ձախակողմեան արուեստագէտները իրենց գործերը մեթրոյի կայարաններուն մէջ ցուցադրեցին՝ ժողովրդային խաւերուն աւելի մօտեցնելու համար իրենց արուեստը։ Երկու պարագաներուն ալ խորհրդանշական իմաստը աւելի քան ցցուն է։
Այս պահուս պիտի վերյիշեմ փրոֆ. Սանճեանի գործելակերպէն հաճելի միջադէպ մը, որ հայ գաղութին մօտենալու իր ճիգերուն կը հայի եւ աւելի կը պայծառացնէ անոր դիմագիծը։ Գրական երեկոյի մը աւարտին, ուր բանախօսներէն մէկն էի, Սանճեան մօտեցաւ ելոյթս շնորհաւորելու եւ ականջիս փսփսաց, թէ UCLA-ի Հայագիտական ամպիոնը որոշած է ինծի պատուոյ դոկտորայի կոչում շնորհել, ցարդ գրած հատորներս, գրական քննադատական յօդուածներս ու փորձագրութիւններս արժեւորելէ ետք։ Սանճեանին առաջարկը զիս յանկարծակիի բերաւ։ Այդպիսի նեղ պարագաներուն կ՛աշխատիմ զգաստ պահել ինքզինքս ու մեծամտութեամբ չտարուիլ։ Դիւանագիտական ամբողջ շնորհքս գործի դնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեցի անոր, եւ ի միջի այլոց ըսի. «Փրոֆեսէօր, կը մոռնաք, որ ես գրող մըն եմ։ Եւ գրողը կամ աստուածատուր տաղանդով օժտուած է, կամ՝ ոչ։ Եթէ շնորհալի գրող եմ՝ դոկտորայի ի՞նչ պէտք ունիմ, իսկ հակառակ պարագային, ո՛չ տոկտորան, ո՛չ ալ Մեսրոպ Մաշտոցը զիս պիտի փրկէին մոռացութեան գիրկէն»։
Սիրելի գրողներ ու յարգելի հասարակութիւն,
Զգաստացնող այս միջադէպէն ետք, ոմանք պիտի վերարժեւորեն անգլերէնի հնչիւնաբանութիւնս, այնպէս, ինչպէս Կլենտէյլ քոլեճի արձանագրութեան գրասենեակի քարտուղարուհին փորձուեցաւ։ Քոլեճ դիմած էի՝ փրոֆ. Մարաշլեանի Հայոց պատմութեան գիշերային դասընթացքը վերցնելու եւ գիտելիքներս վերարժեւորելու, նախքան թուրք եւ հայ յարաբերութիւններու եւ մերօրեայ անհատի պատերազմի թեմայով վէպս՝ «Փասփորթը» գրել սկսիլս։ Էգը կը յամառէր իրեն համար օտարոտի հնչիւնէս բացայայտել ազգային ինքնութիւնս։
«Կռահեցէ՛ք, խնդրեմ…», եղաւ իմ պատասխանս։
«Ձեր հնչիւնը հայկական չէ», ըսաւ, «ոչ ալ պարսիկի կամ սպանախօսի հնչիւն է, միւս կողմէ՝ հնդկական չի կրնար ըլլալ եւ չինացիի երեւոյթ չունիք…», ապա յուսահատ մղումով մը «Աստուծոյ սիրոյն, այս ի՞նչ հնչիւն է…», գոռաց գազազած էգը՝ ինքնիրմէ ելլելով։
«Թագուհիի անգլերէն», ըսի երկար դադարէ ետք. «թագուհիի անգլերէն՝ ֆրասերէնով համեմուած եւ խառնուած ափրիկեան Գրիօ բարբառին»։ Եւ համտեսումի համար, իրեն արտասանեցի Շէյքսփիրի Համլէթէն նշանաւոր տողը, զոր ափրիկեցի բարեկամս թարգմանած էր իր մայրենի լեզուին՝ «Ատէ, ա նօ տէ»։ Բացայայտութիւն մը, որ աշխարհով տարտղնուած հայ գրողներուս ալ կը վերաբերի, հոգ չէ, թէ՝ ի՛նչ լեզուով կ՛արտայայտուինք եւ ինչքա՛ն գէշ է մեր հնչիւնը։
Գրող բարեկամներ,
Սոյն համագումարին նուիրուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը ուշադրութեամբ կարդալէ եւ փրոֆ. Գավիի եւ բաժանմունքներու պետերուն հետ երկար խորհրդակցելէ ետք համոզուեցայ, որ ներկայ համագումարը պիտի լրջօրէն զբաղի զիս՝ իբրեւ անհատ, եւ Քալիֆորնիոյ գրողները հաւաքականօրէն տագնապեցնող բոլոր հարցերով։ Ես հոս չեմ կանգնած իբրեւ զայրացած, դժգոհ հայ գրող մը, որ հակառակ դժխեմ ճակատագրին, պորտակապը կանգուն պահած է իր ցեղին եւ անոր մշակութային ժառանգութեան հետ։ Ոեւէ մէկը ձեր գլխուն ահեղ դատաւոր չէ կարգած զիս։ Այստեղ մենք հաւաքուած ենք իբրեւ գեղարուեստական գրողներ, մարդիկ, որոնք բաց մտքով եւ կատարելագործուած ուղեղով պիտի մօտենան ու յաղթահարեն քսանմէկերորդ դարու սեմին արդի հայ գրողն ու հասարակութիւնը տագնապեցնող բարդ ու դժուարին հարցերը։
Առանց ծնողացս զոհողութիւններուն եւ հաստատամտութեան, գուցէ ես ալ ձեզի նման օտարագիր գրող դառնայի։ Մինչեւ տասը տարեկան, բառ մը հայերէն չէի խօսեր։ Ցեղասպանութենէ փրկուած Մարաշցի ծնողքիս հետ տունը թրքերէն կը խօսէինք, հակառակ անոր, որ անոնք զարգացած էին եւ ծանօթ՝ բազմաթիւ օտար լեզուներու։ Տունը՝ թրքերէն, դպրոցը՝ ֆրանսերէն եւ փողոցը՝ արաբերէն։ Հայերէնը չորրորդը հանդիսացաւ խօսած լեզուներուս մէջ։ Երկուորեակ եղբօրս հետ կը փախէինք օտար վարժարանէն եւ կ՛երթայինք ժամերով հայ վարժարանի մը դարպասին առջեւ՝ մեր գլուխները ծուռ կանգնելով։ Քանի մը անգամ ֆրանսացի մայրապետներուն ծեծն ալ կերանք՝ իրենց վարժարանէն դասալիք եղած ըլլալնուս համար։ Ի վերջոյ հայկական վարժարան ընդունուեցանք։ 1938ին, Քեմալականները մեզ մեր ունեցուածքէն մերկացնելէ ետք, ֆրանսացիներու օգնութեամբ Թարսուսի փշածածկ ամայի ծովափը բեռնաթափեցին մեզ, հո՛ն, ուր ուղտեր կ՛արածէին։ Յետպատերազմեան Լիբանանի մէջ, իբրեւ անօգնական մարդ՝ հայրս չէր կրնար հինգ լիբանանեանի դպրոցական մեր կրթաթոշակը վճարել։
Հազիւ մայրս սկսաւ մեզի Ա.Բ.Գ. ջամբել՝ հայերէն լեզուին սիրահարեցայ։ Պատմուածք մը գրած եմ առաջին սիրոյս մասին։ Եւ այդ մէկը չէր վերաբերեր մեր դրացիին աղջկան, զոր խենթի նման կը սիրէի… Այլ՝ Ա.Բ.Գ.ին, որ ամբողջ նոր աշխարհ մը բացաւ գաղթական մանուկի սեւեռումներուս առաջ։
Տարբեր ժամանակահատուածի մէջ, երբ մեր զաւակները հասակ կը նետէին Ափրիկէի խորերը, վերյիշելով մանկութեան շրջանին հայերէն լեզուէն զրկուիլս՝ երիտասարդ կնոջս հետ սկսայ դպրոցական ժամերէն դուրս անոնց հայերէն սորվեցնելու։ Չէինք կրնար թոյլ տալ, որ մեր զաւակներն ալ հայազրկութեան դժոխքը ապրէին իրենց կարգին։ Իմ պարագայիս, հայերէն լեզուն անհատականութիւնս կերտեց եւ ինքնութեանս խորհրդանիշը հանդիսացաւ։
Երբ հայերէն լեզուի մասին կը խօսինք, եկէ՛ք լրջանանք։ Հրաշալիօրէն կերտուած աշխարհի ամէնէն ճկուն լեզուն ունինք։ Յաճախ, երբ հայերէնով թարգմանութիւն կը կատարեմ, ծունկի գալով կ՛ուզեմ Ս. Մեսրոպին եւ գիտնականներու իր հոյլին ձեռքերն ու ոտքերը պագնել։ Ասիկա գեղեցկութիւն մըն է, զոր պիտի զլացուէր ինծի, առանց իմ ծնողաց գերմարդկային զոհողութեան։
Փրոֆ. Գավին իբրեւ իրաւարար պիտի կանչեմ, եւ բարեկամ թարգմանիչ-գրողները՝ իբրեւ վկայ։ Մարդ երբեք պիտի չիմանայ իր կորուստին ահաւորութիւնը, մինչեւ չծանօթանայ մայրենի լեզուին։ Պիտի երբեք չընդունիմ այն առարկութիւնը, թէ որոշ տարիքէ մը ետք դժուար է Մայրենին սորվիլ։ Պարոնա՛յք, երբ օտարածին մը կարող է մեր լեզուն սորվիլ, մեր ի՞նչը պակաս է։
Երբ Ամերիկա հաստատուեցանք, «Ֆերահեան»ի եւ «Շամլեան»ի հայերէնի ուսուցչուհիները զարմանքով նկատեցին, որ մեր զաւակները իրենց հասակակիցներէն աւելի լաւ կը տիրպետէին հայերէն լեզուին ու պատմութեան։ Ուսուցչուհիներէն մէկը կրտսեր որդւոյս կը հարցնէ։ «Չէ՞ որ Սիէրրա Լէոնէ հայկական դպրոց չկայ, ուրկէ՞ հայերէն ձեր գիտելիքները»։
«Հայ Ծնողաց վարժարան», կը գոչէ տղէկը:
Ինչո՞ւ թոյլ կու տանք, որ գեղեցիկ լեզուի մը հանդէպ մեր անտարբերութիւնը աւելի եւս խորացնէ արուեստական այն պատուարները, զորս հայագիրներու եւ օտարագիրներու միջեւ գոյացած է։ Սկսելու համար, մեր միջեւ ոչ մէկ ճեղք պէտք է գոյութիւն ունենայ:
«Եղբայր ենք մենք, որ մրրկաւ էինք զատուած», գրած է Պէշիկթաշլեան։ Այո, իբրեւ Մեծ Եղեռնի զոհեր, հակառակ մեր կամքին, բռնութեամբ մեզ խլեցին մեր մօրը ծոցէն։
Սիրելիներ,
Այս ամպիոնէն կ՛ուզէի ձեր ուշադրութեան յանձնել այն հարցերը, որոնք կը տագնապեցնեն հայ ընթերցողն ու գրողը։ Կարգ մը օտարագիր ամերիկահայ գրողներու եւ մտաւորականներու մօտ կը տիրէ այն սխալ համոզումը, թէ մեր մշակոյթն ու լեզուն, եւ այն ամէնը, ինչ հայկական է՝ անիմաստ է, ժամանակավրէպ ու կորովի անտեղի մսխում է, իսկ մեզմէ անոնք, որոնք կապուած կը մնան այդ մշակոյթին եւ հայերէն կը ստեղծագործեն՝ անուղայ իտէալիստներ են, եւ յաճախ իբրեւ անգործնական եղկելիներ կապուած կը մնան Մայրենիին։
Այո բարեկամներ, հայ ընթերցողին ու ղեկավարի աչքին մենք անգործնական խղճալի «Ղազարոս»ներ ենք։ Փողոցի պարզ հայը համոզուած է, թէ օտարագիրը հայագիրէն աւելի տաղանդաւոր է։
Երբեք հարց տուա՞ծ էք պատճառին մասին։ Գուցէ անոր համար, որ հայ հասարակութեան հետ միաձոյլ կ՛ապրինք, իրենց առօրեայ հոգերով կը զբաղինք, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործուն դերակատարութիւն ստանձնած ենք եւ մեր ընթերցողները հայ են, երբեմն ալ, մէկ-մէկ՝ փրոֆ. Գավիներ։ Իսկ դո՛ւք, սիրելի օտարագիրներ, ձեր նախորդներուն նման հասարակ հայուն անմատչելի կը մնաք։
Երբ Ափրիկէէն դուրս կու գայինք, երազս էր մեր օտարագիր հայ հսկաներուն ծանօթանալ, չիմանալով, որ Ռուբէն Մամուլեանները, Ուիլեըմ Սարոյանները, Լեւոն Սիւրմէլեաններն ու Մայքըլ Արլէնները անհասանելի կը մնային հայ զանգուածներուն, եւ նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար՝ շրջապատուած՝ պահապան հրեշտակներով:
Մամուլեանի թաղումին, գրականագէտ Օշին Քէշիշեանը զիս Սիւրմէլեանին ծանօթացուց։ Գրողը այնքա՛ն ջերմ էր իր վերաբերմունքին մէջ, այնքա՛ն մարդկային ու սրտանց բաղձանք յայտնեց ափրիկեան պատմուածքներս իրենց բնագիրով կարդալու։ Անգամ մը եւս չկրցայ մօտենալ անոր։ Շուրջի պահապանները թոյլ չտուին։
Այս դիպուածը մեզ մեր բուն նիւթին առաջնորդեց։
Նոյնիսկ այս պահուս, կարծէք անդունդ մը գոյացած է օտարագիրներու եւ հայագիրներու միջեւ. կարծէք երկու տարբեր ցեղախումբերու կը պատկանին անոնք։ Արդարեւ, երկու տարբեր մոլորակներու բնակիչներ ենք։ Ընդհանրապէս գիրքերու մակագրութեան առիթով կը հանդիպինք մեր օտարագիր գրչեղբայրներուն, երբ անոնք իրենց նոր լոյս տեսած գիրքերը հայկական շուկային կը փորձեն ծանօթացնել։ Այսքան տարիներէ ի վեր, երբեք չեմ վկայած, որ օտարագիր մը մեր գրական երեկոներուն կամ գինեձօններուն բերէ իր մասնակցութիւնը։ Աստուծոյ սիրոյն, ինչո՞ւ թոյլ կու տանք, որ լեզուական եւ մշակութային մեր տարբերութիւնները, որոնք մեր անմիջական անցեալին տխուր անդրադարձներն են, մեզ օտարացնեն։ Ամէն անգամ, երբ օտարագիր մը նոր հատոր մը հրատարակէ, հայ գաղութը զինք սիրով կը պարուրէ եւ կը խլէ անոր գիրքերը։ Միւս կողմէ, Ալիսիա Կիրակոսեանէն ու քանի մը այլ բացառութիւններէ բացի, կ՛ուզենք տեսնել օտարագիր մը, որ կը պատուէ մեր գրական երեկոները, կամ կը գրախօսէ օտար լեզուներով լոյս տեսած մեր նոր հատորները։
Հայագիր իմ ընկերներս վիրաւորուած ու խոցուած են ներկայիս տիրող միակողմանի ընթացքէն։ Անոնց միտքին մէջ մեզ միացնող գիծը միակողմանի բնոյթ ունի, ի նպաստ օտարագիր մեր եղբայրներուն։
Բարեկամ գրողներ, եկէ՛ք վերջ տանք ապառողջ այս կացութեան։ Ձեռք ձեռքի տալով՝ մտաւորական հզօր ուժ մը ստեղծենք։ Տեսէ՛ք, խնդրեմ, ի՞նչ կը պատահի Մայր հողի վրայ։ Կը տիրէ այն տպաւորութիւնը, թէ՝ Հայրենիքի մէջ մտաւորականութիւնը անգոյ է եւ թրքական դիւանագիտութիւնը, իրենց հայ գործընկերներու հաշւոյն, դաշտահանդէս կը սարգեն։ Գրող մտաւորականութիւնը բացակայ էր, երբ պարտաւոր էր առողջ բանավէճի մը սկսելու՝ մեծ տէրութիւններու կողմէ մեզի պարտադրուող փրոթոքոլներու հարցով։ Նոյն ապառողջ մթնոլորտը կը տիրէ նաեւ Սփիւռքի տարածքին, ուր մտաւորականութիւնը գրեթէ անտեսուած է։
Երբ Միջին Արեւելեան երկիրներ հասակ կը նետէինք, գրող մտաւորականը մեր հասարակութեան ամէնէն յարգուած տարրն էր։ Տեսէ՛ք՝ ո՞ւր հասած ենք այսօր։ Հայագիր գրողի մը ներկայութիւնը հազիւ թէ նշմարուի մեր հաւաքոյթներուն ընթացքին։ Հոգեւորական դասը, դրամատէր բարերարը եւ կուսակցական ներկայացուցիչը կը գրաւեն պատուոյ տեղերը…
Հայ գրողները պէտք է քով քովի գալով միանան։ Ատիկա վերապրումի պահանջք է եւ ոչ թէ շռայլանք։ Եկէ՛ք մեր ուժերը միացնենք, հպարտանանք իւրաքանչիւրիս ձեռք բերած յաջողութիւններով, եկէ՛ք թարգմանենք իրարու գործերը, թող բոլոր գետակները նոյն ովկեանոսը հոսին, եւ թող հայ հանճարը անգամ մը եւս իր ակոսը բանայ միջազգային գրականութեան եւ արուեստներու բնագաւառին մէջ։
Սկսելու համար՝ մէկ կամ երկու հայագիրի գործերը անգլերէնի թարգմանելով՝ հրամցնենք օտար ընթերցողներուն։ Վահէ Օշականով ու Կարապենցով սկսինք այդ երթը… եւ փոխադարձաբար։ Բնական է, որ մեզ իրարու մօտ բերող կառոյց մը գոյութիւն չունի, եւ որ վերոյիշեալ կազմակերպութիւններուն համար այնքան ալ ցանկալի չէ «համահայկական մտաւորական» ուժ մը ունենալ, իբրեւ ահաւոր մրցակից մը՝ իրենց բացարձակ իշխանութեան:
Գերիշխող մարմինի մը պէտք ունինք՝ ոտքի հանելու համար համահայկական մտաւորական այդ ուժը։ Արդեօք գոյութիւն ունի՞ այդպիսի կազմակերպութիւն մը, որ մեզ միացած ուզէ տեսնել։ Դժուարութիւն պիտի ունենայի հաւատալու այդպիսի ենթադրութեան մը, եթէ չըլլար Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի պարագան, որ անկեղծօրէն կը փորձէ մտաւորական այդպիսի ահարկու ուժ մը ստեղծել մշակութային նոր վերածնունդի իբրեւ երաշխիք:
Անդին, մեր մշակութային կազմակերպութիւնները պէտք եղած հասունութիւնը, խորքն ու տեսլականը չունին, ոչ ալ նիւթական կարողութիւնը՝ այդպիսի մեծ ծրագրի մը նախաձեռնելու։
Փոխարէնը, Հայաստանի մէջ, ի տարբերութիւն Սփիւռքի, Գրողներու միութիւնը պետութեան նեցուկը կը վայելէ։ Ա՛յդ ալ իր անպատեհութիւնները ունի։ Մտաւորականութիւնը ենթակայ է քաղաքական ճնշումներու եւ յաճախ լռութեան կը մատնուի։ Ցաւօք, հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողներու բազմերանգ հարցերուն լուծում մը չ՛երեւիր հորիզոնի վրայ մօտաւոր ապագային։
Ուրեմն ի՞նչն է լուծումը։
Անժխտելի հրամայական դարձած է Համահայկական հայ գրողներու միութեան մը կազմութիւնը, որուն պիտի անդամակցին բոլոր հայ գրողները, անխտիր, հոգ չէ, թէ քաղաքական ի՛նչ հակումներու տէր են, կամ ո՛ր լեզուներով կ՛արտայայտուին։ Նաեւ պէտք է մեր բարերարները համոզենք հայ գրողները յիշելու եւ ներառելու իրենց կտակներուն մէջ։
Ժամանակին յօդուած մը գրեցի այն մասին, թէ՝ հայ եկեղեցին պարտաւոր է իր եկամուտին 5 կամ 10 տոկոսը մշակութային միութիւններուն փոխանցել, եթէ հին օրերուն պէս կ՛ուզէ հովանաւորողը դառնալ հայ գիրին ու մշակոյթին։ Առաջարկս լաւ չընկալուեցաւ հոգեւորական պատասխանատուներու կողմէ, քանի որ ամերիկահայերու կտակները մեծ մասամբ Բարեգործական միութեան ու Էջմիածնական թեմին կը հասցէագրուին։
Արդ, ազգային եւ կրօնական գետնի վրայ մեր առաջնահերթութիւնները խախտուած կը մնան։ Տասնեակ միլիոններ կը ծախսենք նոր եկեղեցիներու կառուցման համար, երբ քրիստոնէական ոգին կը բացակայի այդ շքեղ կառոյցներէն. փոխարէնը՝ պէտք էր մեր նոր սերունդին երեւակայութեան թռիչք ու սլացք տայինք։
Խօսքս պիտի եզրափակեմ՝ անձնական փորձառութենէս դէպք մը յիշելով։
Մանչս, ինչպէս շատերուն ծանօթ է, Հոլիվուտի մէջ տեսողական արուեստի «Օսքար»ակիր մասնագէտ է եւ Ղարաբաղի վեթերան։ Անցեալ շաբթուան ընթացքին հայկական լրատուամիջոցները անոր նախաձեռնած Վարդանանց ծրագրին անդրադարձան:
Երբ Նիւ Զելանտայի մէջ «Մատանիներու Տիրոջ» եռապատումին վրայ կ՛աշխատէր, ան տեսիլքը ունեցաւ իր ժողովուրդին հզօրագոյն կռուողին՝ Վարդան Մամիկոնեանին, քաջագործութիւնները պատկերներու լեզուով աշխարհին ներկայացնելու։ Եւ երբ տակաւին Նիւ Զելանտա կը գտնուէր, սկսաւ պատմութեան օտար աղբիւրները սերտելու եւ ինձմէ ալ խնդրեց, որ հայկական աղբիւրները պրպտեմ։ Միեւնոյն ատեն «Մատանիներու Տիրոջ» մասնագէտ դարբիններուն յանձնարարեց Վարդանանց ժամանակաշրջանի զէնքերն ու զրահը դարբնել։ Եօթը տարիներու յոգնատանջ աշխատանքէն ու քառորդ միլիոն տոլար ծախսելէ ետք, պատմական անհամար էջեր պրպտելէ, բազմաթիւ սցենարներ գրելէ ու նկարահանման հարկաւոր ֆիզիքական եւ բջիջային առարկաներու դասաւորումէն ետք, շարժանկարի միջազգային արտադրիչներու բազմիցս հանդիպելէ եւ սինամաշխարհին անխուսափելի մարտահրաւէրներուն կուրծք տալէ ետք, բեմադրիչը կը մնայ հաստատակամ։ Նոյնիսկ Հոլիվուտի համար տնտեսական ներկայ ճգնաժամին մէջ, կը հաւատամ ի՛ր եւ Վարդանանց վերջնական յաղթանակին։ Դժուարութիւնները յաղթահարելը ժամանակի հարց է միայն:
Միթէ, հարց տուած էք, թէ ինչո՞ւ այնքան հաստատակամ է ան, հակառակ անոր, որ օտար միջավայրի ծնունդ է եւ այժմ իր գործին բերումով՝ դարձեալ օտարներով շրջապատուած։ Անիկա փոքր տարիքէն Վարդանանց նուիրուած բանաստեղծութիւններ կ՛արտասանէր լիաթոք։ Իբրեւ ֆիլմարտադրիչ, օտար եւ հայ աշխարհները դարձան իր արուեստը սնանողները։ Այդ իսկ պատճառով, սիրելի օտարագիր բարեկամներ, մեր աշխարհները պէտք է զիրար գրկեն։ Հասած ենք հանգրուանի մը, երբ պէտք է դրօշակը փոխանցենք արուեստագէտներու յաջորդ սերունդին, որպէսզի իրենց զարգացուցած արուեստի իւրայատուկ ժանրերով անկաշկանդ արտայայտուին անոնք։ Ուշադիր ըլլանք, որ մեր խօսքերն ու պատմութիւնները, արձակ էջերն ու բանաստեղծութիւնները, հոգ չէ թէ ի՛նչ լեզուներով գրուած ըլլան անոնք, չմատնուին մոռացութեան։ Եթէ ժամանակի ընթացքին կորսուին անոնք, այն ատեն բացի մեր անձէն՝ ուրիշը չայպանենք։
Շատ ճիշտ, շատ շատ ճիշտ էք գրել Պրն գուբելեան, ցաւօք օտարագիր գրողները չեն հասկանում որ ամէն անգամ որ նրանք մի հատ օտարագիր գիրք են գրում, ակամայ եւ անշուշտ անտեղեակ՝ նրանք 100 հատ հայերէն գիրք են փչացնում ու այրում։
Իսկ ձեր հայերէնի մասին գիտակցութիւնը արդիւնքն է Մեսրոպեան Միաբանութեան բուն գաղտնիքի վերծանման։ Շատ քչեր հասնում են այն մակարդակին որպէս կարողանա վերծանել Միաբանութիւն բանալին։ Դուք այս գրութեամբ ինձ հասկացրիք որ արդէն դա վերծանել էք։
Ի միջի այլոց ես էլ եմ ճանաչել Սանճեանին։
Պրն. Գուբելեան, ես գրել էի երբ չէի դեռ բոլորովին կարդացել ձեր արձակը, գրութեան վերջում պարզուեց որ դուք Գուբելեանի ծնողքն էք, եւ հարցը թէ ինչու նա այդքան հետաքրքրուել է Վարդանանցով։ Պատասխանը պարզ է, Վարդանանցը առաջին սերունդն էր Մեսրոպեան Միաբանութեան, իսկ վերջին սերունդ հանդիսացան Տաթեւացու Դպիրները։ Մեր պատմութեան մէջ եղել են ժամանակ առ ժամանակ որ այս Միաբանութիւնը նորից գլուխ է ունեցել, բայց դա եղել է միայն անհատական ջանքերով եւ վախճանել այդ անհատի մահով։ Օրինակ՝ Խրիմեան Հայրիկով, Աբովեանով, եւայլն։
Իսկ ձեր առաջարկն՝ որ դիմել էք եկեղեցիներին, դա ճիշտ Միաբանութեան հիմք դնելն է որ ներկայ իշխանութիւններին դուր չի գալիս, քանի որ նրանց օտարոտի հոտ քաշողը լաւ է ըմբռնում թէ «Մեսրոպեան Միաբանութիւն» ին՞չ է նշանակելու հայ ազգի համար։
Վերջում երանի մենք առիթ ունենաք աւելի լաւ ծանօթանալու, շատ բաներ կան գրելու…