ՅՈՎԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Մեծ գոհունակութեամբ իմացանք, որ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիին յղած է պաշտօնական նամակ մը, որուն մէջ ան, Ազգային ժողովին ու անձնապէս իր անունով՝ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ թիւ 252 բանաձեւի վաւերացման գծով։
Ան իր նամակին մէջ կ՛ըսէ, թէ այդ բանաձեւը «ոչ միայն բարոյական տուրք է հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ արդարացի պատասխանն է նախորդ դարասկիզբին մարդկութեան առջեւ գործուած ոճրագործութեան»։ Իր նամակը եզրափակելով՝ ան յոյս կը յատնէ, որ «չուշանայ այն օրը, երբ բանաձեւը կ՛ընդունուի Ներկայացուցիչների պալատի կողմից։ Աւելորդ չեմ համարում նաեւ նշել, որ պատմական արդարութեան հաստատումը չի կարող խոչընդոտել հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացին, այլ, մեր խորին համոզմամբ՝ կարեւոր քայլ կը լինի հայ եւ թուրք ժողովուրդների հաշտեցման ճանապարհին»։
Բազմիցս կրկնուած իրողութիւն է, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու հաշտեցման ներկայ գործընթացը՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները, մեր ժողովուրդին համար կործանարար են ու նուաստացուցիչ։ Որեւէ հաշտութեան առաջին նախապայմանը, բնականաբար, արդարութեան վերահաստատումն է, բան մը, որ կը բացակայի այդ արձանագրութիւններուն մէջ։ Ընդհակառակը, այդ արձանագրութիւնները նոր անարդարութիւններու սադրանքներով լեցուն դարանակալ որոգայթ մըն են, զոր պէտք է տապալել ամէն գնով։
Այսուամենայնիւ, հարկ է արժանին մատուցել ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահին, որ իր պաշտօնին բերումով եւ իբրեւ շարքային հայ մարդ, պարտք կը համարէ դիմել ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիին, շնորհակալութիւն յայտնելու եւ զայն քաջալերելու, որ իր ղեկավարութեան ներքեւ Ներկայացուցիչներու տունը եւս վաւերացնէ այդ բանաձեւը։
Շուրջ տարի մը առաջ, ամերիկահայութիւնը կ՛ակնկալէր, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյն տրամաբանութեամբ նամակ մը յղէր ԱՄՆի նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամային։ Ափսոս, ամերիկահայութեան այդ ակնկալութիւնն ու բաղձանքը անարձագանգ մնացին։ Փոխարէնը՝ Ապրիլ 22, 2009ին, Սերժ Սարգսեան իր թուրք գործընկերներուն հետ ճանապարհային քարտէսի տխուր անակնկալը մատուցեց մեր ժողովուրդին։ Այս մասին այլ առիթով լայն անդրադարձ եղած է։
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով թիւ 252 բանաձեւի վաւերացման լոյսին տակ, մամուլի այս էջերէն անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որպէսզի շրջադարձ մը կատարէ նախորդ տարուան իր որդեգրած վարքագիծէն, մերժէ՛ երիցս նզովեալ արձանագրութիւնները, եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին օրինակով, պաշտօնական նամակով մը դիմէ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամային, անոր փոխանցելով հայ ժողովուրդի միահամուռ ակնկալութիւնը, որ Ապրիլ 24, 2010ի իր ուղերձին մէջ «հայկական կոտորածներ», «Մեծ Եղեռն» ու այլ խուսափողական արտայայտութիւններէն անդին անցնելով՝ 1915ի պատմական իրադարձութիւնները կոչէ պատմական ճիշդ բնութագրումով՝ օգտագործելով «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արդար հաստատումը։ Աւելի՛ն, հակադարձելով թուրք ղեկավարութեան կողմէ հնչած սպառնալիքներուն եւ ազդարարութեանց՝ ՀՀ նախագահը հարկ է որ կոչ ուղղէ նախագահ Օպամային, որպէսզի չխոչընդոտէ արդարութեան ընթացքը ու այլ նկատառումներով չմիջամտէ՝ կասեցնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ներկայացուած թիւ 252 բանաձեւին վաւերացումը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին։
Ազգային միասնականութեան, մեր բիւրաւոր նահատակներու կտակին հանդէպ հաւատարմութեան եւ պատմութեան առջեւ պատասխանատուութեան պահն է, պարո՛ն նախագահ։
Բանաստեղծը պիտի ըսէր՝ «Հերթը պահ մը քոնն է հիմա»… պարո՛ն նախագահ։