ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հարցախոյզ մը պատուիրած է՝ կուսակցութիւններու վարկանիշն ու սահմանադրական եւ դատական բարեփոխումներուն վերաբերեալ հասարակութեան կարծիքը իմանալու համար։
Հարցախոյզին մասնակիցներուն 70 առ հարիւրը ի նպաստ արտայայտուած է 1982ին զինուորական վերնախաւին կողմէ ընդունուած սահմանադրութիւնը փոխելու գաղափարին, իսկ 65 առ հարիւրը՝ հանրաքուէի միջոցով դատական համակարգին մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու գաղափարին։
«Եթէ այսօր ընտրութիւն տեղի ունենար, որո՞ւ կու տայիք ձեր քուէն» հարցումին, հարցախոյզի մասնակիցներուն 39 առ հարիւրը պատասխանած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, 19 առ հարիւրը՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, իսկ 17 առ հարիւրը՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան։ Հարցախոյզին մասնակիցներուն 6 առ հարիւրը յայտնած է, թէ պիտի քուէարկէ ի նպաստ Մուսթաֆա Սարըկիւլի ղեկավարած՝ Թուրքիոյ բարեփոխումներու շարժում կուսակցութեան, իսկ 5 առ հարիւրը՝ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան։