Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Երեխաներու դաստիարակութիւնը բաւական համեմատական իրականութիւն մըն է։ Ժամանակի ընթացքին որդեգրուած որոշ մեթոտներ եւ դաստիարակութեան եղանակներ յանկարծ կրնան բոլորովին տարբեր արդիւնքներ տալ։ Իւրաքանչիւր ընտանիքէ ներս եւ իւրաքանչիւր երեխայի համար, երբեմն, ինքնաբերաբար դաստիարակութեան ձեւեր կը թելադրուին ծնողքին՝ երեխային կամ տիրող պայմաններուն եւ իրավիճակին կողմէ։
Մէկ խօսքով, այն ինչ որդեգրուած է ծնողքին կողմէ համոզումով եւ խղճի հանգստութեամբ, կը մնայ ամէնէն ճիշդը տուեալ պարագային համար։ Որեւէ պարտադրուած մեթոտ կը մնայ թերի կամ պակասաւոր, որովհետեւ անոր մէջ կը պակսին հաւատքը եւ խոր համոզումը՝ կիրառողին կողմէ։
Ընդհանուր առմամբ, պէտք է նկատի առնել ստորեւ նշեալները, որոնք կրնան երեխային մօտ դրական մօտեցումը զարգացնել, ինչ որ հիմնական եւ ամէնէն շատ գործող դրական ազդակը կը համարուի երեխաներու դաստիարակութեան համար։ Այս մտորումներով կը ներկայացնենք մասնագէտներու եւ փորձառու դաստիարակներու տարիներու աշխատանքին եւ հետեւողականութեան արգասիքը հանդիսացող հետեւեալ տողերը՝ թարգմանաբար։ Անոնք հաւանաբար նպաստեն մեր բոլորին։ Եթէ տակաւին փոքր են ձեր ձագուկները, ջանացէք գործադրել, իսկ եթէ մեծցած ու թեւեր առած են անոնք, ապա ջանացէք կրկին ի գործ դնել՝ անուղղակի միջամտութիւններով։ Ամէն տարիքի տրուած քաջալերանքը կը խանդավառէ եւ կը կենդանացնէ մեր էութիւնը։ Մի վարանիք փորձ մը կատարելէ, փորձը փորձանք չի բերեր…
Եթէ երեխան ապրի քննադատութեամբ, ան կը սորվի դատապարտել.
Եթէ երեխան ապրի թշնամանքով, ան կը սորվի կռուիլ.
Եթէ երեխան ապրի հեգնանքի ենթարկուելով, ան կը սորվի ըլլալ ամչկոտ.
Եթէ երեխան ապրի ամօթով, ան կը սորվի յանձաւոր զգալ.
Եթէ երեխան ապրի հանդուրժողութեամբ, ան կը սորվի համբերատարութիւն.
Եթէ երեխան ապրի քաջալերանքով, ան կը սորվի ինքնավստահութիւն.
Եթէ երեխան ապրի գովասանքով, ան կը սորվի գնահատել.
Եթէ երեխան ապրի արդարութեամբ, ան կը սորվի ըլլալ արդար.
Եթէ երեխան ապրի ապահովութեամբ, ան կը սորվի հաւատք ունենալ.
Եթէ երեխան ապրի ընդունուած ըլլալու զգացումով ընկերային միջավայրի մէջ, ան կը սորվի գտնել ՍԷՐ աշխարհի մէջ:
———————————————————————————————————————–
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Գետնախնձորով Քէօֆթէ
Մեծ Պահքի օրերուն յարմար եւ համեղ կերակրատեսակ մը կը ներկայացնենք հայկական խոհանոցէն։
Բաղադրութիւն
3 բաունտ գետնախնձոր
4 գաւաթ մանր ձաւար
1 գաւաթ ալիւր
1 գաւաթ ձէթ
1 բաունտ մանր ջարդուած սոխ
աղ, սեւ պղպեղ, քիմիոն եւ պղպեղի ջուր
Պատրաստութիւն
1- գետնախնձորը խաշել, կեղուել ու լաւ ձեւով ճզմել։ Պատրաստուած գետնախնձորին մէկ ու կէս գաւաթը առանձնացնել՝ դուրսի խմորը պատրաստելու համար։
2- Միջուկը պատրաստելու համար, տապակին մէջ դնել ձէթին կէսը եւ ապա աւելցնել մանրուած սոխը եւ միջակ ջերմութեամբ թմրեցնել զայն, մինչեւ լաւ դեղնիլը։
3- Աւելցնել գետնախնձորը՝ շարունակելով խառնել մինչեւ միատարր դառնալը։
4- Կրակէն վար առնել տապակը եւ աւելցնել աղը, համեմները եւ պղպեղի ջուրը։ Մէկ կողմ ձգել, որպէսզի պաղի։
5- Խմորը պատրաստելու համար, ափսէի մը մէջ դնել ձաւարը եւ ջուրով շատ լաւ շաղել զայն։
6- Աւելցնել աղը, պղպեղի ջուրը, համեմները, կէս գաւաթ ձէթը, ալիւրը եւ ճզմուած գետնախնձորը ու անդադար շաղել։
7- æուր օգտագործել ի հարկին կակուղցնելու համար քէօֆթէն եւ թրջելու համար ձեռքերը։
8- Խմորը լաւապէս շաղելէ ետք, ընկոյզի չափ գունդերու վերածել։ Իւրաքանչիւր գունդ մատով փորել ու անոր մէջ դնել պատրաստուած միջուկը, ապա գոցել բերանը՝ սրածայր քէօֆթէի վերածելով։
9- Պատրաստելէն ետք, լաւ տաքցուած եւ առատ ձէթի մէջ տապկել զգուշութեամբ։