ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- «The HALO Trust» բրիտանական կազմակերպութեան ղարաբաղեան կառոյցի սակրաւորներուն (ականազերծողներու) կողմէ վերջերս ԼՂՀ Մարտունի քաղաքին մօտ յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է հակահրասայլային 9 ական: Կազմակերպութեան ղարաբաղեան կառոյցի իրաւական բաժնի պետ Եուրի Շահրամանեանի տեղեկութիւններուն համաձայն, ականները գտնուած են ցորենի արտերէն ընդամէնը 1 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
Նշենք, որ սակրաւորներուն կողմէ նշեալ տարածքին մէջ 4 տարիէ ի վեր կը կատարուին ականազերծման աշխատանքներ:
Յիշեցնենք, որ նոյն տարածքին վրայ, անցեալ Նոյեմբերին ականի մը պայթումին հետեւանքով, մահացած էր Մարտունի քաղաքի բնակիչ մը, իսկ ուրիշ մը կրած էր ծանր վնասներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.