ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին մէջ աւանդութիւն դարձած է Հայ օգնութեան միութեան ննջեցեալներու հոգեհանգիստի արարողութիւն ունենալ Փետրուար ամսուան վերջին Կիրակի օրը: Այս տարի, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Արամ Ա. կաթողիկոսի 2010ն «Հայ Կնոջ Տարի» հռչակելու Հայրապետական պատգամը կարդացուեցաւ թեմի եկեղեցիներէն ներս: Անոր մէկ բաժինը յատկացուած է Հայ օգնութեան միութեան ու անոր հարիւրամեակին: Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս, Փետրուար 28ին, սրբազան հայրը անձամբ կարդաց Հայրապետական պատգամը: Այս առթիւ, արարողութեան ներկայ եղան ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութենէն Նովա Հինտոյեան, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կը գլխաւորէր Սօսի Փօլատեանը, իսկ տեղւոյն «Անահիտ» մասնաճիւղը՝ Սիլվա Փօլատեան:
Սրբազան հայրը ջերմօրէն խօսեցաւ հայ կնոջական այս մեծ կազմակերպութեան մասին, որ կը տօնէ իր հարիւրամեակը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի ննջեցեալներուն եւ անոնց գործը շարունակողներուն մասին: Առաջնորդը կոչ ուղղեց հաղորդ դառնալու վեհափառ հայրապետի պատգամին եւ յարգանքով, աղօթքով խոնարհելու ՀՕՄի բոլոր ննջեցեալներու յիշատակին, ամբողջական եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու ՀՕՄի հանգանակային արշաւներուն:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, հոգեւորականներու հետեւելով՝ Դպրաց դասը թափօրով ու շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ «Աւետիսեան» սրահ, ուր ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի ընկերուհիները մատաղ պատրաստած էին: Մատաղօրհնէքի արարողութեան աւարտին, խմբովին երգուեցան ՀՕՄի քայլերգը, «Կիլիկիա»ն եւ Հայաստանի քայլերգը: Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին՝ Սօսի Փօլատեանը, ՀՕՄի ննջեցեալներու յիշատակին մատաղ պատրաստելու աւանդութեան մասին ըսաւ. «Այս տարի յատուկ նշանակութիւն ունէր 100 տարիներու ընթացքին ՀՕՄի նուիրեալ ննջեցեալներուն եւ անոնց յիշատակին նուիրուած մատաղօրհնէքը», ապա աւելցուց. «Շրջանային վարչութիւնը կը գնահատէ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու ընկերուհիները, որոնք ամէն տարի այս աշխատանքը կը տանին»:
Ինչպէ՞ս կարելի է չզգալ պատասխանատուութեան զգացումը եւ յանձնառութիւն չստանձնել, երբ ՀՕՄի ընկերուհիներէն շատերը, բոլոր ննջեցեալներուն հետ ոգեկոչեցին նաեւ իրենց մայրերուն եւ մեծ մայրերուն ազնուական յիշատակը: Բիւր աղօթք եւ խունկ ՀՕՄի ննջեցեալներու յիշատակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.