ԹՈՐՈՆԹՕ.- ՀՕՄի Թորոնթոյի «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի «Միասնաբար կերտենք մեր ապագան» կարգախօսով «Թելեթոն 2010» նուիրահաւաքը, երեք անգամով (21, 28 Փետրուար եւ 7 Մարտ), եռաժամ յայտագիրով ներկայացուեցաւ հայկական «Նոր Հայ Հորիզոն» պատկերասփիւռի «Channel 4» կայանէն։
Յայտագիրի առաջին շաբթուան ընթացքին ելոյթ ունեցան Հանգանակիչ յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Առաքելեանը, Կրթական մարմինի հաշուական ներկայացուցիչ Անի Ժօլի-Հոթոյեանը եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեանը, որոնք սրտագին կոչ ուղղեցին Թորոնթոյի հայ գաղութին մասնակից դառնալու «Թելեթոն 2010» հեռաձայնային նուիրահաւաքին, վարժարանի պիւտճէական 331,000 տոլար հանդիսացող բացը հաւասարակշռելու ակնկալութեամբ։ Յայտագրի հաղորդավարութիւնը ստանձնած էին վարժարանի շրջանաւարտներէն Խաժակ Պօղոսեանը, Թամար Պէտիրեանը եւ Նաթալի Մաքլաուտը, ինչպէս նաեւ երկրորդական ԺԱ. կարգի աշակերտներէն՝ Շահէ Բաբիսեանը, Արմէն Պալիոզեանը, Սեպուհ Եագուպեանը եւ Լին-Անուշ Իշնարը, որոնք բոլորն ալ շնորհալիօրէն եւ երկու լեզուներով (հայերէն ու անգլերէն) վարեցին նուիրահաւաքին յայտագիրը:
Յաջորդող երկու փուլերու աւարտին գոյացաւ աւելի քան 275,000 տոլար։ Հանգանակութիւնը շարունակելի կը մնայ մինչեւ վերջնական թիրախի իրագործումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.