ՌԻԹԱ ՀԻՆԴԼԵԱՆ
Հայ օգնութեան միութեան 100ամեակի Նիւ Եորքի ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ ԱՄՆի Արեւելեան շրջանի ձեռնարկներուն մասնակցելու համար, ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի Քալիֆորնիոյ 18 մասնաճիւղերէն՝ Սան Ֆրանսիսքոյէն մինչեւ Ֆրեզնօ եւ Օրէնճ Քաունթի, Նիւ Եորք ժամանեցին 83 ընկերուհիներ: Մեր շրջանը պատիւը ունէր երեք Կեդրոնական վարչութեան անդամներու կողքին նաեւ ունենալու Շրջանային վարչութեան գրեթէ լրիւ կազմը (բացի մէկ հոգիէ): Ամէնէն բազմանդամ խումբը «Անահիտ» մասնաճիւղն էր՝ 21 անդամներով, մասնաճիւղի վարչութեան լրիւ կազմին մասնակցութեամբ:
ՀՕՄուհիներու համար ցնծութեան օրեր էին, ոչ միայն անոր համար, որ կը տօնուէր իրենց նուիրական կազմակերպութեան 100ամեակը, այլ նաեւ այս առթիւ ընկերուհիները միասին ժամանակ անցնելով՝ պիտի ճանչնային զիրար, պիտի բաժնէին իրենց հարցերը եւ միասնաբար լուծումներ գտնէին թէ՛ միօրեայ սեմինարին միջոցով եւ թէ ամէն անգամ, երբ քով քովի կու գային:
Շրջանի ընկերուհիներուն մեծ մասը Նիւ Եորք ժամանեց Մարտ 9-10, 2010ին: Դար մը առաջ ՀՕՄի ծնունդ տուած քաղաքը՝ Նիւ Եորքը, իր շռայլքը եւ գաղտնիքները տալու պատրաստ պիտի ըլլար արդեօ՞ք:
Մարտ 10ին, Ֆորդ Լի պանդոկէն հանրակառքերով անոնք ուղղուեցան դէպի «Գարնեկի» Carnegie Hall, Weill Recital Hall սրահ, ուր տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւնը, պաշտօնական արտայայտութիւններով եւ երաժշտական ներկայացումներով: «Գարնեկի» ընկերութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեան իր եարխտագիտութիւնը յայտնեց ՀՕՄին, իսկ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին՝ Վիքի Մարաշլեանը, ՀՕՄի «Արարատ» մրցանակը յանձնեց «Նիր Իսթ» հիմնարկի վարչութեան ատենապետին՝ Շանթ Մարտիրոսեանին:
Յաջորդ օրը, Ռիճֆիլտի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար, որուն դասախօսական բաժինէն ետք մեր ընկերուհիները բաժնուեցան չորս խումբերու եւ Արեւելեան շրջանէն, Գանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն ու Եւրոպայի երկիրներէն եկած ընկերուհիներուն հետ, քննարկեցին ՀՕՄի ՄԱԿէն ներս աշխատանքները (դասախօսները՝ Սթեֆընի Մեսրոպեան եւ Կարին Յովսէփեան), կիներու իրավիճակի բարելաւումը (Մարիա Թիթիզեան) եւ ՀՕՄի կազմակերպական իրավիճակը (Ժիրայր Պիւճիքեան):
Նոյն երեկոյեան, ՀՕՄուհիները այցելեցին ՄԱԿի շէնքը, որ շուտով հիմնական նորոգութիւններու պիտի ենթարկուի: ՄԱԿի այցելութիւնը ձեւով մը ամրապնդեց առաւօտեան քննարկուած գաղափարները՝ կենդանիօրէն ՄԱԿէն ներս արծարծուած նիւթերը կապելով ՀՕՄի ծրագիրներուն հետ:
Յաջորդ առաւօտեան, ընկերուհիները առիթ ունեցան պտըտելու Նիւ Եորքի քաղաքամէջը եւ ականատես ըլլալու նշանաւոր վայրերու՝ եկեղեցիներու, վաճառատուներու եւ արուեստի կեդրոններու:
Ուրբաթ, Մարտ 12ի երեկոյեան, ՀՕՄի Արեւելեան Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը՝ Ֆերվիու-ի «Լա Ֆորթունա» ճաշարանէն ներս: Արեւմտեան Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեանը առիթը օգտագործեց ՀՕՄի եւ Արցախի խորհրդանիշներով յուշանուէրներ յանձնելու ՀՕՄի Կեդրոնական եւ Արեւելեան Շրջանային վարչութիւններու ատենապետուհիներուն՝ Վիքի Մարաշլեանին եւ Սիլվա Գույումճեանին, ըսելով. «ՀՕՄը այն եզակի կազմակերպութիւնն է, որ ՀՕՄուհիները աշխարհի չորս կողմերէն զիրար կը կապէ»: Արեւելեան շրջանն ալ, իր կարգին, համակարգիչի «մաուս փետ»եր (mouse pad) բաժնած էր բոլոր հիւրերուն:
Յաջորդող քանի մը օրերուն, խումբ առ խումբ, ՀՕՄուհիները իրարմէ բաժնուեցան եւ ուղղուեցան տարբեր օդակայաններ: Օդի աննպաստ ըլլալուն պատճառով, Նիւ Եորքէն դժուար վերադարձը ՀՕՄուհիներուն համար կարելի եղաւ միայն անսպառ համբերութեամբ, փոխադարձ հոգատարութեամբ եւ դիմացկունութեամբ: Նիւ Եորքի ճամբորդութեան ընթացքին, ՀՕՄուհիները շատ մը անսպասելի դժուարութիւններու հանդիպեցան, բայց մրրիկի (tornado) պատճառով, թռիչքներու մեծ մասին խանգարումը ամէնէն մտահոգիչն էր: Առանց ելեկտրականութեան մնացած պանդոկին մէջ, բջիջային հեռաձայներով լուրեր կը հասնէին այս կամ այն խումբին դիմագրաւած ուշացումներուն մասին:
Յոգնաբեկ, բայց նոր ոգեւորութեամբ տոգորուած ընկերուհիները վերջապէս հասան իրենց շրջանները՝ ՀՕՄի գործունէութիւնը նոր թափով շարունակելու համար: