ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայաստանցիները արտաքսելու սպառնալիքը Հայաստանի պետութեան կողմէ ըստ արժանւոյն պատասխան չստացաւ: Քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, «Արարատ» ռազմավարական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի տնօրէն Արմէն Այվազեանի նշեալ գնահատականին համաձայն ենք:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հակազդեցութիւնը՝ Էրտողանի սպառնալիքին, չեն բաւարարեր նոյնպէս մեզ: Մանաւանդ, վարչապետի պատասխան խօսքին այն բաժինը, ուր սպառնալիքը հայ-թրքական արձանագրութեանց վաւերացման գործընթացին հետ չառնչելու շտապողականութիւն մը ակնյայտ էր, ընդհանրապէս անհասկնալի էր ու վիրաւորական:
Հայաստան անկախ պետութիւն է, ու իբրեւ պետութիւն՝ պարտաւոր է իր քաղաքացիներու անվտանգութեան մասին մտածելու, անոնց տիրութիւն ընելու, ո՛ւր ալ գտնուին անոնք՝ Հայաստանի սահմաններէն ներս թէ դուրս:
Թուրքիոյ մէջ, դժբախտաբար, մեծ է թիւը մոլեռանդ, ցեղապաշտ մարդոց, որոնք վարչապետի սպառնալիքը կրնան մեկնաբանել իբրեւ ցուցմունք՝ հակահայ արարքներու ձեռնարկելու համար: Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ այս ցեղապաշտ շրջանակները պիտի չդիմեն սպանութեանց՝ պատժելու համար ամերիկահայութիւնը, որ համարձակած էր Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման ի նպաստ աշխատանք տանելու:
Հետեւաբար, այս հաւանական վտանգին մասին Հայաստանի իշխանութիւնները նախ պարտաւոր էին զգուշացնելու իրենց քաղաքացիները՝ զանոնք յորդորելով հեռանալ այդ երկրէն, ապա պէտք է զգուշացնէին թրքական իշխանութիւնները, թէ անոնք պատասխանատու պիտի նկատուին, եթէ ոեւէ հայաստանցիի քիթը արիւնի:
Ափսո՜ս, որ այսպիսի պաշտօնական հակազդեցութիւն չտեսանք Հայաստանէն:
Դժբախտաբար դր. Այվազեանը շատ ճիշտ է ասում, եւ ոչ թէ «հող»–ը վերաբերում է այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանից ներս գտնուող հայ տարրի ուղեղների հայկականութեան եւ ազգային վիճակին, այլ՝ կացութիւնը նաեւ նոյն է այսօրուայ Սփիւռքի հայ տարրի ուղեղներում։ Այսինքն՝ մինչ մենք Ցեղասպանութեան բանաձեւի վերաբերեալ միլիոններ ենք ծախսում որպէսզի Washington–ում մի հատ բառ ճիշտ ասեն, «հող»–ի վրայ մենք տանուլ ենք տալիս նաեւ Սփիւռքում։ Հայ տարրը Սփիւռքում կորցնում իր հայութեան տարրը։ Քանի որ ոչ մի թերթ եւ ոչ մի լրատուական միջոց՝ ոչինչ չի խօսում Հայերէն լեզուի ուղղութեամբ մեր արձանագրած տխրահռչակ եւ հսկայական նահանջի մասին։ Ես չեմ էլ խօսում հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան, եւ ընդհանրապէս հայ գիտութեան մասին։ Այս թերթերի խմբագիրների պատճառը թէ նրանք «գիտութիւնների մասնագէտներ չեն»՝ նրանց չպէտք է ազատօրէն իրաւունք ընձեռնի որ մեր մի բուռ մտաւորականներին անընդհատ անտեսեն, եւ այսպիսով լռեցնեն։