Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրք-ամերիկեան խորհուրդի տարեկան ընդհանուր ժողովը այս տարի տեղի պիտի չունենայ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի վաւերացման ստեղծած մթնոլորտին պատճառով։
Օրաթերթը կը նշէ, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները խորհրդանշող ամէնէն կարեւոր կառոյցներէն մէկը եղող այս խորհուրդին տարեկան ժողովները տեղի կ՛ունենան երեսուն տարիէ ի վեր։ Այդ ընդհանուր ժողովին մասնակցած են Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց շարքին՝ վարչապետներ, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներ։
Այս տարի կը նախատեսուէր Թուրք-ամերիկեան խորհուրդի ընդհանուր ժողովը կատարել Ապրիլ 11-14ին, մասնակցութեամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի։ Թրքական մամուլը ընդհանուր ժողովի ջնջումը որակած է իբրեւ ամերիկեան վարչակազմին դէմ շատ լուրջ հակազդեցութիւն։
Թուրք-Ամերիկեան խորհուրդի նախագահ եւ Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան ՃԷյմզ Հոլմզ քննադատած է խորհուրդի նիստին չմասնակցելու Թուրքիոյ որոշումը եւ ըսած է, որ Անգարա իր ստեղծած իրավիճակով սկսած է ինքն իրեն վնասելու։ Ան նաեւ կոչ ըրած է, որ թուրք դեսպան Նամըք Թան անյապաղ վերադառնայ Ուաշինկթըն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.