ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի 21ին, Լուսաւորիչի Վիրապ մուտքի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ երկու օրերու վրայ տարածուած, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Շաբաթ Մարտ 20ին՝ Վիրապամուտի տօնին օրը, հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, բաց խորանով տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ՝ յիշելու Լուսաւորիչի չարչարանաց տօնը: Ապա, յաջորդ օրը, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ, եւ մասունքներու թափօր՝ գլխաւորութեամբ Լուսաւորիչի Աջին:
Սուրբ պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Այս առիթով պատարագեց եւ քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Շահէ եպս. Փանոսեանը: Ան իր քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի մեծագոյն սուրբի կեանքին ու զոհաբերութեան, ու ապա վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ի վերջոյ, պատմիչին բառերով, մեր ժողովուրդին Ս. Աջէն կախեալ ըլլալու հաստատ համոզումին անդրադառնալով՝ սրբազանը խօսեցաւ մօտաւոր անցեալին իսկ անոր ապրած այն յուզումին, որուն պատճառը Ս. Աջին անյայտացումն էր մութ ձեռքերու կողմէ: «Սակայն ազգային այս մեծագոյն սրբութեան հարազատ տունը մեր եկեղեցիէն բացի այլ վայր չէր կրնար ըլլալ», ըսաւ սրբազանը:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, միաբան հայրերէ, քահանայից դասէն ու դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը, գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին, մայրավանքին ամբողջ շրջանը կատարեց։ Թափօրի ընթացքին ծերունիներ ու մանուկներ կը համբուրէին Ս. Աջը՝ իրենց ուխտը ներկայացնելով Աստուծոյ, Լուսաւորիչի աղօթքներուն ու բարեխօսութեան ապաւինելով: Ապա, երբ թափօրը դարձեալ մուտք գործեց մայր տաճար, վեհափառը ու հոգեւորականաց դասը բարձրացաւ խորան, ուր տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Հայրապետը այս առիթով ընթերցեց հիւանդաց բժշկութեան «Փարատեա՛»ն եւ հաւատքի ամրապնդման յատուկ աղօթք մը: æրօրհնէքէն ետք, Լուսաւորիչի Աջը դրուեցաւ մայր խորանի բեմին վրայ, ու հայ թէ օտար հաւատացեալներ մինչեւ գիշերուան ժամը 8, եկան մայրավանք՝ համբուրելու համար զայն։ Աջահամբոյրէն ետք, բոլոր հաւատացեալները հերթաբար ուղղուեցան նաեւ Ս. Երրորդութեան խորան, այնտեղ եւս ծնրադրելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքին առջեւ եւ իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.