ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ թանգարանը ձեռք բերած է երկու հազուագիւտ բնօրինակ լուսանկար, ուր պատկերուած է 1920ին թուրք մուսաւաթականներուն կողմէ աւերակներու վերածուած Շուշի քաղաքի հայկական թաղամասի համայնապատկերը: Տարբեր կողմերէ առնուած լուսանկարներէն մէկը կը պատկերէ Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին ու անոր շուրջ ճարտարապետական ուրոյն կառոյցներով հարուստ հայկական քաղաքի աւերուած տուներն ու շինութիւնները, իսկ միւսը՝ հրկիզուած ու աւերուած հայկական թաղամասի պատկերն է, ուր Կանաչ ժամ եկեղեցւոյ կողքին կ՛երեւին Շուշիի ճարտարապետութեան բնորոշ եռայարկ ու երկյարկ շէնքերուն աւերակները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.