ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Հայաստան՝ Ցեղասպանութեան տարիներէն մինչեւ արձանագրային գործընթացը թեմայով քննարկումներ սկսած են Երեւանի մէջ՝ հայ եւ թուրք մասնագէտներու մասնակցութեամբ, որոնց շարքին՝ թուրք յայտնի լրագրողներ, փորձագէտներ, նախկին դիւանագէտներ եւ զինուորականներ, ինչպէս՝
նախկին դեսպան Եալըմ Էլալփ, յայտնի լրագրող, քաղաքական մեկնաբան Մեհմեթ Ալի Բիրանդ եւ «Ռատիքալ» թերթի սիւնակագիր Էրդալ Գուվեն:
«Այն փուլին, որ այսօր հասած ենք, դրական կը գնահատեմ: Արձանագրութիւններու հեղինակները լաւ բնագիր մը պատրաստած են: Սակայն խնդիրներ ալ կան, որոնց մասին պէտք է խօսիլ», յայտնած է նախկին դեսպան, CNNTurk հեռուստաալիքի փորձագէտ Եալըմ Էլալփ, աւելցնելով, որ «Արձանագրութիւններուն մէջ հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւնները տեղ չեն գտած, սակայն որպէս քաղաքական իրականոյթուն՝ անոնք ներկայ են: Ուստի Թուրքիան կ՛ակնկալէ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու մէջ առաջընթաց արձանագրուի»:
Նախկին դեսպանը նաեւ նշեց, որ արդէն տարիներ շարունակ ինք կ՛առաջարկէ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի ունեցած դէպքերը քննարկուին դատարաններու մէջ, կամ միջազգային իրաւական ատեաններու կողմէ:
«Ռատիքալ» թերթի սիւնակագիր Էրդալ Գուվեն կը գտնէ, որ աձանագրութիւնները ներկայ փուլին չեն վաւերացուիր Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ: Թուրքիան այդ արձանագրութիւնները ստորագրելէ անմիջապէս ետք թոյլ տուած է երկու սխալ: Ըստ Գուվէի «Ցիւրիխէն անմիջապէս ետք մեր արտաքին գործերու նախարարը մեկնեցաւ Պաքու ու յայտարարեց, թէ այնքան ատեն, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը չէ կարգաւորուած, հայ-թրքական սահմանի բացման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Ապա, սխալը շարունակելով, նոյնը կրկնեց վարչապետը՝ Անգարայի մէջ: Երկրորդ սխալը Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի որոշման իբրեւ հակազդեցութիւն Թուրքիոյ բարձրացուցած աղմուկն էր:
Քաղաքական մեկնաբան Մեհմեթ Ալի Բիրանդ, այս քննարկումներու ընթացքին սուր քննադատութեան ենթարկեց վարչապետ Էրդողանին՝ հայերուն Թուրքիայէն արտաքսելու իր յայտարարութեան համար: