
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն, բարեգործական նշանակալի իր գործունէութեան համար, Յարութ Սասունեան «Երախտագիտութիւն» շքանշանով կը պարգեւատրուի։
Նախագահ Սահակեան, Մարտ 31ին ստորագրած հրամանագիրով, «Երախտագիտութիւն» շքանշանով պարգեւատրած է նաեւ «Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնում մարդասիրական եւ բարեգործական մի շարք ծրագրերի իրականացմանը ցուցաբերած մասնակցութեան համար՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների «Հայաստանի բարեկամներ» («Հայրենիք միութիւն») մարդասիրական կազմակերպութեան գործադիր մարմնի անդամ Լեւոն Թորոս»ը: