ՅՈՎԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Ապրիլ 24ի նախօրեակին, Սերժ Սարգսեանի Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութիւնը )Ապրիլ 12-13, 2010( արդէն իր վրայ կեդրոնացուցած է միջազգային ու հայկական լրատուական միջոցներուն ուշադրութիւնը։ Բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներու շարքին, Ուաշինկթըն պիտի գտնուի նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, որ Երեւան գործուղղուած իր յատուկ պատուիրակին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին միջոցաւ առաջարկած է Ուաշինկթընի մէջ առանձին հանդիպում մը ունենալ ՀՀ նախագահին հետ, որուն դրական պատասխանած է Սերժ Սարգսեան։

Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Պարաք Օպամա իր կարգին հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ, ու ամէն գնով պիտի փորձէ տեղաշարժ մը ապահովել արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացին, կարենալ փրկելու համար զայն եւ ճամբան հարթելու անոր առջեւ՝ մինչեւ վերջնական վաւերացում։
Ամերիկահայութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը խոր յուզումով ու լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւին արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացին եւ յառաջիկայ օրերուն Սերժ Սարգսեանի Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութեան։
Մօտիկ անցեալի փորձը լաւ բան չի յուշեր։ Տարի մը առաջ՝ Ապրիլ 22, 2009ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ հրապարակուած «ճանապարհային քարտէս»ը նախագահ Օպամային շնորհեց Հայոց Ցեղասպանութեան բառի օգտագործումէն խուսափելու լաւագոյն պատրուակը։ Այդ փորձառութենէն ետք, այս տարի Ապրիլ 24ի նախօրեակին ՀՀ նախագահին Ուաշինկթըն այցելութիւնը արդարօրէն բազմաթիւ մտորումներու եւ մտահոգութիւններու տեղիք կու տայ։
Ամերիկահայութիւնը տակաւին չէ մոռցած նախագահ Պարաք Օպամայի խոստմնադրուժ ըլլալու իրողութիւնը, երբ ան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մերձեցումը պատրուակելով Ապրիլ 24ի իր ուղերձին մէջ խուսափեցաւ «Ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործումէն։ Հակառակ այդ հիասթափութեան, ամերիկահայութիւնը յաջողեցաւ Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յանձնաժողովին մէջ ապահովել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ներկայացուած թիւ 252 բանաձեւի վաւերացումը։ Ամերիկահայութիւնը միասնական շարքերով այսօր կը նախապատրաստուի դիմագրաւելու յաջորդ ճակատամարտը՝ բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Տան լիագումար նիստի կողմէ վաւերացնելու բուռն պայքարի հանգրուանը։ Ինչքա՜ն բաղձալի պիտի ըլլար այդ պայքարի ընթացքին ամերիկահայութեան կողքին զգալ նաեւ ՀՀ իշխանութիւններուն նեցուկն ու մասնակցութիւնը։
Այսօր, հայութիւնը իր հայեացքը սեւեռած է դէպի ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն։ Տակաւին յստակ չէ սակայն, թէ Սերժ Սարգսեան քաղաքական ի՞նչ հաշուարկներով Ուաշինկթըն կու գայ։ Արդեօ՞ք ան Ուաշինկթըն կու գայ սատար կանգնելու ու իր մասնակցութիւնը բերելու Հայոց Ցեղասպանութեան գծով ներկայացուած թիւ 252 բանաձեւի վաւերացման, թէ կու գայ անգամ մը եւս խուսանաւումի նոր պատրուակ մը շնորհելու Պարաք Օպամային։ Նախորդ տարուան յուսախաբութենէն ետք, ամերիկահայութիւնը տակաւին կը յուսայ եւ կ՛ակնկալէ, որ ՀՀ նախագահը հրապարակաւ ու պաշտօնապէս դիմէ ԱՄՆ նախագահին, որ ան յարգելով իր խոստումը պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ամերիկահայութեան համար անհասկնալի ու անընդունլի է սփիւռքեան ծանօթ ուղեւորութեան ընթացքին Պեվըրլի Հիլզի մէջ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ներկայացուած այն առարկութիւնը, որ «նախագահ Օպաման ձեզ է խոստում տուել եւ ոչ թէ ինձ։ Ինչո՞ւ ինձանից նման նամակ էիք ակնկալում։ Ես ԱՄՆ քաղաքացի չեմ»։ Ասկէ առաջ առիթ եղած է այս մասին գրելու։ Կրկնութեան գնով ըսենք միայն, որ ամերիկահայութեան տրուած խոստումը՝ խոստում է ամբողջ սփիւռքահայութեան, խոստում է հայրենի ժողովուրդին, խոստում է ամբողջ հայութեան, խոստում է մանաւանդ՝ մեր նահատակներուն։
Մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ նախագահին պահուածքը։
Տէր Զօրի մէջ Մարտ 24ին ունեցած ելոյթէն ու Ապրիլ 4, 2010ին գերմանական «Տէր Շպիկըլ» թերթին տուած հարցազրոյցէն ետք Ուաշինկթընի մէջ նախագահին լռութիւնը բնականաբար կասկածի տակ պիտի դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով անոր արտասանած խօսքերուն անկեղծութիւնը։ Եթէ նախագահին ելոյթներն ու արտայայտութիւնները սրտցաւ ու անկեղծ են, ապա ան պէտք չէ խուսափի Ուաշինկթընի մէջ եւս բարձրաձայն կրկնելէ Տէր Զօրի մէջ եւ այլուր իր դրսեւորած յախուռն կեցուածքները՝ «Այսօր ես այստեղ եմ, որովհետեւ պարզապէս չէի կարող չլինել։ Ինձ այստեղ է բերել իմ ժողովրդի մեծագոյն ցաւը, որ 20րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնն էր եւ քաղաքակիրթ համարուող մարդկութեան մեծագոյն ամօթը։ Այդ ամօթի խարանը արդէն 21րդ դարում դեռ մնում է բոլոր նրանց ճակատին, ովքեր ակնյայտ փաստերի ուրացումը դարձրել են քաղաքականութիւն, դարձրել են առեւտրի առարկայ, դարձրել են կեանքի ու վարքի նորմ» )Տէր Զօր, Մարտ 24, 2010(։
Հայ «ժողովրդի մեծագոյն ցաւը» կարելի չէ իւրաքանչիւր լսարանի եւ իւրաքանչիւր միջավայրի թելադրականութեամբ պայմանաւորել։ Հայ մարդը այդ «ցաւը» իր հետ կը տանի կեանքի բոլոր ուղիներով՝ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ ու այդ մասին կը յայտարարէ միջազգային բոլոր բեմերէն՝ մինչեւ արդարութեան վերահաստատումը, մինչեւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն վերականգնումն ու հատուցումը։
Մեր ժողովուրդը եւ այս պարագային ամերիկահայութիւնը անկարելին չէ որ կ՛ակնկալեն ՀՀ նախագահէն։ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրի 11րդ կէտը յստակօրէն կը հաստատէ՝ որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին» )Սեպտեմբեր 23, 1990(։ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման մաս կը կազմէ նաեւ Պարաք Օպամային կողմէ Ցեղասպանութիւն բառի օգտագործումը եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ թիւ 252 բանաձեւին որդեգրումը, որուն ըստ Անկախութեան Հռչակագրին՝ սատար պէտք է կանգնի նաեւ ՀՀ նախագահը։ Հետեւաբար, Սերժ Սարգսեանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Պարաք Օպամային եւ Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ Նէնսի Փելոսիին ուղղուած հրապարակային կոչ մը կատարելը կը բխի Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի տառին ու ոգիին թելադրանքէն։
Այս օրերուն Ուաշինկթընը անփոխարինելի այն միջավայրն է, ուր ՀՀ նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գծով կատարուած յայտարարութիւնը կրնայ որոշադրիչ ազդեցութիւն ունենալ։ Այս վեհաժողովին բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն ներկայութիւնը կը բազմապատկէ այդ ազդեցութեան հնչեղութիւնը, իսկ Թուրքիոյ վարչապետին ներկայութեան կատարուած նման յայտարարութիւն մը՝ տրամաբանական ամբողջացումը կրնայ ըլլալ Սերժ Սարգսեանի Տէր Զօրի մէջ ունեցած ելոյթի առաջին մասին։
Այս օրերուն Ուաշինկթընը անփոխարինելի այն միջավայրն է, ուրկէ ՀՀ նախագահը ի լուր աշխարհին պէտք է յայտարարէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանգրութիւններուն մէջ նշուած «պատմական հարթութեան» միջպետական յանձնաժողովը չի՛ կրնար քննարկել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։
Այս օրերուն Ուաշինկթընը անփոխարինելի այն միջավայրն է, ուրկէ ՀՀ նախագահը ի լուր աշխարհին պէտք է յայտարարէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը եւ ստորագրուած արձանգրութիւնները չեն կրնար օգտագործուիլ խուսափելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն։
Թուրքերու հետզհետէ կոշտացող վերաբերումն ու ազդարարութիւններու ոճով հնչեցուցած սպառնալիքները հարկ է Ուաշինկթընի մէջ արժանանան ՀՀ նախագահի համապատասխան հակազդեցութեան ու բացայայտեն Եւրոպական Միութեան դարպասները թակող նորօրեայ թուրքերուն օսմանեան նկարագիրն ու գաղափարական դիմագիծը։
Էրտողանի հետ հանդիպումը, կամ Պարաք Օպամայի հովանաւորութեամբ արձանագրութիւնները փրկելու փորձը չի՛ բխիր Հայաստանի ու հայութեան շահերէն։ Արձանագրութիւնները արդէն վտանգաւոր ու կործանարար ազդեցութիւն ունեցան Հայաստանին ու հայութեան համար, սասանելով անոր միասնականութեան շէնքն ու ազգային նպատակներու շուրջ մեր ժողովուրդին համախմբուածութիւնը։
Վերջապէս, այս օրերուն Ուաշինկթընը անփոխարինելի այն միջավայրն է, ուրկէ Ապրիլ 24ի նախօրեակին ՀՀ նախագահը ի լուր աշխարհին պէտք է յայտարարէ արձանագրութիւններուն վերջնական մերժումը։
Այս օրերուն Ուաշինկթընը անփոխարինելի այն միջավայրն է, որ պիտի բացայայտէ ՀՀ նախագահին խօսքը գործին համապատասխանեցնելու վճռականութեան աստիճանը։