ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը այս տարի եւս նախաձեռնած է Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման շարք մը ձեռնարկներու, որոնք տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 18-23ի միջեւ:
Բոլոր ձեռնարկներու պարագային ալ մուտքը ազատ է եւ հանրութիւնը հրաւիրուած է մասնակցելու:
Կիրակի, Ապրիլ 18ին, Կլենտէյլի Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 W. Chestnut Street) տեղի պիտի ունենայ արիւնարշաւ, համագործակցութեամբ Կլէնտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 243-3444 թիւին:
Նաեւ, մարդու դէմ անմարդկայնութեան նուիրուած երկու ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street): Առաջինը՝ Երկուշաբթի, Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 9, նուիրուած երաժշտական գործերու եւ բանաստեղծութեան, իսկ երկրորդը՝ Հինգշաբթի, Ապրիլ 22ին, երեկոյեան ժամը 7էն 9, որուն ընթացքին պիտի քննուի մերօրեայ ստրկութեան առնչուող հարցեր:
Ոգեկոչման գլխաւոր ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Ապրիլ 23ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Ալեքս» թատերասրահին մէջ (216 North Brand Boulevard): Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն է «Էմի» մրցանակի արժանացած պատկերասփիւռի շարժապատկերներու արտադրող Ռապըրթ Փափազեանը:
Նախաձեռնութեամբ Հայ թատերական արուեստներու միութեան ու Կլենտէյլի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, տեղի պիտի ունենան նաեւ ներկայացումներ: Ելոյթներ պիտի ունենան Ճիւան Գասպարեանը եւ Անդրանիկ Գիզիրեանը:
Ձրի տոմսերը տրամադրելի են Ապրիլ 19էն սկսեալ թատերասրահէն, որուն գրասենեակը կը բացուի երեկոյեան ժամը 6:15ին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548-4844 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.