ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- «Մեր Միասնական Ուղին» խորագիրը ընտրուած էր օրուան իմաստը փոխանցելու համար, եւ շուրջ եօթը հարիւր ներկաները, յայտագիրին մասնակցողները, պատգամաբերներն ու ձեռնարկը կազմակերպողները ապրեցան միասնականութեամբ առլցուն մթնոլորտ մը, որ ինքնին ներշնչող էր ու գօտեպնդիչ:

Ձեռնարկի պաշտօնական բացումէն առաջ երկու համալսարանական երիտասարդներու՝ Սանան Շիրինեանի եւ Վաչէ Թովմասեանի, ամփոփ ներկայացումները երեկոյի յաջող ընթացքին ազդանշանը տուին: Անոնց ներկայութիւնը ունէր իր խորհուրդը, որուն մէջ կը պարփակուէր այն միտքը, թէ համայնքային ու հասարակական մեր կեանքին մասնակից ու ղեկավար երիտասարդները, մեր զաւակները, իրենց ուսումնական յաջողութիւններուն առընթեր կը տանին մեզ հպարտութիւն ներշնչող աշխատանք, գործ, ու կը ստանձնեն կարեւոր պատասխանատուութիւններ, որոնք իրենց կարգին կը հարստացնեն զիրենք, զանոնք կը դարձնեն առաւել փորձառու ու առաւել խորահայաց:
Օրուան հանդիսավարն էր մեր համայնքի մէջ գործունեայ հայորդի մը՝ Չարլզ Կայլեանը, որ պարզ ու յստակ կերպով ներկաներուն յիշեցուց Հայ մշակութային հիմնարկութեան շուրջ հաւաքուած ազգային կառոյցներուն ու կազմակերպութեանց անունները, անոնց գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, անոնց կարեւորագոյն իրագործումներն ու թուային պատկերները:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան օրհնեց ներկաները, յաջողութիւն մաղթեց Հայ մշակութային հիմնարկութեան ու անոր հետ գործակցող բոլոր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան գնահատական իր խօսքը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն, Հայ մշակութային հիմնարկութեան ու անոր կողքին կանգնած կառոյցներուն թիկունք կանգնող ներկայ ու բացակայ հայորդիներուն, որոնք իրենց զոհաբերութեամբ է, որ հնարաւոր կը դարձնեն համայնքին ու ազգին համար կարեւորագոյն ծրագիրներու իրականացումը:
Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը:
«Այս ձեռնարկը կազմակերպողները երեկոյին համար իբրեւ գլխաւոր թեմա ընտրած են միասնականութեան գաղափարը՝ կարեւորելով այն ուղին, որ մեզ, մեր ազգը կ՛առաջնորդէ դէպի միասնականութիւն», ըսաւ դոկտ. Յովսէփեան:
«Միասնականութիւն, անշուշտ, չի նշանակեր միութիւն ու ոչ ոք կ՛ակնկալէ, որ միասնականութիւն քարոզողները կը ձգտին ազգի մէջ գործող տարբեր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները միաձուլելու», ըսաւ Յովսէփեան, ըստ որուն, Իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն ու միութիւն կը պահէ իր ինքնութիւնն ու իւրայատկութիւնը, սակայն բոլորը միասին կ՛աշխատին մէկ նպատակի ուղղութեամբ:
Դոկտ. Յովսէփեան աւելցուց, որ միասնականութիւնը ինքնանպատակ չէ, այլ միջոց մըն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ հաստատ քայլերով ու առաւել դիւրութեամբ յառաջ տանելու նպատակաուղղուած աշխատանքները: Ասիկա կ՛ենթադրէ, որ առնուազն կայ նպատակներու ընդհանրութիւն այն միութեանց միջեւ, որոնք կրնան քալել միասնական ուղիով:
Մեր ազգային իրականութեան մէջ նման ընդհանրական նպատակներ կա՞ն, եւ ի՞նչ գնով մարդիկ կամ կազմակերպութիւններ կը ձգտին միասնականութեան, ի՞նչ զիջումներ կատարելու պատրաստ են այդ ճամբուն վրայ, որքանո՞վ կրնան շեղիլ իրենց սկզբունքներէն՝ յանուն այդ միասնականութեան:
Կայ նաեւ միասնականութեան գործնականացման միտող միջոցներու փնտռտուք, ըսաւ Յովսէփեան, որուն լծուած են ու տակաւին կը շարունակեն լծուիլ մտաւորական մարդիկ, հասարակական գործիչներ:
Կառուցային միասնականութիւն ստեղծելու փոխարէն աւելի ճիշդ է կեդրոնանալ նպատակներու շուրջ միասնականութեան ստեղծման. համախմբուիլ ընդհանուր նպատակներու եւ արժէքային համակարգերու շուրջ: Դժբախտաբար չկան այնպիսի համընդհանուր կերպով առաջնահերթ նկատուած խնդիրներ, որոնց շուրջ կրցած ենք համախմբուիլ եւ այդ իսկ պատճառով չենք կրցած նպատակասլաց աշխատանքի պայմաններ ստեղծել, իսկ արդիւնքը՝ ուժերու անտեղի մսխում:
Դոկտ. Յովսէփեան հանգամանօրէն ներկայացուց Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ օրերէն մեր ազգային միասնականութեան հարուածող երեւոյթները, մօտեցումներն ու գործելակերպը, որոնք աւելի շատ կարծես կը միտէին պառակտել մեր ժողովուրդը քան համախմբել՝ ի խնդիր հայրենի պետականութեան հզօրացման:
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարականով թուեցաւ, որ շրջադարձ ապրեցանք: Բայց այդպէս ալ, իբրեւ ազգ, չկրցանք ընդհանուր օրակարգի մը շուրջ համաձայնութեան գալ, ըսաւ դոկտ. Յովսէփեան, ըստ որուն, միասնականութիւն ապահովելու համար այդ է պէտք:
Մեր վերջին շրջանի դիմագրաւած խնդիրները, հայ-թրքական տխրահռչակ արձանագրութիւնները, լաւագոյն արտայայտութիւններէն են այն իրողութեան, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանով ու հայութեամբ մտահոգ մարդիկ կրնան լրիւ տարբեր ուղղութիւններով երթալ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը տարբեր, երբեմն՝ հակադրուած, արժէքային համակարգեր կ՛ընդունին իբրեւ մեկնակէտ, ըսաւ դոկտ. Յովսէփեան:
Սակայն ազգային շահերու հետապնդումը չենք կրնար պատահականութեան թողուլ, չենք կրնար մենք մեզի կամ ոեւէ մէկուն թոյլ տալ, որ փորձարկումներ կատարելով՝ վտանգի ենթարկէ մեր ազգային շահերը, նշեց Յեվսէփեան՝ շեշտելով, որ նման փորձարկումներ կը խնայուին մեր ժողովուրդին, եթէ բոլորս ղեկավարուինք այն սկզբունքով, որ ազգն ու ազգի շահերը գերիվեր կը դասուին բոլոր տեսակի հատուածական կամ տեղայնական նկատառումներէ:
«Ազգի բոլոր հատուածներուն կուռ միասնականութեամբ է, որ կ՛երաշխաւորուի ազգին յաւերժութիւնը» ըսելով՝ եզրակացուց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
Ձեռնարկի երկրորդ բաժինով ցոյց տրուեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան հետ համագործակցող միութեանց եւ կառոյցներու աշխատանքները ներկայացնող տեսաերիզ մը, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ մասնակցութեամբ երգիչներ Յովհաննէս Շահպազեանի, Անի Քրիսթիի եւ Յարութ Փամպուքճեանի:
Երեկոյին հասոյթը՝ շուրջ եօթը հարիւր հազար տոլար: