Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը հմուտ պատմագէտ եւ UCLA համալսարանի հայագիտական ամպիոնի հիմնադիր ու վարիչ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, որուն հետ ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը։ Նկատի ունենալով, որ յարգելի պատմագէտը առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքը, առաջնորդ սրբազանը ընդհանուր ծանօթութիւններ տուաւ անոր բաժանմունքներուն ու բազմաճիւղ աշխատանքներուն մասին։ Զրոյցը ընդգրկեց հայութիւնը յուզող այժմէական հարցեր եւ զարգացումներ։

Այս այցելութեան առիթով, փրոֆ. Ռ. Յովհաննէսեան առաջնորդին հաղորդեց, թէ իր կնոջ՝ բժշկուհի Վարդիթերի զարմիկը՝ Օրէնճ Քաունթիի ազգայիններէն Գրիգոր Կոճոլոզեան, որ երկար տարիներ հաւատաւոր նուիրեալներէն էր Արեւմտեան թեմի ծխական կարգ մը շրջաններու, յատկապէս Ս. Խաչ Մայր տաճարին եւ ապա Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, եւ որ Փետրուար 17, 2010ին կնքեց իր մահկանացուն, իր կտակին մէջ բաժին յատկացուցած է Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից՝ Ազգային Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանին, ինչպէս նաեւ Ֆրեզնոյի Համագաղութային վարժարանին։
Հանգուցեալին կտակին համաձայն, առաջնորդարանին մօտ պիտի հաստատուի «Գրիգոր Կոճոլոզեան կրթական հիմնադրամ»ը, որուն մայր գումարն է 75,000 տոլար. հիմնադրամին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ա. Կիրակոս Մինասեան վարժարանի կարիքաւոր սաներուն։ Ըստ կտակին նաեւ, Ֆրեզնոյի վարժարանին նուէր կը տրուի 20,000 տոլար։
Առաջնորդ սրբազանը, թեմի ժողովականութեան ու կրթական համակարգի պատասխանատուներուն անունով ու անձնապէս, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց յարգելի հիւրին, միաժամանակ օրհնելով յիշատակը հանգուցեալ բարերարին։
Նշենք, որ Հանգուցեալին յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Ապրիլ 25ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Արդար է, որ մեր ժողովուրդը ծանօթանայ հանգուցեալ բարերարին ու անոր վաստակին։
Գ. Կոճոլոզեան ծնած էր Ռուսիոյ Պրիանսք քաղաքը, Փետրուար 10, 1920ին։ Ան հասակ առած է Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ։ Անոր հայրը՝ Գէորգ Կոճոլոզեանը, կու գար Կարնոյ դաշտի (Էրզրումի շրջան) Ծիթող գիւղէն, իսկ մայրը՝ Եփրաքսի Ովեսեան, կարսեցի էր։ Խարքովի մէջ, Գրիգորի հայրը փռապան էր, իսկ ինք կը յաճախէր հայկական դպրոց, մինչեւ անոր փակումը՝ ստալինեան բռնադատութեան տարիներուն։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ ռուսական թեքնիք վարժարանի մը մէջ, վկայուելով իբրեւ մեքենագէտ՝ նախագիծերու պատրաստութեան մարզին մէջ։ Ան ջերմ ընթերցող մըն էր ռուսական ու հայկական պատմական գիրքերու։

1943ին, Բ. աշխարհամարտի տարիներուն, Գրիգորի ընտանիքը, բազմաթիւ ճակատագրակիցներու նման, քշուած է գերմանական ճամբարներ, տաժանակիր աշխատանքի համար։ Պատերազմի աւարտին, բազմաթիւ հայ ընտանիքներու պէս, Կոճոլոզեաններն ալ մերժեցին վերադառնալ ստալինեան լուծին ենթակայ Խորհրդային Միութեան հողերը։ Ոմանք բնակութիւն հաստատեցին Շթութկարթի մօտակայ Ֆունքընքասերնի նախկին զօրանոցին մէջ, ուր ստեղծեցին հայկական «քաղաք-պետութիւն» մը՝ պահպանելով իրենց ու զաւակներուն հայկական ինքնութիւնը, կրօնքն ու մշակոյթը։
Քանի մը տարի անորոշ ապագայի հեռանկարներով տարուբերելէ ետք, տեղահանուած հայերը արտօնութիւն ստացան գաղթելու դէպի հիւսիսային ու հարաւային Ամերիկաները՝ հովանաւորութեամբ Անտուն հայերու հայկական ազգային կոմիտէին (ԱՆՉԱ, գլխաւորութեամբ Ճորճ Մարտիկեանի, զօր. Հայկ Շեքէրճեանի եւ Սուրէն Սարոյեանի)։ Գրիգորի ընտանիքը 1950ին կը հասնի Նիւ Եորքի Սիրաքուս շրջանը, իսկ կարճ ատեն մը ետք կը փոխադրուի Լոս Անճելըս։ Հոն, Գրիգոր մեծ դիւրութեամբ պաշտօնի կը հրաւիրուի օդանաւաշինութեան ճարտարարուեստի մարզին մէջ՝ ծառայելով «ՄըքՏանըլ Տակլըս», ապա նաեւ «Պոյինկ» ընկերութիւններուն։ Ան այս ընկերութեանց մէջ գործած է իբրեւ գործիքներու նախագիծեր ձեւաւորող արհեստագէտ։
Այդ տարիներուն, Գրիգոր գործօն մասնակցութիւն բերած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի կեանքին։ Ան մասնագիտական խորհրդատուութիւն կատարած է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի կառուցման աշխատանքներուն առիթով։ 1990ական տարիներուն, Անահայմ Հիլզի շրջանը տեղափոխուելէ ետք, ան դարձաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքի մէկ անդամն ու իր նպաստը բերաւ եկեղեցւոյ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանին։ Ան միաժամանակ ջերմ աջակից մըն էր Երեւանի մէջ գործող Ռազմավարական ու ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնին, որ հիմնադրուած էր իր զարմուհիի զաւկին՝ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի կողմէ. վերջինը, ինչպէս ծանօթ է, վերանկախացած Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարարը եղաւ։
Իր կեանքի վերջին շրջանին, ան յաջողեցաւ իր ծնողներուն աճիւնները ամփոփել Ֆրեզնոյի «Մասիս» գերեզմանատան մէջ։ Ինք եւս իր վերջնական հանգիստը գտաւ նոյն գերեզմանատան մէջ, իր կեանքի էջը փակելէ ետք Փետրուար 17, 2010ին։
Գրիգոր Կոճոլոզեան իրականացուց իր փափաքը՝ իր ստացուածքները գրեթէ ամբողջութեամբ կտակ ձգելով հայկական կրօնական, կրթական եւ քաղաքային հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու։ Անոնց շարքին են Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանը, Ֆրեզնոյի Համագաղութային վարժարանը եւ Ռազմավարական ու ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնը։