Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Գլխապտոյտը (vertigo) շատ յաճախ պատահող հիւանդագին վիճակ մըն է։ Ան հիւանդութիւն մը չէ, այլ՝ զանազան ախտերու պատճառով յառաջացած ախտանշան մը. ան կրնայ ըլլալ պարզ եւ անցողակի հիւանդութէան մը եւ կամ շատ հիմնական, վտանգաւոր եւ մահացու հիւանդութեան մը բանալին։
Գլխապտոյտը պարզ հարց մը պէտք չէ նկատել։ Գլխապտոյտէ տառապող հիւանդը շուտով պէտք է դիմէ բժիշկին՝ որպէսզի յայտնաբերուի իր հիմնական ախտը եւ կատարուի անոր դարմանումը՝ նախքան անբաղձալի հետեւանքներու յայտնուիլը։
Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը անկարող կ՛ըլլայ ճշգրտօրէն նկարագրելու իր ունեցած այսպէս կոչուած «ԳԼԽԱՊՏՈՅՏ»ը։ Սակայն բժշկականօրէն կարելի է յստակացում մը ընել եւ ըսել, որ ունինք երկու տեսակի գլխապտոյտ.
Ա. Իսկական գլխապտոյտ եւ կամ ականջային գլխապտոյտ (vertigo).
Բ. Ոչ իսկական գլխապտոյտ եւ կամ ոչ ականջային գլխապտոյտ (dizziness), որ կը յառաջանայ մարմնական զանազան հիւանդութիւններու պատճառով։
Իսկական եւ կամ ականջային գլխապտոյտի մասին խօսելէ առաջ պէտք է հասկնանք ականջի կազմաւորումը եւ մեր մարմնի հաւասարակշռութեան պահպանման գործելակերպը։
Մեր մարմնի ֆիզիքական հաւասարակշռութիւնը կը պահուի շնորհիւ մեր մարմնի երեք հիմնական կեդրոններու բնական գործունէութեան. այս կեդրոնները հետեւեալներն են՝ երկու ականջներուն ներքին բաժինները, երկու աչքերը եւ մարմնի մկաններու ու յօդերու զգացողականութիւնը։
Ներքին ականջը կը պարունակէ՝
ա. Երեք կիսաբոլոր խողովակները (semicircular canals), որոնց մէջ զետեղուած են հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական մազմզուկները. ասոնք շրջապատուած են իւրայատուկ հեղուկով մը, որ կը կոչուի ականջաջուր (endolymph). այս մազմզուկներուն միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ լսողութեան ջիղին հետ կ՛ուղղուի դէպի ուղեղ։
Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ՝ մարմնի դիրքին, կացութեան եւ գլխու շարժումներու մասին. հետեւաբար ուղեղը կ՛որոշէ համադրել մարմնին յարմարագոյն ձեւը եւ դիրքաւորումը։
բ. Խալազոն-խղունջը (cochlea), որուն մէջ զետեղուած են լսողութեան ջիղին սկզբնական մազմզուկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողութեան ջիղը։
Հաւասարակշռութեան եւ լսողութեան ջիղերը երկուքը միաձուլուած կը մտնեն ուղեղ։
գ. Անդաստակը (vestibule), ուր կը գտնուին երկու պզտիկ տոպրակներ՝ պարկիկ (saccule) եւ արգանդիկ (utricle), որոնք բարակ անցքերով անմիջական հաղորդակցութեան մէջ են կիսաբոլոր խողովակներուն հետ. այս տոպրակներուն մէջ կը գտնուին կրափոշիներ (otoliths), որոնք ուղեղին հաղորդումներ կը ղրկեն մարմնի ուղղաձիգ (vertical) դիրքին մասին. անոնք բնական պայմաններու մէջ կը մնան անշարժ, նստակեաց հանգիստ վիճակի մէջ, սակայն գլխու որոշ շարժումներով անոնք կրնան տեղափոխուիլ եւ ուղղուիլ դէպի կիսաբոլոր խողովակներ ու խանգարել անոնց գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ յառաջացնել գլխապտոյտ։
Աչքեր եւ տեսողութիւն.
Կիսաբոլոր խողովակներուն տեղեկութիւնները կը բացատրուին ուղեղին կողմէ աչքերու եւ տեսողութեան հայթայթած տեղեկութիւններով։
Մկաններու եւ յօդերու զգացողականութիւն (sensation).
Մկաններէ եւ յօդերէ որոշ զգացողական հաղորդումներ կ՛ուղղուին դէպի ուղեղ՝ որոշ ջիղերու միջոցով. այս դրութեան կարեւորագոյն մասերն են՝ սրունքներուն, բազուկներուն եւ վիզին մկաններն ու յօդերը։ Այս հաղորդումները կը նպաստեն մարմնի հաւասարակշռութեան պահպանման։
Այս երեք կեդրոններու ներդաշնակ գործելակերպը պատճառն է առօրեայ օրինաւոր կեանքի մեր շարժուձեւերուն եւ մեր շրջապատին հետ ունեցած կապակցութեան։ Վերոյիշեալ կեդրոնները կը գործեն անկախ, սակայն միասնաբար անհատը կը պահեն ոտքի եւ արթուն։ Որեւէ խանգարում այս երեքէն մէկուն մէջ՝ կը պատճառէ անհաւասարակշռութիւն, շփոթութիւն, անորոշութիւն եւ կամ այլ խօսքով՝ գլխապտոյտ։
Իսկական գլխապտոյտի (vertigo) պարագային, գլխապտոյտը շարժումի մը խաբկանքն է։ Vertigo բառը կու գայ լատիներէն vertere բառէն, որ դառնալ կը նշանակէ։ Հիւանդը կը գանգատի մարմնական անբնական թաւալումի զգացումէն եւ կամ՝ իր շրջապատի թաւալումէն ու շարժումներէն։ Այս խաբկանք-զգացումը կը զարգանայ շատ արագ հիւանդին մօտ եւ հասնելէ ետք իր գիտակցութեան սահմանին՝ զայն ահազանգի կը մատնէ. ենթական կը կորսնցնէ իր կապակցութիւնը իր շրջապատին հետ եւ կը մնայ անորոշութեան, շփոթի եւ վախի մէջ։ Իսկական գլխապտոյտին կրնան ուղեկցիլ նաեւ զանազան ախտանշաններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ անհաւասարակշռութիւն, նողկանք (nausea), քրտինք, աչքի անբնական շարժումներ, լսողական տկարութիւն եւ կամ խլութիւն, ինչպէս նաեւ՝ ականջաբզզիւն (tinnitus)։ Գլխապտոյտը կրնայ ըլլալ մեղմ եւ կամ ուժգին, մնայուն-երկարատեւ եւ կամ հանգրուանային ելեւէջներով։
Իսկական եւ կամ ականջային գլխապտոյտը կը յառաջանայ երկու հիմնական ձեւերով.
ա. Ներքին ականջի հաւասարակշռութեան կեդրոնի անբնական գործելակերպ։
բ. Հաւասարակշռութեան ջիղի եւ ուղեղի հաւասարակշռութեան կեդրոն-կապերու ախտահարում։
Ներքին ականջի հաւասարակշռութեան կեդրոնի անբնական գործելակերպով յառաջացած գլխապտոյտը կը կոչենք ծայրամասային (peripheral) գլխապտոյտ, որ ընդհանրապէս ենթակայական (subjective) է, այսինքն հիւանդը կը զգայ, որ ինք իր առանցքին վրայ կը թաւալի։ Այս պարագային գլխապտոյտը կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով.
1. Գլխու անակնկալ եւ որոշ մէկ դիրքաւորում։ Այս պատճառով յառաջացած գլխապտոյտը կը կոչուի «անակնկալ գլխու դիրքաւորումի գլխապտոյտ» (positional paroxysmal vertigo), որ կը տեւէ միայն քանի մը երկվայրկեան։
2. Ներքին ականջի ժահրային բորբոքում. գլխապտոյտը մնայուն է ամբողջ ժահրային բորբոքումի տեւողութեան։
3. Ներքին ականջի հարուած-վնաս. գլխապտոյտը մնայուն է մինչեւ հարուածին անհետացումը։
4. Մենիէրեան (Menieres disease) հիւանդութիւն. գլխապտոյտը կը տեւէ ժամեր. անոր կ՛ուղեկցին ականջաբզզիւն եւ լսողական տկարութիւն։
5. Ականջային մանրէական բորբոքումներ. գլխապտոյտը մնայուն է ամբողջ բորբոքումի տեւողութեան. անոր կ՛ուղեկցին ականջաբզզիւն եւ լսողական տկարութիւն։
6. Որոշ դեղերու գործածութիւն։
(Շար. 1)